Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Սրտի Մէջ Գանձեր

$
0
0

Եւ երբ հրեշտակները անոնցմէ հեռանալով երկինք բարձրացան՝ հովիւները ըսին իրարու «Եկէ՛ք երթանք մինչեւ Բեթղեհէմ եւ տեսնենք թէ ի՛նչ է այս եղածը, զոր Տէրը ցոյց տուաւ մեզի»։ Եւ փութով անոնք եկան ու գտան Մարիամն ու Յովսէփը եւ մսուրի մէջ դրուած մանուկը։ Եւ ճանչցան զայն այն խօսքէն, որ իրենց ըսուած էր մանկան մասին։ Եւ բոլոր լսողները կը զարմանային այն բաներուն վրայ, զոր հովիւները պատմեցին իրենց։ Իսկ Մարիամ այս ամէնը կը մտապահէր ու իր սրտին մէջ կը խորհէր։ (Ղուկ Բ 15-19)

Հաւանաբար քաղաքակրթութեան պատմութեան ամենանշանաւոր դէպքն է Յիսուս Քրիստոսի ս Ծնունդը, եւ անշուշտ ամենասիրելին, որուն մէջ խտացած են յստակ մանրամասնութիւններ, ինչպէս՝ աստեղազարդ գիշերը, բազմամարդ քաղաքը, խճողուած վայրէ մը յառաջացող ջերմութիւնը, որոնք երբեք չեն թերանար ունկնդիրներու մօտ զգացումներ արծարծելէ՝ նոյնիսկ բազմաթիւ անգամ պատմուելէ ետք։

Տեղահան ըլլալու գաղափարը կրնայ դպչիլ ոեւէ մէկու մը սրտի զարկին, եթէ ան երբեք ապրած է մեկուսացումի, մերժումի եւ ցրուածութեան զգացումը։ Բայց ան կ՛արտայայտէ նաեւ համայնքի եւ պատկանելութեան խորագոյն ճշմարտութիւնը, ուր մեծն ու խոնարհը, տիեզերականն ու աշխարհայինը, բնականն ու գերբնականը, ամէնքն ալ կ՛ընդելուզուին խաղաղ ներդաշնակութեան մը մէջ՝ յարգանքի եւ գուրգուրանքի արժանի մէկ բանի շուրջ, որ է նորածին Յիսուսը։

Եթէ՝ ըստ ոմանց հաստատումին՝ ստոյգ է թէ արեւմտեան մշակոյթի հիմնական առանցքը իտէալական խաղաղ աշխարհի մը իրականացման ձգտումը կը հանդիսանայ, ապա Քրիստոսի ս Ծննդեան դէպքի պատմութիւնը կը ցոլացնէ մարդ արարածի խորունկ յոյսը։

Արդարեւ՝ այնպիսի խոր եւ տիեզերական ձայնալարի մը արձագանգն է որ մեզ կը մղէ ենթադրելու՝ թէ մարդ արարածի գիտակցութեան մէջ միշտ գոյութիւն ունցած ըլլայ ան։ Կրնանք մոռնալ Ծնունդին պատահած ըլլալը երկու հազար տարի առաջ՝ յատուկ պահու մը եւ անոր անծանօթ մնացած ըլլալը դէպքէն երկար տարիներ ետք։ Ս Ղուկաս Աւետարանիչ դէպքի մանրամասնութիւնները գրի առած է Քրիստոսի չափահաս մարդ դառնալէն, առաքելութիւնը ամբողջացնելէն եւ հրաշագործութիւններէն ետք։

Արդ, ո՞վ էր որ այս գեղեցիկ պատմութիւնը առաջին անգամ եղաւ պատմողը։

Ղուկաս Աւետարանիչ ս Ծննդեան պատմութեան վերջաւորութեան կողմնակի ակնարկութիւն մը կ՛ընէ այս մասին՝ ըսելով «Մարիամ այս ամէնը կը մտապահէր ու իր սրտին մէջ կը խորհէր»։ Այնպէս կը թուի թէ Աւետարանիչը վարանումի մէջ է բացայայտ կերպով ըսելու, թէ Մարիամ ամէն ինչ կը յիշէր, զանոնք իր յիշողութեան գանձին մէջ կը պահէր եւ յաճախ կը մտածէր այն հրաշքներուն մասին որոնց ականատես եղած էր։

Հարց կարելի է տալ, թէ ասիկա ըլլայ Ղուկասին ոճը՝ յայտնելու ս Ծննդեան պատմութեան «աղբիւրը»։ Մանրամասնութիւններով շատ ճոխ է անոր պատմածը մանրամասնութիւններ՝ այնքան անձնական որ քիչեր միայն կրնային գիտցած ըլլալ։ Մարիամն էր արդեօ՞ք իր որդւոյն ծննդեան մասին պատմողը Ղուկասին, մինչ ան գրի կ՛առնէր Քրիստոսի աւետարանին իր պատումը։ Մարիամն էր արդեօ՞ք, որ ոեւէ մօր մը նման պիտի չմոռնար այդ ջինջ գիշերը երբ առաջին անգամ գրկեց իր զաւակը։

Եթէ այդպէս է, արդեօ՞ք կարեւոր է շեշտել՝ թէ ս Ծննդեան պատմութիւնը, զոր գիտենք եւ կը սիրենք, հաւանական է որ սկիզբ առաւ ս Աստուածածնի անձնական մէկ յիշողութենէն։ Մարիամ պատեց զայն Ղուկասին, որ գրի առաւ աւետարանին մէջ։ Քարոզիչներ, գրիչներ եւ տպագրիչներ տարածած են այդ դէպքին պատմութիւնը երկու հազար տարուան ընթացքին, մինչեւ անոր փոխանցուիլը մեզի։

Նման է պարագան մեր հաւատքին հետ կապ ունեցող այն բոլոր պատմութիւններուն որոնք տարածուած են Սուրբ Երկրէն՝ հասնելով մինչեւ մեր հայրենիքը եւ աշխարհի բոլոր խուլ անկիւնները։ Իսկ այսօր՝ քսանմէկերորդ դարու լրատուական-լսատեսողական եւ ելեկտրոնական միջոցներով կը սփռուին այս գեղեցիկ եւ գողտրիկ պատմութիւնները նախորդ սերունդներուն երեւակայութենէն վեր եղող միջոցներով։ Ասոնք արդի ժամանակ­ներու յատուկ պատմուածք պատմելու միջոցներն են, զոր եկեղեցին եւս կ՛օգտագործէ ատենէ մը ի վեր, ինչպէս որ անցեալին օգտագործած է գրչագիր մատեաններ, տպագրական մամուլ եւ նախորդող ժամանակներու յատուկ այլ արհեստագիտական նորոյթներ։

Տարբերութիւն չ՛ըներ եթէ միջոցը գրիչն է եւ կամ փիքսէլը, քանի որ ասոնք կը դիւրացնեն հիմնական կամ կարեւոր ձեւը փոխանցելու մեր հաւատքին հետ կապ ունեցող պատմութիւն­ները անձէ անձ։ Ինչպէս ս Աստուածածնի պարագային՝ սրտի մէջ անթեղուած գանձեր, սիրոյ զգացումով փոխանցուած, դարձան հիմքը համայնքի հաւատքին, որ յարոյց մարդ­կութիւնը բարձրագոյն ձգտումի մը։ Արդարեւ՝ ս Ծննդեան պատմութեան մեր հակամէտ ըլլալու եւ հակազդելու կարողութիւնը կը հաստատէ մարդ արարածի հոգեղէն նկարագիրը։

Մարդու հոգեղէն բնութեան մասին այս թելադրանքը – ի մասին Աստուծոյ իսկութեան, եւ պատմութեան ու մեր կեանքին մէջ անոր սիրագորով ներկայութեան – Քրիստոսի ս Ծննդեան պատմութիւնը կը վերածեն զօրաւոր եւ կենսատու ոյժի մը մեր աշխարհին մէջ։ Այդ թելադրանքը կը վերանցէ ժամանակաւոր միջոցները՝ մեզ միացնելու համար որպէս Աստուծոյ սիրելի զաւակները ժամանակներէ եւ սահմաններէ անդին եղածներուն։

Այդ թելադրանքը այս տարի եւս եկէ՛ք տօնենք՝ ցնծութեամբ փոխանցելով Քրիստոսի սԾննդեան պատմութիւնը բերնէ բերան, մեր հայերէն հինաւուրց մաղթանքով՝

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի:

Խաժակ Արք. Պարսամեան

Առաջնորդ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles