Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ո՞վ է Աստուծոյ Որդին

Image may be NSFW.
Clik here to view.
«Դուն ես իմ սիրելի Որդիս» (Մր 1.11)

Image may be NSFW.
Clik here to view.

   Նոր Տարուան եւ յատկապէս մեր Աստուծոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան եւ մկրտութեան յիշատակի այս օրերուն, Հօր Աստուծոյ վկայութիւնը մեր Տիրոջ սիրելիութեան մասին, մեզ կը մղէ մտածելու մեր անսակարկ եւ անհատնում սիրոյ մասին, որ մեր ժողովուրդը ունեցած է եւ ունի հանդէպ Քրիստոսի, անոր պատգամներուն եւ բարոյական ըմբռնումներուն:

Հրեշտակներուն տրուած ծննդեան աւետիսը յստակօրէն մեզի կ’աւետէ, թէ Աստուծոյ փառքը միշտ կը տիրէ աշխարհի վրայ, կը ցանկայ խաղաղութիւն եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն: Եւ Քրիստոսի ծնունդէն երեսուն տարի ետք, աստուածային յայտարարութիւնը մարմին կը զգենու, կը դառնայ կեանք եւ պատգամ՝ Քրիստոսի Մկրտութեամբ եւ Աստուծոյ տուած վկայութեամբ, թէ Յիսուսն է իր սիրելի Որդին, որուն կը վստահուի աստուածային ծրագիրն ու առաքելութիւնը, բանալու ճամբան դէպի Աստուած, դէպի յաւիտենական կեանք եւ արքայութիւն:
Որպէս Հայ ժողովուրդ, այս ճամբան ընտրեցինք որպէս մեր կեանքի ճամբան, եւ նախքան ոեւէ ժողովուրդ, Քրիստոսի վարդապետութեան ճամբան վերածեցինք մեր ժողովուրդի կեանքի ուղիին եւ մնացինք հաւատարիմ՝ ուրախ թէ ցաւի օրերուն, յաջողութեանց թէ ձախողութեանց մէջ, կառուցումի թէ քանդումի, կեանքի թէ մահուան օրերուն: Եթէ Քրիստոս սիրելի Որդին է Աստուծոյ, նոյնքան սիրելի եղաւ ու մնաց մեզի համար: Մեր նկարագիրը, ինքնութիւնը եւ մշակութային ժառանգութիւնը միշտ եղաւ քաղցրահունչ շարականը մեր գոյութեան, հաստատապէս գիտակցելով, թէ առանց Քրիստոսի եւ անոր մեզի բերած նոր կեանքին եւ փրկութեան, պիտի մնանք աղքատ եւ մեր ստեղծագործ ոգին պիտի ցամքի իր աւիշէն: Աստուածային պարգեւ ու շնորհք էր մեզի հրամցուածը, որուն պարտական եւ հաւատարիմ մնացինք, Աւետարանը դարձուցինք մեր հայրը, Հայ Եկեղեցին՝ մեր մայրը, ինչպէս Վարդանանք յայտարարեցին անվարան, ու դարեր շարունակեցինք մեր հաւատքի ճամբան, նոյն հաւատարմութեամբ:
Յիսուսի Ծննդեան եւ Մկրտութեան տօնն է Յունուար 6-ը: Պատրա՞ստ ենք լսելու Աստուծոյ վկայութիւնը: Արժանի՞ ենք շարունակելու մեր որդիութիւնը, թէ աշխարհիկ հոգեր մեզ պիտի հեռացնեն այս շնորհքէն, որ դարձաւ մեր ազգային փրկութեան բանալին եւ աղբիւրը՝ մեր ստեղծագործ կարողութիւններուն: Աստուծոյ որդիութիւնը իմաստ եւ նպատակ կ’ունենայ երբ մեր նմանները դարձնենք մեր սիրելիները, երբ սիրենք կարիքաւորը, անկարը եւ բոլոր անոնք, որոնք կը տառապին աշխարհի չարիքներուն դիմաց: Երթանք անոնց եւ ըսենք, թէ դուք էք մեր սիրելի եղբայներն ու քոյրերը, եւ Սուրբ Ծննդեան ու Մկրտութեան առիթով այցի կու գանք ձեզի, «որովհետեւ անօթի էի եւ կերակրեցիք զիս, ծարաւ էի եւ ջուր տուիք ինծի, օտարական էի եւ ընդունեցիք զիս, մերկ էի եւ հագցուցիք ինծի, հիւանդ էի եւ հոգ տարիք ինծի, բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք ինծի» (Մտ 25.35-36):
Մեր պատգամն է, որ հաւատարիմ մնանք մեր հայերու կտակին, անոնց ճշմարիտ քրիստոնեայի ոգիին, Քրիստոսի Աւետարանը դարձնենք ոյժը մեր գոյութեան եւ առաջնորդուինք անոր զօրութեամբ, որուն լաւագոյն վկայութիւնն է մեր յարուցեալ կեանքը, հակառակ դարերու մահասարսուռ վտանգներուն եւ աղէտներուն:
Այո՛, մնանք սիրելի որդիները մեր Աստուծոյն:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:
Թող իր ծնունդը դառնայ վերածնունդ մեր նորոգեալ ուխտին:
Աղօթարար՝

ՕՇԱԿԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

                                         Առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին

Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles