Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՅԵՐԸ ՃԱՐԱՊԼՈՒՍԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

$
0
0


ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Յատուկ «Հայրենիք»ին համար պատրաստուած, յօդուածագիր՝ Աւօ Գաթրճեանի այս ուսումնասիրութիւնները կը ներկայացնեն Սուրիահայ զանազան գաղթօճախներ եւ անոնց ետին գտնուող հարուստ պատմական անցեալը:
Նաեւ, շաբաթներու վրայ երկարող «Հայերը Սուրիոյ Պատմութեան Մէջ» յօդուածաշարքը կ՛ընդգրկէ կարգ մը անտիպ նկարներ, որոնք կը պատկանին յօդուածագրին, որ սոյն ուսումնասիրութեան համար օգտագործած է Սուրիոյ տարածքին մեր շրջագայութեան ընթացքին հետազօտական, ականատեսի եւ ականջալուրի ու մանաւանդ անձնական գրադարանի արխիւներ, նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի արխիւային նիւթեր եւ այլ հրատարակութիւններ:

Ճարապլուս (արաբ.՝ جرابلس‎‎‎‎) քաղաքը կը քտնուի Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան մասը, Հալէպի նահանգի Ճարապլուսի գաւառին մէջ: Համանուն շրջանի կեդրոնն է:
Քաղաքը տեղակայված է Հալեպի մարզի հիւսիս-արեւմտեան հատուածին մէջ՝ Եփրատ գետի աջ ափին, Եփրատի հովիտէն երկու քլմ. հեռաւորութեան վրայ: Մօտ է թրքական սահմանին: Արաբ Բունարի եւ Մումպուճի միջեւ: Բարձրութիւնը ծովի մակարդակէն կը կազմէ 367 մ։
Ճարապլուս քաղաքէն 95 քմ հարաւ-արեւմուտք կը գտնուի նահանգի կեդրոն Հալէպը, իսկ մայրաքաղաքէն հեռու է 393 քմ:
Օդը մաքուր է ու առողջապահական դիւրութիւններ կ’ընծայէ: Տեղացի ժողովուրդը առ հասարակ երկրագործութեամբ կը զբաղի:
Իբրեւ ըմպելի ջուր կը գործածեն Եփրատի ջուրը, որ երբեմն վտանգաւոր կը դառնայ, ձմեռ ատեն անակնկալօրէն յորդելուն պատճառաւ:
Ճարապլուսի շրջանին մէջ կը գտնուի աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկը՝ Գարկամիշի աւերակները:
Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին Ճարապլուսը նաեւ եղած է այն գլխաւոր գաղթավայրերէն մէկը, որ ապաստան եղած է արեւմտահայաստանէն բռնագաղթողներուն:

Գարկամիշ

Համայնքը ունեցած է աղիւսաշէն եկեղեցի մը եւ Ազգ. վարժարան մը:
Տէր Ստեփան Ա. քահանայ Ղազարեան (1879-1954) Ազգ. Իշխանութեան ու կրօնական Ժողովին փափաքին ընդառաջելով հովուական ու կազմակերպչական աոաքելութեամբ այցելու հովիւ նշանակուած է եւ կազմակերպած է Ճարապլուսի թաղականաթիւնը:
Ճարապլուսի մէջ տասնեակ հայ ընտանիքներ բնակութիւն հաստատած են: Հայ համայնքի զաւակներուն գլխաւոր զբաղումը եղած է իրենց արհեստը իրագործել, բաւարար չափով գոհացնելով իրենց հետապնդած նպատակը: Եղած են նաեւ փոքր առեւտրականներ, բժիշկներ եւ այլ դասակարգերու պատկանող անձեր:
Ըստ 1930-ի տուեալներուն Ճարապլուսի հայ բնակչութիւնը կը հաշուէր շուրջ 250 տուն, բոլորը պերէճիկցի, բացի 5-10 տուն այթապցիներէ: Իսկ Բերիոյ Թեմի 1945-1947-ի տուեալներուն Ճարապլուսի հայ առաքելական բնակչութեան ընդհանուր թիւը եղած է 1024 հոգի (438 իգական, իսկ 586-ը արական): Իսկ 1949-1950-ի վիճակագրութեան տուեալներու համաձայն Ճարապլուս 633 անձ ունեցած:
Ճարապլուսի հայ համայնքը կը բաղկանար երեք յարանուանութիւնէ՝ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական, առանձին եկեղեցիներով. իր դրուածքով իւրայատուկ էր առաքելական եկեղեցին՝ աղիւսաշէն, որ ունէր մնայուն հովիւ մը:
Հայ Կաթողիկէ Ս. Սիրտ Յիսուսի եկեղեցին, կառուցուած էր 1933-ին: Հետագային, շրջանի հայ կաթողիկէ բնակչութեան հեռացումով եկեղեցին գործելէ դադրած է:

Ճարապլուս եկեղեցիին դիմաց, 1957-ին

Աւետարանականներու թիւին նուազումը պատճառ կը դառնայ, որ միայն Հալէպէն ուղարկուած պարբերական հովիւներու այցելութիւններով գոհանան:
Համայնքը ունէր երկու առաքելական եւ մէկ կաթողիկէ վարժարաններ:
Ճարապլուսի Ազգային վարժարանը ղեկավարուած է Ուսումնական խորհուրդի մշակած ծրագրին կէտ առ կէտ գործադրութեամբը: 1930ականներուն աղիւսաշէն եկեղեցին, որ նաեւ իբրեւ վարժարան կը ծառայէր, ունէր 130 աշակերտներ, 47 աղջիկ, 83 մանչ: Մանկապարտէզի բաժինը կը բաղկանար 64 աշակերտէ. մնացեալը 66 հոգի, կը յաճախեն նախակրթարան: Տնօրէնի պաշտօնը վարած է Հալէպի Կրթասիրաց վարժարաններու տնօրէն՝ Գրիգոր Էքմէքճեան:
Ըստ 1945-1947 ուսումնական տարեշրջանի տուեալներուն Մեսրոպեան-Վարդանեան աշակերտութեան թիւը եղած է 176 (97-ը մանչ 79-ը աղջիկ):
Հայ Կաթողիկէները ունէին «Յովսէփեան» վարժարանը, ըստ 1951-ի տուեալներուն վարժարանը ունեցած է 42 երկսեռ աշակերտ, եւ 4 ուսուցիչ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) հովանիին տակ կը գտնուէր Վարդանեան վարժարանը, ըստ 1949-ի տուեալներուն ունէր 160 երկսեռ աշակերտներ եւ բացի մանկապարտէզէն, նախակրթարանի 5 կարգեր: Իսկ 1951-ի տուեալներուն՝ 113 երկսեռ աշակերտ, եւ 5 ուսուցիչ:
Ճարապլուսի մէջ գործած են ստորեւ տրուած միութիւնները, որոնց աշխատանքները ընթացած են աշխուժ ու կայտար ձեւով:
– Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (Ս.Օ.Խ.) Ճարապլուսի մասնաճիւղը հիմնուած է 19 յուլիս 1929-ին, սակայն կարգ մը դժուարութիւններու պատճառով կազմալուծուած է: Մասնաճիւղը իր տիկնանց յանձնախումբով առողջապահական մեծ գործունէութիւն ծաւալած է: Տեղւոյն Ազգային վարժարանին ալ մեծ նպաստ կ’ունենայ:
Ըստ 1935-ի տուեալներուն մասնաճիւղը կը հաշուէր 27 անդամ: 1939-1940-ին՝ 123 անդամ: 1942-ի կազմալուծ վիճակէն ետք կարգ մը ժրաջան աշխատանքով մասնաճիւղը կը վերակազմուի 28 անդամներով:
– Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Ճարապլուսի մասնաճիւղը հիմնուած է 1934-ին, ունեցած է սկաուտական կազմ եւ ֆութպոլի խումբ: Մասնաճիւղը մինչեւ իր կազմալուծումը գրեթէ ամէն տարի մասնակցած է միջ-մասնաճիւղային մրցումներուն:
– Հայ երիտասարդաց ընկերակցութիւնը (Հ.Ե.Ը.) հիմնադրուած է 1937-ին: Ակումբը գործած է Վարդանեան վարժարանի սրահէն ներս: Մասնաճիւղը ունեցած է սկաուտական շարժում 65 անդամներէ բաղկացած: Առաջնակարգ փողերախումբ մը: Իսկ մարզական բնագաւառին մէջ ունեցած է ֆութպոլի խումբ մը:

Ճարապլուսի Հ.Ե.Ը.-ի ֆութպոլի խումբը

Ճարապլուսի ընտանիքներէն էին Կրպոյեանները, Թորոսեանները, Հերարտեանները, Պարսումեանները, Խարաճեանները, Պալապանեանները, Խտրլարեանները, Օհանեանները, Նէրսէսեանները եւ այլն:
Շրջանին մէջ հայաթափման պատճառով Բերիոյ Թեմի Ազգային իշխանութեան կարգադրութեամբ կարգ մը Ազգային կալուածներ վաճառուած են:
2011-ին Սուրիոյ մէջ ծայր առած պատերազմին պատճառով եւ աշխարհագրական ռազմավարական մեծ նշանակութեան համար Ճարապլուս պիտի դառնար փախումային թատերաբեմ:
Մէկ կողմէն սուրիական բանակը, միւս կողմէն ծայրայեղ իսլամականներ, քրտական ջոկատները եւ թրքական հրասայլերու Սուրիայ ներս թափանցում:
Այստեղ տեղին է նշել, թէ թրքական զօրքերուն այս արարքը պատահական չէ, նոյնիսկ եթէ անոնք յայտարարեն, որ իրենց գործողութիւնները կը նպատակադրեն ՏԱՀԷՇի դէմ կատարուծ գործողութիւններ: Ակնյայտ իրողութիւն է, թէ Թուրքիոյ այս քայլը առաջնային եւ հիմնական մէկ նպատակ կը հետապնդէ քրտական ջոկատները առնել իր հակակշռին տակ, որոնք աւելի կանուխ յայտնած էին, որ մտադիր են Ճարապլուս մտնել եւ տիրապետել ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ունեցող եւ Թուրքիոյ հետ հիմնական ճանապարհ համարուող այդ կէտին վրայ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles