Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ոգեկոչման առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներուն արձանագրած բացառիկ յաջողութիւնը, որ արդիւնք էր Արժանթինահայ գաղութի բոլոր կազմակերպութիւններու միացեալ աշխատանքին, պատճառ հանդիսացաւ, որ ստեղծուի միացեալ մարմին մը բաղկացած գաղութի բոլոր կազմակերպութիւններէն: Գործադիր յանձնախումբը այս ուղղութեամբ աշխատեցաւ, որպէսզի ստեղծուած մարմինը օրինաւոր հանգամանք ստանայ:
Այս առթիւ Երեթշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին Առաջնորդարանին մէջ, Գիսակ Մուրատեան սրբազան հօր ներկայութեան հանդիպում մը տեղի ունեցաւ եւ բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ: