Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

«ՏԱԶԻՊԱՕ»՝ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻ ԱՐՄԵՆԱԿԻ ՎԵՐՋԻՆ ԳԻՒՏԸ

$
0
0

Ինչե՜ր գիտէ եւ ինչե՜ր կը ցանկայ Կեդրոնականցի Արմենակ:
Հաճոյակատարական գրական ձեռնարկէ մը ետք, Փարիզի մեծ պողոտաներուն վրայ գտնուող սրճարաններէն մին գացինք, մեր գրասէր կէսերուն՝ Էլպիսի եւ Մակարուհիի ընկերակցութեամբ:
– Մաօ Ցէթունկի մահէն ետք, Չինաստանի մէջ արտօնուեցաւ վարչակարգի քննադատութիւնը: Միլիոնաւոր չինացի պարզ քաղաքացիները թերթերու մէջ չէին կրնար գրել, գրաքննութեան մաղ կար, շատեր ալ ընդունելի որակով յօդուած չէին կրնար գրել, եւ զարգացաւ «տազիպաօ»ի ինքնատիպ հրապարակագրութիւնը:
Հազիւ նստած էինք, Արմենակ սկսած էր խօսիլ: Շատ ալ չէինք հասկնար, թէ հայկական դասախօսական երեկոյէ մը ետք ինչո՞ւ Չինաստան հասած էր:
– Ինչե՜ր կ’ըսես նորէն, յոգնեցանք բառերուդ չարչարանքին ականջալուր ըլլալէ, հանգիստ սուրճ մըն ալ պիտի չձգես որ խմենք,- դժգոհեցաւ Էլպիս:
Արմենակ պահ մը լռեց: Բայց ո՞վ կրցած է կասեցնել Կեդրոնականցին, երբ արդէն նստած է ձիուն քամակը:
– Զարմանալի էք: Ի՞նչ ըսին, ինչո՞ւ խօսեցան: Գիրք մը լոյս տեսեր է: Հեղինակն ալ հոն էր: Խօսող երկու բանգէտները գովերգեցին, բայց չըսին թէ ինչո՞ւ կը գովէին: Ըսին որ հեղինակը իրենց բարեկամ էր, զայն վաղուց կը ճանչնային, բայց չհասկցայ թէ ի՞նչ գրական շնորհ, նորութիւն եւ արուեստ գտած էին, եւ սփինքսի պէս նստած գրասէրները ծափակարեցին,- ընդվզումով խօսեցաւ Արմենակ:
– Մարդ, գիտես, որ գրականութեամբ զբաղող չկայ: Հայերէն գիրք գրուած է, ինչո՞ւ չքաջալերել, օրինակ ըլլալու համար ուրիշներու,- շարունակեց Էլպիս:
– Ոմանք չեն խօսիր, ոմանք ալ դրացիին հետ գէշ չըլլալու համար կը լռեն, եւ յետոյ կ’ըսենք որ արժէքաւոր գրող չունինք: Քաջալերանքը որակ չի ստեղծեր:
Ընտանեկան բնոյթ ստացող վէճին վերջ տալու համար, Արմենակին հարցուցի.
– Արմենակ, բոլորովին մոռցանք «Տազիպաօ»ի մասին ըսելիքդ: Ի՞նչ կապ մեր եւ Չինաստանի «տազիպաօ»ին միջեւ:
– Պարզ: Եթէ դասախօսութենէ, երգահանդէսէ, հանրաժողովէ գեղարուեսատական երեկոյէ վերջ, սրահներու մուտքին խոշոր տախտակ մը դրուի, հրաւիրելով «մի ոմն»երը իրենց անստորագիր կարծիքը տալու, բեմայարդար խօսողները կը դադրին իրենց ուղեղը լուացքի պէս քամելէ եւ այլոց ուղեղը լուալէ:
Մակարուհին ետ չմնալու համար, իր կարծիքն ալ տուաւ.
– «Տազիպաօ»ն մշակոյթի մշակոյթ է: Իսկ մենք կը սիրենք բեմերը եւ ընկեր-բարեկամները: Մենք Չինաստանի մեծ պարիսպը չունինք, ունինք կողմնապաշտական պատեր, որոնք կ’արգիլեն «տազիպաօ»ի յանդգնութիւնը սրահի մուտքի եւ ելքի պատին վրայ:
– Տեսա՞ր, Էլպի՛ս, խօսքի ազատութիւնը դէմքերը սպիտակացնող բրնձափոշի չէ: Ինչպէ՞ս այս բացատրել եւ փսփսալ կողմնապաշտական խլութենէ տառապողներուն,- եզրակացուց մտահոգ Կեդրոնականցին:

Մակար ի Գաղիա, Դեկտեմբեր 20, 2016, Նուազի-լը-Կրան
* Dazibao՝ «պատի թերթ»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles