Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ 7-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

$
0
0

ԹԵՀՐԱՆ («Ալիք»).-  Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբի անդամներով ժամանեց Թեհրան, մասնակցելու համար Միջ-եկեղեցական եւ Միջ-կրօնական ժողովներու: Նաեւ նշուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան քսանամեակը:
Նորին Սրբութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մայրաքաղաքի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ «Կրօնքներու Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոն»ի Նախագահին, Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանի, Սպահանի եւ Հարաւային Իրանահայութեան պետական ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Ճորճ Աբրահամեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Վարդան Վարդանեանի, թեմական եւ ազգային ներկայացուցիչներու եւ զանազան միութիւններու պատասխանատուներուն կողմէ:
Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերակցին Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յանձնախումբի ատենապետ՝ Նորա Պայրաքտարեան եւ Սուրիահայութեան պետական ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան:
Օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ներկայ բազմութեան ուղղելով ըսաւ. «Փառք եւ գոհութիւն կը յայտնենք առ բարձրեալն Աստուած, որ անգամ մը եւս առիթը ունեցանք այցելելու Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն եւ ըլլալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Մենք կազմակերպուած համայնք եղած ենք Իրանի մէջ, եւ պատմութեան ընթացքին մեր գործօն մասնակցութիւնը բերած այս օրհնեալ երկրի զարգացման մէջ: Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ մեր Աթոռին յարաբերութիւնը միշտ եղած է անմիջական եւ հիմնուած՝ փոխադարձ յարգանքի վրայ»: Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13-ին սկիզբ առաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն կատարած այցի առաջին օրը: Արդարեւ, Նորին Սրբութիւնը ընկերակցութեամբ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանի, Թեհրանի Հայոց Թեմի Թեմական Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն եւ իր շքախումբի անդամներուն, այցելեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ Հաղորդակցութեան կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ կազմակերպութեան նախագահին եւ Կրօնքներու երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնի նախագահին եւ պետական զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ:

Վեհափառ Հայրապետը Մշակոյթի եւ Հաղորդակցութեան կազմակերպութեան «Հուսէյնիէ Ալ Զահրա» դահլիճին մէջ պաշտօնապէս բացումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն-Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան 7-րդ համագումարին, որ կը կրէ «Տարածաշրջանին մէջ ծայրայեղութեան ու բրտութեան կանխարգելման գծով կրօնական բարոյագիտութեան եւ բանականութեան դերը» խորագիրը:
Նորին Սրբութիւնը իր բացման խօսքին մէջ յիշեց, թէ կրօնքներու միջեւ երխօսութիւնը անմիջական պէտք մըն է, աւելի համերաշխ ու առողջ ընկերութիւն մը ունենալու համար: Վեհափառ Հայրապետը յիշեց նաեւ, թէ. «այս փոքր աշխարհին մէջ չենք կրնար ապրիլ առանց փոխ-յարաբերութեանց ու փոխադարձ յարգանքի: Որպէսզի կարենանք ապրիլ, գործել եւ յառաջդիմել միասնաբար, փոխադարձ հասկացողութիւնը կը նկատենք կենսական»:
Համագումարին վերջին օրը՝ Դեկտեմբեր 14-ին, քննարկման առարկայ դարձան «կրօնի եւ բռնութեան զանազան եւ հասարակական ազդեցութիւնը», «զիրար ընդունելու եւ ծայրայեղականութեան ու բռնութեան դէմ պայքարին մէջ կրօնաւոր պետերու դերը՝ խաղաղութիւն եւ փոխադարձ յարգանք տարածելու», «յարգելով մարդու իրաւունքները՝ կանխել կրօնի սխալ ընկալումը» եւ սոյն նիւթերուն առնչուող կարգ մը թեմաներ:
Երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ երկու համայնքներու համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտելով հանդէս եկան Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան կազմակերպութեան նախագահ դոկտ. Ապուզար Իպրահիմի եւ Կրօնքներու երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի նախագահ դոկտ. Մուհամմետ Մեհտի Թասխիրի, Իրանի Փիլիսոփայութեան միութեան նախագահ Ապտուլհիւսէյն Խոսրոփանահ, Սպահանի եւ Հարաւային Իրանի հայութեան պետական ներկայացուցիչներ՝ երեսփոխան Ճորճ Աբրահամեան եւ դոկտ. Կարէն Խանլարեան, Իսլամական դաւանանքներու համալսարանի տնօրէն դոկտ. Ահմատ Մոպալեղին, Կրօնքներու եւ դաւանանքներու համալսարանի տնօրէն դոկտ. Ապուլհասան Նաւաբ եւ սուրիահայութեան պետական ներկայացուցիչ երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան:
Կաթողիկոսը իր փակման խօսքին մէջ շեշտեց, թէ «սոյն երկխօսութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է քով-քովի գալու, իրար լսելու եւ մեր կեանքը յուզող տագնապներուն ու դժուարութիւններուն համատեղ լուծում առաջարկելու: Բոլոր տեսակի ծայրայեղութիւնները կը վտանգեն մարդկային ընկերութիւնները: Երբ մենք՝ քրիստոնեայ թէ իսլամ, մեր ըմբռնումներուն եւ գործունէութեանց մէջ ըլլանք հաւասարակշռուած, այդ ժամանակ համագոյակցութեան քաղցրագոյն մթնոլորտը կը ստեղծենք մեր կեանքերէն ներս: Կրօնքներու առաջնորդները մեր ընկերութիւններէն ներս համերաշխութեան տարածման հրաւիրուած են լծուելու: Մենք, որպէս հոգեւորականներ, կրօնքներու առաջնորդներ, պէտք է մեր կարելին ընենք աղօթքով, խօսքով թէ գործով կասեցնելու համար ներկայ ընկերութիւնը յուզող ամէնէն տագնապալի երեւոյթը՝ ահաբեկչութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը»:
Համագումարի աւարտին կարդացուեցաւ ժողովէն բղխած 9 կէտերէ բաղկացած հռչակագիրը, ուր մասնաւորապէս կը շեշտուէր, թէ ժողովի մասնակիցները «կը դատապարտեն ամէն տեսակի բռնութիւն կամ ահաբեկչական գործողութիւն, որ պատճառ կը դառնայ ժողովուրդի տարագրութեան կամ ցեղասպանութեան»:
Կողմերը սոյն համագումարը շահեկան նկատելով, որոշեցին ապահովել երկխօսութեան շարունակականութիւնը, սահմաններու ընդլայնումով հասնելու համաշխարհային մակարդակի:
Յայտնենք, որ կողմերու յաջորդ հանդիպումը որոշուեցաւ կայացնել 2018 թուականին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:
Թեհրանի մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր շքախումբին անդամներուն հետ ուղղուեցաւ Թեհրանի Սուրբ Սարգիս Մայր եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ «Կանոնական» աղօթք:
Նորին Սրբութեան դիմաւորելու եկած էին զանազան պատկան մարմիններու, յանձնախումբերու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, դպրոցական աշակերտ-աշակերտուհիներ, սկաուտներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ: Աշակերտներու կողմէ մատուցուած աւանդական աղուհացի օրհնութենէն ետք Վեհափառ Հայրապետը «Հրաշափառ»ով մուտք գործեց Մայր Եկեղեցի, ուր հանդիսապետեց կանոնական աղօթքին:
Աղօթքի արարողութենէն ետք Թեմին անունով խօսք առաւ Թեհրանի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք խօսեցաւ Վեհափառ Հայրապետին աւելի քան 20 տարիներու վրայ երկարող ծառայութեան մասին, բնորոշելով 20 տարուայ Կաթողիկոսութեան շրջանը որպէս «անսակարկ ծառայութեան» ժամանակամիջոց:
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը ուղղելով ներկայ հաւատացեալներուն խօսեցաւ Իրանի զարգացման մէջ իրանահայութեան ունեցած ներդրումին մասին, ըսելով, թէ երկու ազգերու միջեւ գոյութիւն ունեցող «կրօնքներու, մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու ներդաշնակ գոյակցութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան սահմաններէն ներս, պէտք է օրինակ դառնայ նաեւ այլոց»: Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը աւարտեց գնահատելով Թեհրանի Հայոց Թեմի աշխատանքներն ու հայապահպանման գործին մէջ ունեցած անոնց ներդրումը:
«Կանոնական» Աղօթքէն անմիջապէս ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը բարձրացաւ Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճ, ուր ընդունեց հաւատացեալ ժողովուրդին աջահամբոյրը:
Թեհրանի Սուրբ Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ. Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իրեն առընթերակայ ունենալով Ատրպատականի Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանն ու Թեհրանի Թեմի առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը:
Բազմահարիւր հաւատացեալներու կողքին արարողութեան ներկայ էին նաեւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Նորընտիր Պատգամաւորական Ժողովի ատենապետն ու Թեմական Խորհրդի ներկայացուցիչները եւ շրջանի մարմիններու ներկայացուցիչները։
Իրանի Հայոց երեք Թեմերու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին անունով խօսք առաւ Թեհրանի Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, որ իրանահայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, իր կատարած հովուապետական օրհնաբեր այցելութեան առիթով:
Նորին Սրբութիւնը, իր պատգամի սկզբնաւորութեան, բարձր գնահատեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան շրջաններէն ներս ծառայող առաջնորդ սրբազանները, հոգեւորականաց դասը, ինչպէս նաեւ շրջաններէն ներս գործող ազգային բոլոր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները:
Իր պատգամին ընդմէջէն Վեհափառ Հայրապետը հրաւէր կարդաց ժողովուրդին համախմբուելու Եկեղեցւոյ շուրջ, ըսելով. «Մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին իր տունէն առաջ Աստուծոյ տունը շինեց: Ահա թէ ինչու մեր ժողովուրդին համար Եկեղեցին դարձաւ նախապատիւ տուն, հոգեւոր ու ազգային վերանորոգութեան անզուգական ծննդավայր, ու մեր ազգը դէպի յաւերժութիւն տանող լոյս ճանապարհ: Եկեղեցաշինութիւնը մեր ազգային ինքնութեան մաս կը կազմէ: Գմբէթ բարձրացնելով կամ Աստուծոյ տաճարը նորոգելով մենք կը բարձրացնենք մեր հոգին առ Աստուած եւ կը նորոգենք մեր հոգեիմացական կեանքը»:
Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը աւարտեց կոչ ուղղելով՝ առաւել աղօթելու, աւելի հաւատալու եւ բազում բարիք գործելու, որպէսզի մեծապէս պայծառակերպուի ու ծաղկազարդի մեր Եկեղեցին եւ մեր ժողովուրդը:
Յաւարտ Ս. եւ Անմահ պատարագին Եկեղեցական խորհուրդը սիրոյ սեղանով պատուեց Նորին Սրբութիւն. սիրոյ սեղանին մասնակից դարձան նաեւ Վեհափառ Հայրապետի շքախումբը, Թեմական առաջնորդները եւ զանազան կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Նախաձեռնութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան ու Վեհափառ Հայրապետի ընդունելութեան յանձնախումբի, «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէգեան» դահլիճին մէջ սիրոյ սեղան պատրաստուեցաւ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:
Սիրոյ սեղանի բացման խօսքը կատարեց Թեհրանի Թեմի Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Ժոզէֆ Մեհրապեան: Ապա հերթաբար խօսք առին Սուրիահայութեան պետական ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Սպահանի եւ Հարաւային Իրանահայութեան պետական ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Ճորճ Աբրահամեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Վարդան Վարդանեան, Ատրպատականի Թեմի Թեմական Խորհուրդի անդամ Արմինէ Վահրամեան, Թեհրանի Թեմի Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Ռուպիկ Կարապետեան, որոնք իրենց խօսքին մէջ ողջունելով Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակը, կարեւորութեամբ անդրադարձան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգանուէր եւ հայանպաստ գործունէութեան:
Խօսք առաւ նաեւ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը, որ յուշանուէր յանձնեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:
Սիրոյ սեղանի փակումը կատարեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որ իր խօսքին մէջ յիշեց, թէ «նոյնիսկ եթէ վարչական հասկացողութեամբ տարբեր երեք թեմերու կը բաժնուի Իրանահայ գաղութը, մեզի համար գոյութիւն ունի մէ՛կ իրանահայութիւն՝ որպէս մէ՛կ ամբողջութիւն: Իրանահայ երեք գաղութներն ալ իրենց ամբողջութեան մէջ մէ՛կ են, որովհետեւ նոյն հասարակաց հարցերը, մտահոգութիւնները, մարտահրաւէրները կ՚ապրին եւ բնականաբար աշխատանքներն ու ծրագիրները անհրաժեշտ են որ միասնաբար դիտուին, քննարկուին, արժեւորուին՝ յարգելով իւրաքանչիւր թեմի ներքին դրուածքը»: Աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայութեան նուիրումին մասին խօսելով, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ համար անձը իր մէջ արժէք չէ, այլ արժէք կը դառնայ, երբ իր հոգիէն, սրտէն, մտքէն կայծ մը, հմայք մը, տեսիլք մը, ոգի մը կու տայ ի խնդիր հաւաքականի, եւ այդ հաւաքականը մեր Հայրենիքն է, մեր Ազգն է, մեր Եկեղեցին է: Մեր անձերէն վեր ու վեհ հաւաքականը մենք ունինք, որպէս մեր ծառայութեան առաքելութեան դաշտը»:
Աւարտին ներկաներ դարձեալ շնորհաւորեցին Նորին Սրբութեան գահակալութեան քսանամեակը եւ սիրոյ սեղանը վերջ գտաւ Վեհափառ Հայրապետին պահպանիչով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles