Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

100, 101, 102, 110, 199… ՅԵՏՈ՞Յ…

$
0
0

Յ. Պալեան

Լաւատեսութեամբ, հաւկուրութեամբ եւ օտարահունչ բառերու ողողումով՝ 199:

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ամեակներով խօսեցանք եւ կը խօսինք: Դեռ պիտի խօսինք: Թուանշանի մը կցուած «ամեակ»ը հնչեղ է, կը տպաւորէ:

Խանդավառուեցանք եւ յուզուեցանք երբ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչում գտաւ պետութիւններու, խորհրդարաններու, քաղաքապետութիւններու կողմէ:

Ի՞նչ բանի ծառայեցին այդ անհետեւանք ճանաչումները:

Քայլ մը անդին երթալով, Ֆրանսայի մէջ կը հետապնդուի Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէական յանցանք համարող որոշումը:

Միացեալ Նահանգներու մէջ, ի չգոյէ պաշտօնական ճանաչման յայտարարութեան, մխիթարական խօսք կը լսուի այն մասին, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է առանց նախագահական պաշտօնական ստորագրութեան: Անպաշտօն ճանաչում: Ի՞նչ հասկնալ:

Ճանաչում եւ հերքում քրէականացող որոշում հետապնդողները իրենց պահանջներուն մէջ տեղ մը արձանագրա՞ծ են, թէ ինչո՞ւ Ցեղասպանութիւն գործուած էր, կը խօսին անոնց մասին որոնք ուղղակի կամ յանցաւոր չեզոքութեամբ մեղսակից եղած էին: Այս «ԻՆՉՈ՞Ւ»ն է հետապնդուած քաղաքական նպատակի առանցքային խնդիրը, առանց որուն կը մնայ տիրացուական մխիթարական խօսքով բաւարարուելու կրկնուող, իրաւազրկուածի ամուլ եւ ամլացնող երջանկութիւնը՝ որ ոչինչ ունի քաղաքական: Հոգեհանգստեան պաշտօն կը յիշեցնէ: Ան ազգին համար ոչ մէկ ձեւով ապագայակերտ է, բախտաւոր պարագային բարձրախօսներու եւ երեւելիութիւններու կարեւորութեան վրայ կ’ուղղէ լուսարձակները: Դեռ հետաքրքրութիւններ ունեցող խմբաւորումները,- զանգուածները ըսել անտեղի պերճանք է,- կրնան զբաղում գտնել, ճաշկերոյթ-երգահանդէսներուն կարգախօսներ կրկնելով:

Այս բոլոր զարդարուած խօսքի իրարանցումներուն մէջ, Հայաստան եւ սփիւռքներ, կը պատահի՞ որ ուղղենք կոշտ հարցումներ, բոլոր անոնց որոնք իրենց ստորագրութեամբ արդարութիւն վճռած էին եւ յանձն առած բզկտուած Հայաստանի վերականգնումը: Չվերականգնելով իրենց յանձնառութեամբ խոստացուած բզկտուած Հայաստանը, անոնք մեղսակից եղած են եւ այսօր ալ են՝ ցեղասպանութեան եւ ազգի մը իրաւազրկման շարունակման:

Այսքան պարզ է «Հայկական Հարց»ի այսօր պարզած պատկերը, որ կը ծանծաղի գութի, կարեկցութեան եւ ցաւակցութեան մածուկի պղտորութիւններուն մէջ, մերժելով գործուած չարիքի սրբագրութեան նախաձեռնութիւնները:

Հայոց լինելութեան պայքարը մատներու արանքէն դիտել տեղ չի հասցներ եւ չէ հասցուցած:

Տեղ մը կանգ պէտք է առնեն անսկիզբ եւ անվախճան հաճոյախօսական կրկներգները, բեմադրութիւնները, թուղթի սպառումը, խօսքերով բաւարարուելու անճարակութեան խոստովանութիւնը:

Ցեղասպանութիւն գործուած էր հողի համար:

Մինչեւ այն ատեն որ հայը հայրենիք չպահանջող ստրուկ էր, կը կեղեքուէր բայց կ’ապրէր: Երբ հայրենիք պահանջեց՝ դատապարտուեցաւ բնաջնջման:

Այդ հողի ԴԱՏը պէտք է տեսնէ միջազգային համայնքը, առանց այդ ԴԱՏի լուծման կեղծիք են ցեղասպանութեան բարեսիրական-մարդասիրական-բարոյական ճանաչումները:

Այսքան պարզ ճշմարտութիւն պէտք է կարենանք ըսել մենք մեզի եւ աշխարհին: Քաղաքական իրատեսութիւն եւ քաջութիւն պէտք է այս ըսելու համար:

Այսօր բռնագրաւուած հայրենիքը պահանջելու փաստական իրողութենէն զանգուածային կերպով հեռու ենք: Յանձնառու փոքրամասնութիւններու ճիգերը անբաւարար են ուժականութիւն տալու այդ պահանջին: Աւելին. այդ պահանջը ոչ միայն ապագայի վրայ բացուող պատուհան պիտի ըլլայ, այլ համոզիչ ըլլալու համար մանաւանդ ներկայի մէջ պիտի արտայայտուի եւ միջազգայնացուի:

Փակագիծ մը: Թուրքիա իր սահմանները կը փակէ Հայաստանի առջեւ, բայց Հայաստանի շուկաները կ’ողողուին թրքական ապրանքներով: Նաեւ սփիւռքներու խանութ-կրպակները: Ո՞ւր է պետական վերաբերումը, ո՞ւր է ազգային եւ քաղաքացիական գիտակցութիւնը:

Իսկ Հայ Դատ եւ բռնագրաւուած հայրենիքի ազատագրում կը չափուին հայրենատիրութեամբ, որ ոչ բարեսիրութիւն է, ոչ նիւթական աջակցութիւն, ոչ տօնախմբութիւններու առիթով արտասանուած ճառ, այլ հայրենադարձութիւն, հայրենադարձութեան կազմակերպում, հայրենալքման խափանում, առանց իյնալու ազգային գիտակցութեան եւ յանձնառութեան աւազախրման արդարացման մէջ:

Հայրենալքման (որուն համար նուազ ցաւցնող եզր հնարած ենք եւ կ’ըսենք՝ արտագաղթ) պարզած պատկերին ականատեսը, մանաւանդ օտարը ինչպէ՞ս կրնայ հաւատք ընծայել Հայ Դատի հետապնդման քաղաքականութեան արդարացիութեան եւ անկեղծութեան: Ինչպէ՞ս հաւատք ընծայել հայկական ջատագովուած պահանջատիրութեան, երբ հեռու եւ մօտ անունը յայտնի եւ անյայտ աշխարհներու մէջ բացակայ է հայրենադարձութեան քաղաքականութիւնը: Եթէ այսօր Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքները եւ գիւղերը բնակուած ըլլային, բնակչութեան խտութիւնը իր բարձր տոկոսով մտահոգիչ ըլլար, բռնագրաւուած Հայաստանի պահանջը բարոյականէ անդին տնտեսական եւ ընկերային կշիռ կ’ունենար:

Գաղտնիք չէ, կը յայտարարուի, որ Հայաստան եւ Արցախ երեք միլիոն բնակիչ ունին: Ազգային իրապաշտ քաղաքականութիւն մը պիտի թելադրէր կազմակերպել բնակեցում, իսկ ան չի կրնար թուղթի վրայ գրուած կամ բեմէն յայտարարուած որոշում ըլլալ: Հայաստան եւ սփիւռքներ կա՞յ նման քաղաքականութիւն: Անով պէտք չէ՞ չափել կառավարութեան եւ իրենք զիրենք ազգի ծառայութեան կոչած կուսակցութիւնները, միութիւնները, կազմակերպութիւնները: Բարեսիրութենէ, զբօսաշրջութենէ երեւելիական մարմաջներէ տարբեր որակի մասին խօսելով:

Պարզապէս տխրութեամբ կարելի է հաստատել որ հայրենադարձութիւնը օրակարգ չէ, իսկ փաստ է հայրենալքման դէմ՝ մեղմ բառով՝ անզօրութիւնը: Եւ ընդառաջ պիտի երթանք համրիչի հատիկներու պէս իրարու յաջորդող ամեակներու հերթական աղմուկին:

Լուռ համախոհութեամբ այս հարցերու մասին չի խօսուիր: Ոչ ներսը, ոչ դուրսը: Ոչ համաժողովներու, ոչ ալ տօնակատարութիւններու ընթացքին: Այս հարցերու մասին խօսիլ ձախողանքի բարձրաձայն խոստովանութիւն պիտի ըլլար: Բայց խոստովանութիւնը չընել աւելի լայն կը բանայ դարպասները նահանջներու առջեւ:

Նահանջներ՝ ինչ կը վերաբերի բնակուած Հայաստաններու խտութեան տոկոսին, սփիւռքներու հայկական նկարագրով համրանքի նուազման, ինքնութեան կորուստ յառաջացնիող ազգային լեզուէն խորթացման: Աստիճանաչափ են հայերու ուղղուած օտարալեզու գիրքերը, թերթերը, լրատուամիջոցները:

Ազգային ապագայատես քաղաքականութիւնը, հրավառութիւններէ անդին, մեր պատմութեան ներկայ ճակատագրական պահուն, զանգուածային հայրենադարձութիւնն է, իրաւունք հետապնդելու ուժ ստեղծող եւ շարունակութեան ապահովութիւն, որ օրակարգ չէ:

Մէկ ամեակէ միւսը ի՞նչ կը կատարուի, ի՞նչ կրնանք ընել եւ ի՞նչ ընելու կամք ունինք: Իւրաքանչիւր սնապարծութիւն շոյող տօնախմբութեան սկիզբը կամ աւարտին այս մասին իսկական հաշուետուութիւն պէտք է ըլլայ, յայտարարութիւններու ազգային բովանդակութեան մասին վկայելու համար:

Հայկական Հարցը ամբողջ մըն է եւ դիրքերու պաշտպանութեան ունելիի ծայրով չի բռնուիր: Տեսիլքով եւ բազուկներով կը բռնուի: Տեսիլք ներշնչողներող եւ բարոյական նշանակութիւն ունեցող օրինակի արժէքով:

Արարատի գագաթի Լուսաւորիչի կանթեղի լոյսով կարելի չէ ջերմանալ Պէյրութ, Փարիզ, Մոնթէ Քարլօ, Լոնտոն, Սթոքհոլմ,Պեվըրլի Հիլզ, Աքափուլքօ, Սիտնի, Մոսկուա, Իրքուցք կամ Շանհկայ նստած:

Դեռ մինչեւ ե՞րբ կրնանք աճեցնել ամեակներու թիւերը:

Չե՞նք վախնար որ օր մը կը գտնուինք ֆրանսացի թատերագիր Քորնէյի բանաձեւին դիմաց, որ ըսած է՝ «կռիւը վերջացաւ կռուող մնացած չըլլալով»*:

Թերեւս այդ վերջի փողը հնչեցնող ալ պիտի չգտնուի:

100, 101, 102, 110, յետոյ եւ մինչեւ ե՞րբ:

Կոշտ հարցումները միշտ կ’անհանգստացնեն: Բայց ինչպէս Մեծն Սոկրատ կ’ըսէր, անոնք աւելի կարեւոր քան անոնց տրուած պատասխանները:

——————-

* «Et le combat finit faute de combattants»Corneille, Le Cid


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles