ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Յունուար 10, 2017
Ծանօթ տիպար մըն է Ֆրանսայի մօտ՝ Ատրպէյճանի դեսպան՝ Էլչին Ամիրպայովը, որ կը պատկանի այլ տարբերակ «Պոյզ Ֆրամ Պրազիլ» դպրոցի մը՝ Ալիեւեան դպրոցին: Այսինքն Այրա Լեւինի նկարագրած նորավէպին մէջ, նազի ապագայ սերունդին փոխարէն, Ատրպէյճանի բռնատէր Ալիեւի թրծած սերունդին մաս կը կազմէ Ամիրպայովը:
Ապրիլ 2016-ին կատարուած այդ վիճաբանութեան ընթացքին, Ամիրպայով բաւական մը զայրացած վիճակի մէջ էր: ԱՆ փորձեց պահել իր պաղարիւնութիւնը, սակայն թէ՛ իր դէմ գտնուող հայ ներկայացուցիչին եւ թէ՛ օրուան զրուցավար լրագրողին դիմաց, պապանձումներ ունեցաւ եւ ժողովրդային լեզուով «գոյն առաւ, գոյն տուաւ»:
Անցեալ Դեկտեմբեր 12-ին, նոյնինքն Ամիրպայով, իր երկրի ղեկավարին հլու եւ հնազանդ, խրտուիլակութիւնը կրկնեց, այս անգամ բողոքի նամակ մը յղելով
Փարիզի 16-րդ շրջանի թաղապետ Քլօտ Կոասքէնին եւ Արեւելքի Վտանգուած Քրիստոնեաներու Համակարգումի, Փարիզեան շրջանի խորհուրդի փոխնախագահ Փաթրիք Քարամին (ծագումով լիբանանցի), անդրադառնալով թէ, Եգիպտոսի քրիստոնեաներուն նուիրուած դասախօսութեան մը ընթացքին՝ նուազ քան մէկ վայրկեան Արցախի հարցը արծարծուած էր եւ այդ ալ միակողմանի ակնոցով՝ դիտուած հայկական կողմէն:
Ամիրպայով տողեր լեցուցած էր այդ երկար-բարակ նամակով, շեշտելով թէ այդ նշեալ դասախօսութեան ընթացքին, Արցախի հարցին արծարծումով՝ անոր կրօնական երանգ տրուած է, բան մը որ վտանգաւոր իրադարձութիւններու դուռ կը բանայ:
Այսպէս, երեք էջերէ բաղկացած նամակին մէջ, Ամիրպայով կը պնդէ թէ Արցախի շրջանը միշտ ալ ազերիներուն պատկանած է եւ թէ 1921-ին, Խորհրդային Միութեան օրերուն, Սթալին այդ շրջանը ո՛չ թէ յանձնած է ազերիներուն, այլ որոշած է արդարութիւն կատարել եւ այդ շրջանին ազերի բնակիչներուն իրաւունքները պաշտպանել:
Բնականաբար, շրջանցելով եւ աղաւաղելով իրականութիւնը, Ամիրպայով կը տեղեկացնէ թէ, հայերը կը կատարեն յարձակումներ Ատրպէյճանի դէմ եւ շարունակ կը խլեն անմեղ զոհեր:
Բնականաբար անպակաս կը մնայ, յառաջիկայ Փետրուարին լուսարձակի տակ առնուող Խոճալուի յերիւրածոյ ջարդը:
Իր նամակին մէջ, իր երկրի եւ բռնատիրոջ հասցէին փաղաքշական յայտարարութիւններն ու արտայայտութիւնները շարունակելով, Ամիրպայով կը նշէ թէ պատմութեան ընթացքին, Ատրպէյճան հանդիսացած է ապաստան՝ ցեղային եւ կրօնական բազմաթիւ փոքրամասնութիւններու համար: Աւելին, ան կ՛եզրակացնէ թէ բազմամշակութային երկիր է Ատրպէյճանը, որ միշտ ալ ճանչցուած է լայնախոհութեամբ, եւ սիրալիր ու միասնաբար ապրելու համակրելի եւ օրինակելի աւանդութիւններով։
Ամիրպայովի այս նամակին պատասխանը յստակ էր: Յունուար 4-ի թուակիր հաղորդագրութեամբ մը. Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը դատապարտած էր Էլչին Ամիրպայովի գործելաձեւը: Սակայն, շատ աւելի ազդեցիկ էր Փաթրիք Քարամի նամակը, որուն մէջ, առանց բառերը ծամծմուելու կը նշուէր.- «Այլեւս կայ իրականութիւն մը, որ ձեր պետութիւնը պէտք է ընդունի։ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը կատարեց իր ընտրութիւնը եւ իւրաքանչիւր առիթով կ՚արտայայտէ զայն։ Կը մերժէ Ատրպէյճանի որեւէ կցում, զոր կը նկատէ իր ապահովութեան եւ ինքնութեան սպառնալիք»: