Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հ.Յ.Դ. Նորագիրներ Երդում Տուին Վահան Յովհաննիսեանի Շիրիմին Առջեւ

$
0
0

 

Երեւան.- Տասը երիտասարդներ երդում տուին Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմին առջեւ եւ միացան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն:  Կնքահայրն էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ` դիմելով նորագիրներուն, նշած է, թէ անոնց կեանքը պիտի փոխուի Հ.Յ.Դ.-ի շարքերը համալրելէ ետք, եւ անոնք այլեւս միայն լոկ իրենց անձին համար պիտի չապրին, այլ պէտք է ապրին մեր ժողովուրդին, հայրենիքի խնդիրներով եւ այդ խնդիրներուն լուծման համար ոչ մէկ ջանք պէտք է խնայեն:

«Ձեզի համար այս օրը յիշարժան պիտի ըլլայ, որովհետեւ դուք երդում  կու տաք Հ.Յ.Դ. պատմութեան վերջին ժամանակաշրջանի ամէնէն պայծառ դէմքերէն մէկուն` Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմին առջեւ: Մենք վստահ ենք, որ Վահանի հոգին մեզի հետ է, եւ ամէնէն ուրախը այսօր Վահանն է: Երբ մեծերը կը հեռանան, տարիներու ընթացքին անոնց կորուստը աւելի ու աւելի զգալի կը դառնայ: Այսօր Վահանին տեղը շատ կ՛երեւի, պակասը շատ զգալի է, եւ դաշնակցական մեր ընտանիքին համար կարեւորագոյն մխիթարութիւնը այն է, որ դուք կու գաք` այդ պակասը լրացնելու», ըսած է Ռուստամեան` դիմելով նորագիրներուն:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles