Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՅ ՄԵԾԱՄԵԾՆԵՐՈՒ ՇՔԵՐԹ՝ ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԷՆ ՆԵՐՍ.- Ռոպէրթ Կարապետեանի Ցուցահանդէսը Նիւ Եորքի մէջ

$
0
0
Զ. Պօղոսեան
Նիւ Եորք
Յունուար 5-ի երեկոյեան, Սուրբ Ծննդեան Ճրագալոյցի արարողութենէն ետք Սուրբ Վարդան Մայր Տաճարի ժամուորներն ու արուեստասէր Նիւ Եորքահայերը հիւրերն էին Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին, միասնաբար ողջունելու Նիւ Եորքահայ համայնքէն ներս ճանչցուած արուեստագէտ-լուսանկարիչ՝  Ռոպէրթ Կարապետեանի ծննդեան 80-ամեակը եւ արուեստի կեանքի նուիրումին 60-ամեակը:
  Հոգեւոր հայրերն ու հիւրերը Սրբազան հօր առաջնորդութեամբ ցուցասրահ հաւաքուեցան դիտելու ե՛ւ հիանալու բազմատաղանդ այս արուեստագէտին անհամար նկարներէն ընտրուած սեւ ճերմակ նկարներու այս հաւաքածոյին:
Առաջնորդ Հայրը իր օրհնութեան խօսքով դրուատեց Ռոպէրթ Կարապետեանի տաղանդն ու բազմազան ներդրումը մեր արուեստի աշխարհէն ներս: Շնորհաւորեց զինք իր ութսունամեայ տարեդարձին ու մասնաւորաբար անցնող վաթսուն տարիներուն արուեստի աշխարհէն ներս իր բերած բազմազան ներդրումին համար:
  Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան սահիկներու ցուցադրութեամբ հանգամանօրէն մանրամասնեց Կարապետեանին կեանքի շրջանները սկսած իր Եղիշէ Չարենցի անուան վարժարանի դպրոցական գրասեղաններէն մինչեւ արուեստագէտին «ՊԱՀԸ» բռնող ոսպնեակէն անմահացած այս գլուխ գործոցները, որ այդ օր պատերը կը զարդարէին: Դոկտ. Մարգարեան իրաւամբ ընգծեց Կարապետեանին աւանդը ըսելով՝ «Ան ազգային պահակ մըն է, գրեթէ հայրենի եւ արտասահմանեան բոլոր թերթերուն մէջ կը գտնէք համայնքի գործունէութիւններուն մասին Ռոպէրթին գործերը»:
  Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի ընտանիքին անունուվ խօսք առաւ Զարմինէ Պօղոսեան: Ան «Խօսք Երախտիքի» վկայագրով շեշտեց թէ ինչպէս Պարոն Կարապետեանի ոսպնեակը արուեստի խորան մը ստեղծած է մեր մեծերուն կեանքէն յանձնելու գալիք սերունդներուն:
             Տիկ. Պօղոսեան երախտագիտութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց  Կարապետեանին, որ անցնող տասնամեակին ան կամաւորապէս  (այսինքն՝  առանց նիւթական ակնկալութեան, որ ամերիկեան կեանքի ըմբռնումով հազուագիւտ երեւոյթ է) իր թղթակցութիւններով եւ նկարներով հայրենի եւ սփիւռքի մամուլին հասցուցած է վարժարանի (Սրբոց Նահատակաց Ազգային Վարժարան) ձեռնարկներուն եւ շրջանաւարտական հանդէսներուն նկարագրութիւնները: Վարժարանը երախտապարտ է այն բոլոր հրաշալի նկարներու շարքին համար, որ Պարոն Կարապետեանի ոսպնեակին նուէրն է վարժարանի արխիւին:
Ցուցահանդէսի բացման հակիրճ  յայտագիրը եզրափակուեցաւ որուան յոբելեար արուեստագէտին ամփոփ եւ ի սրտէ բխող շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքով ուղղուած՝ Սրբազան Հօր հովանաւորութեան եւ Արթօ Որբերեանին այս ցուցահանդէսին կազմակերպչական աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն:
Ներկաները երկար մնացին ցուցասրահին մէջ վայելելու արուեստի սրահին պատերը զարդարող սեւ-ճերմակ նկարներու հրաշալի շարքը:  Անոնք կեանքի կը կոչէին Վահրամ Փափազեանն ու Ազատ Գասպարեանը,  Վեհափառ Վազգէն Ա.-ը, Երուանդ Քոչարն ու Մարտիրոս Սարեանը, Օհան Տուրեանը, Ուիլիըմ Սարոյեանն ու Պարոյր Սեւակը, Գրիգոր Խանճեանն ու Առնօ Պապաճանեանը:  Հանդիսատեսին նայող լուսանկարները վերակենդանացուցին այնպիս պահեր՝ որոնք այլապէս ալ կորսուած պիտի ըլլային: Դիմանկարներու շարք մը այնպիսի երախտաւորներու,  որոնք ոչ թէ նստած էին սպասելով նկարիչին գործիքին «քլիք»ին, այլ նկարիչին աչքն էր որ իր ոսպնեակով անմահացուցած էր «ՊԱՀ»ը:
Մեզի կը նայէին Սիլվա Կապուտիկեանի տագնապահար մտահոգութեամբ մթնցած խորաթափանց աչքերը, Արցախեան օրերէն մէկուն բռնուած, հո՛ն է ահա Ուիլիըմ Սարոյեանի հեռուն նայող բարի ու մանկական նայուածքը: Հապա Վահրամ Փափազեանին Օթելլօ՞՞ն: Նման նայուածք-պահ-նկա՞ր երեւի ուրիշ Օթելլօ խաղացող դերասան չէ ունեցած:
  Բազմատաղանդ եւ չափազանց համեստ այս աուեստագէտը իր բնատուր շնորհները բաշխած է քսան տարեկանէն սկսեալ: Ձեռնադաշնակ (աքորտիոն) նուագող, «Աւանգարդ» թերթի թղթակից է, աշակերտած է Վարդան Աճեմեանի եւ Արմէն Գուլակեանի նման բեմարուեստի վարպետներուն եւ աւարտած՝ Երեւանի գեղարուեստ-թատերական համարսարանի բեմադրութեան բաժինը:
Լուսանկարչական գործիքին կողքին ան նոյնիսկ երանգապնակին եւ վրձինին ապաւինելով նկարած է շարք մը գեղանկարներ եւ ցուցահանդէսով ինքզինք ներկայացուցած է Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Փաշալեան սրահին մէջ՝ 1994-ին:
  1968-էն  2010 ե՛ւ 2016-2017 իր անհատական ցուցահանդէսները տեղի ունեցած են  Երեւանի, Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճելըսի մէջ:
    Կարապետեան բեմ բարձրացած է Ժողովրդական Դերասանուհի Ժենիա Աւետիսեանի Ամերիկեան հիւրախաղերուն (2001-2008) ընթացքին, Ժենիա-Շուշանի կողքին Աբիսողոմ Աղայի դերով:
  Ան նկարահանած եւ պատրաստած է երեք վաւերագրական ժապաւէններ՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն», «Երեւան, եւ «Ճանչնանք Մեր Արուեստագէտները» Երաժշտագէտ – Երգահան Վազգէն Մուրատեանին նուիրուած գործեր:
Ռոպէրթ Կարապետեան մեր համայնքային կեանքը պատմութեան արխիւին յանձնող իրաւ արուեստագէտն է:
  Բարի Տարեդարձ, առողջ տարիներով արգասաբեր երթ կը մաղթենք մեր  յարգարժան արուեստագէտին:

Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles