Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Լեզուական Կատակերգութիւն

$
0
0


Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան

Հայերէն լեզուն տեսակ-տեսակ երանգներ կրնայ ունենալ հոս՝ Երեւանի մէջ: Սուրիացի հա՛յ մը, օրինակ, կ՚ըսէ.- Օ՜, մոպայլիս պաթարիան վերջացաւ: Նոյն մտահոգութեամբ երեւանցի հա՛յը պիտի ըսէ.- վա՜յ, սոտովիս զարյատկան նստեց: Փառք Աստուծոյ, որ բացագանչութիւններն ու բայերը յուշարարի դեր կը խաղան դեռ ու մեզ կը զգաստացնեն, որ խօսողները հայեր են :

***

«Թաշկինակ» կ՚ըսէ եւ լաթի կտոր մը կը ստանայ արեւելահայ խանութպանէն: «Քլինէքս» կը խնդրէ, կրկին չի յաջողիր իր ուզածը հասկցնել դէմինին. ճարահատ ձեռքը քիթին կը տանի, որպէսզի պէտք եղածը հասկցնէ անկարը:
-Անձեռոցի՜կ ե՞ս ուզում:
Արեւմտահայը կը շլմորի, մանաւանդ երբ կ՚իմանայ, որ իր գիտցած անձեռոցն ալ «սրբիչ» կ՚ըլլայ հոս, իսկ մատիտն ու սրբիչը՝ մատիտ ու ռետին: Բառերը երկար կշռելէ, վեր ու վար ընելէ ետք, կը խուսափի արդէն գետնի «սրբոց լաթ» խնդրելէ: Կը մտածէ. «Մարդ ես, լաթի կտորն ալ սուրբերու շարքին չդասուի յանկարծ…»:

***
Վերելակին մէջ
Երկու եղբայր կը կռուըտին, թէ ո՛վ պիտի սեղմէ կոճակը:
-Հատէ՛ կոխէ,- կը բարկանայ մայրը:
Եւ քանի որ դրացուհին եւս վերելակին մէջն է՝ կը զգուշացնէ որ այդ բառը անգամն ալ հոս այսպէս ազատ համարձակ չարտասանէ:
Ամօթէն կաս կարմիր կը կտրի խեղճ կինը:
Հապա եթէ գարշելի միջատին վրայ պիտի …. : Լա՛ւ, չեմ ըսեր:

***

Գրասենեակին մէջ
-Ծանօթացիր, ամերիկահայ իմ լաւ բարեկամս է, գրագէտ է:
– Ինչի՞, մեզ անգրագէտ ե՞ս կարծում,- վիրաւորուած կը պատասխանէ արեւելահայը:

***
Մարշուտնիին մէջ
-Հաճիս հո՛ս կեցիր:
Վարորդը կը շարունակէ քշել:
-Հո՛ս կեցիր կ՚ըսեմ:
Դեռ կը շարունակէ:
Բարեբախտաբար քովը նստող արեւելահայը օգնութեան հասնելով կը բարձրաձայնէ.
-Էստեղ պահի:
Մարշուտնին կը կենայ:
Պահելուն գաղտնիքը այդպէս ալ չի գիտնար շլմորած արեւմտահայը:

***
«Դուռը ծածկիր» լսած էր եօթամեայ Սեւակս:
Հիմա ան անկողինին մէջ պառկած շուարած է. դո՞ւռը ծածկէ, թէ վերմակը:

***
Տղաս ու ընկերը մեր բակին մէջ ոտնագնդակ կը խաղան: Ես վերէն մէյ մը՝ « հատէ՛, շութէ՛». կը լսեմ, մէյ մըն ալ՝ «տաւա՛յ, տշի՛ր»:
Թէ ո՞վ հարուածեց գնդակին ու յաղթեց, ահա այդ մէկը չեմ գիտնար:

***
Անցեալները բարեկամիս հետ կը զրուցէի: Կը պատմէր թէ ի՛նք սակառ կ՚ըսէ՝ երեւանցին չի հասկնար, ան ալ զամփիւղ կ՚ըսէ՝ ինք չի հասկնար: Բարեկամս որոշում կայացուցեր է, որ այսուհետ անգլերէնը որպէս միջնորդ լեզու պիտի գործածէ: Եւ ո՜վ զարմանք առաւել պատուի ու յարգանքի ալ արժանացած է:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles