Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱԶԱՏ ԽՈՀԵՐ «ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ» ԺՈՂՈՎՆԵՐԷ ԵՏՔ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Յ. Պալեան 

            Սեպտեմբեր 2017ին, Հայաստանի մէջ գումարուեցան «համահայկական» բնոյթով խորհրդաժողովներ, համագումար, Հայաստանի եւ սփիւռքեան հարցերով, գրական, բժշկական: Այդ ժողովներու մասին դրական եւ քննադատական խօսքեր կրնանք ունենալ, ըստ հայեցակէտի, եւ այդ բնական է, օգտակար:

Օգտակար չէին զբօսաշրջիկ անխօս եւ անկարծիք ներկաները:

Անուրանալի կերպով ճիշդ է մէկ բան. հայ մարդիկ, որ երկինքին տակ ալ ծնած ըլլան, կը խմբուին միասին ըլլալու, միասին մտածելու, եւ ի հարկին միասին նախաձեռնելու ու գործելու պատրաստակամութեամբ, ինչ որ ասօրուան եւ վաղուան համար ազգի ներքին շաղախ ըլլալու միտում է:

Կան նաեւ այդ խմբուածութեան գիտակցութենէն զուրկ մարդիկ, որոնք սփիւռքեան կացութիւնը անվերադարձ կը համարեն եւ անոր վախճանը անխուսափելի, անցնելէ ետք «ծագումով հայ»ու հանգրուանէն, կորսնցուցած ըլլալով հասարակաց շաղախը:

Ըսի՝ Միտում:

Թէ ինչպէ՞ս այդ միտումը կ’ըլլայ մէկութիւն, միացում, միաւորում եւ գործ, այդ մասին պէտք է խօսիլ, երբ արդէն վարագոյրները կ’իջնեն եւ բարձրախօսները կը լռեն, առօրեան կը մտնէ իր հունը:

Երեւանի «Համալիր»ի տպաւորիչ սրահներուն մէջ համախմբուած հայերը, Ծաղկաձորի բանաստեղծական մթնոլորտ ունեցող Հայաստանի Գրողներու Տան մէջ իրարու քով եկած հայ բանի սպասարկուները, կը խօսին գիր-գրականութեան մասին:

Բոլորի մտածումները  կը բաբախեն հայրենատիրութեամբ, առանց անպայման մեծ ղեկավար կամ մեծ գրող ըլլալու յաւակնութիւններու:

Ըսի՝ հայրենատիրութիւն, չըսի հայրենասիրութիւն, որ սրահներ յուզող հռետորական բաժակաճառերու կրկնուած եզր է, նուազ ծաղրանկարային՝ քան հայուն ցուցադրած հայասիրութիւնը:

Ըստ մեր հոգեխառնութիւններուն, երազներուն եւ հեռանկարներուն, կը դիմաւորենք հայերը համախմբող այս բազմամարդ ժողովները:

Ի հարկէ նոյն գլխուն տակ չենք կրնար դնել Հայաստան-Սփիւռք համաժողովը եւ Գրողներու Միութեան Համագումարը, բայց այդ չի նշանակեր, որ տարբեր ալիքներու վրայ գտնուելով հանդերձ, նոյնութիւններ չկան կազմակերպական եւ խորքային տեսանկիւններէ, որոնց մասին պէտք է խօսիլ ժողովներու գումարումէն առաջ եւ վերջ:

Ժողով մը կ’իմաստաւորուի երբ իր առարկայ-օրակարգը յստակութեամբ բանաձեւուած կ’ըլլայ, յանգելու համար գործադրելի եզրակացութիւն-որոշման մը: Ես ինծի իրաւունք չեմ տար Հայաստան-Սփիւռք համաժողովի տարբեր սրահներու մէջ տեղի ունեցած բոլոր հանդիպումներու եւ զեկուցումներու մասին կարծիք արտայայտելու, քանի որ ես ներկայ եղայ միայն «Հայապահպանում» ընդհանուր բնորոշումով եռօրեայ նիստերուն միայն: Հետաքրքրութեան համար մէկ սրահէ միւսը չշրջեցայ: Այդ նիստերուն տրուեցան ընդհանուր բնոյթով զեկուցումներ, որոնց մէկ մասը ինքնաներկայացման «րըփորթաժ»ի բնոյթ ունէր: Զարմանալի կերպով կը բացակայէին սփիւռք(ներ)ի հայկական վարժարաններու ներկայացուցիչները, չխօսուեցաւ հայապահպանման հարազատութեան համար կենսական գրականութեան եւ հայերէն գիրքի մասին, բայց լայնօրէն ներկայացուեցան համակարգչային-համացանցային կարելիութիւնները հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի ծանօթացման հարցերով:

Լսեցինք: Յետո՞յ: Ոչ վիճարկում եղաւ, հետեւաբար եզրակացութիւն ալ չեղաւ: Համաժողովին մասնակիցը իր լսածը ինչպէ՞ս գործի պիտի վերածէ, միւս մասնակիցները եւ ինք նոյն մտահոգութիւնները պիտի ունենա՞ն, իրենց նախաձեռնութիւնները պիտի ունենա՞ն հասարակաց առաջնորդող ըմբռնում, անպատասխան մնալու դատապարտուած հարցումներ են:

Նոյնը կրնամ ըսել Գրողներու Համագումարին մասին, ուր լսուեցան բազմաթիւ զեկուցումներ, չբանաձեւուեցան առաջարկներ, հետեւաբար նաեւ չկայացան որոշումներ:

Հոս կ’ուզեմ փակագիծ մը բանալ:

Ներկաները եւ բացակաները մէկը միւսէն գերադասելու կամ մէկը միւսին ստորադասելու միտում չունիմ, բայց անըմբռնելի գտայ բացակայութիւնը կարգ մը դէմքերու, որոնք այլապէս օգտակար կրնային ըլլալ Գրողներու Համագումարի ընթացքին:

Խիստ փափաքելի եւ օգտակար պիտի ըլլար, որ Համագումարի կազմակերպման նախօրեակին, Հայ Գրականութիւնը այսօր հետաքրքրող  նպատակային նիւթեր որոշուէին զեկուցումներու համար, որպէսզի անոնց շուրջ վիճարկում ծաւալէր, թերեւս յանգելու համար որոշումներու: Գրականութիւնը ընդարձակ դաշտ է, բոլոր նիւթերու մասին միաժամանակ կարելի չէ խօսիլ:

Հայաստան-Սփիւռք Համաժողովէն եւ Գրողներու Համագումարէն ետք, երբ կը փորձեմ ամփոփել եւ ամփոփուիլ, կը յանգիմ այն եզրակացութեան, որ անոնք օգտակար էին այն չափով որ կը սահմանուի ամերիկեան brain storming-ով:

Ի հարկէ արդար պէտք է ըլլալ: Համաժողով եւ Համագումար լաւ կազմակերպուած էին, հակառակ մասնակիցներու պատկառելի թիւին, իրարանցում չկար: Անուրանալի է նաեւ Հայաստանէն եւ սփիւռքներու հեռու եւ մօտ վայրերէն եկած անձերու հետ ուղղակի շփումներու նպաստը, փոխճանաչման համար, առանց դիւանակալական եւ կանխակալ տրամադրութիւններու բովէն անցնելու:

Հանդիպումներ՝ որոնք կրնան արտակարգ առիթ ըլլալ մեր այսօրը եւ վաղը դիտելու եւ դատելու:

Ամէն անգամ, երբ ինքնաշարժով անցած եմ Երեւանի «Ծովակալ Իսակով»ի անունը կրող փողոցով, խորհած եմ այն մասին, որ ծով չունեցող Հայաստանը Խորհրդային ծովուժի ծովակալ ունեցած էր: Համաժողովին ներկայ էր ժամանակակից հայազգի ծովակալ մըն ալ, այս պարագային ծովերէ անդին ապրող, Չիլիի նաւատորմի հայածնունդ ծովակալը, ինչպէս ֆրանսական գրականութեան Հանրի Թրուայան…

Ինչպէ՞ս մեր միտքերը չտրորել հարցումներով…

Հպարտանա՞լ, ուրախանա՞լ, եւ ինչո՞ւ…

Եւ կրկին մտածեցի:

Մինչեւ ե՞րբ:

Առանց չարչրկելու բառերը, ինքնատպութեան գինովութիւններէ եւ ամպագորգոռ ժողովներէ ետք, ե՞րբ հայրենատիրութիւնը պիտի ըլլայ իսկական գաղափարախօսութիւն եւ հայրենադարձութիւնը անմիջականօրէն գործադրուող օրակարգ:

Եւ ծովակալներու փոխարէն ունենանք ագարակապաններ եւ գործարանատէրեր…

Այս հարցումն ալ չեմ գիտեր որոնց ուղղեմ եւ ինչո՞ւ… brain storming…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles