Ասատուր Կիւզելեան
Լոնտոն
Այս է խորագիրը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած՝ աւելի քան 500 մեծադիր էջերէ բաղկացած գիրքին, որուն հեղինակն է անուանի լուսանկարիչ, մեծ հայրենասէր Հրայր Բազէ Խաչերեան։ Գիրքը, որ ձօնուած է հեղինակի մեծ ծնողներուն, Պետրոս Պապեան Պապիքեանին, Կիւլիզար Չոլաքեանին, Ներսէս Խաչերեանին եւ Սուլթան Մամիկոնեանին, առաջին անգամ հրատարակուած է Հրայր Բազէ Խաչերեանի ծախսով։ Երկրորդ հրատարակութիւնը հովանաւորած են Տէր եւ Տիկին Հայկ եւ Էլզա Տիտիզեանները , որոնք հեղինակին հասցէագրած իրենց շնորհաւորական խօսքին մէջ ըսած են.-
«Մեր սրտագին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Հրայր Բազէ Խաչերեանին՝ իր երկար տարիներու անզուգական նուիրումին եւ յարատեւութեան համար, որուն շնորհիւ լոյս կը տեսնէ պատմական բացառիկ արժէք ներկայացնող այս գործը, որ մեծապէս պիտի գնահատուի հաւասարապէս հայ եւ օտար ընթերցողներուն կողմէ։
«Թող մարդկութիւնը յիշէ բոլոր այն մարդերը, կիներն ու երեխաները, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան ընթացքին. յուսանք որ պատմութեան մէջ նման արարքներ չեն կրկնուիր եւ մարդկութիւնը կը սորվի ապրիլ համատեղ, փոխադարձ յարգանքով խաղաղ ու ներդաշնակ մթնոլորտի մը մէջ, յաղթահարելով կրօնական, ցեղային եւ մշակութային ամէն տարբերութիւն»։
Հրայր Բազէ Խաչերեան ծնած է 1961ին։ Մեծ հայրը՝ ծնունդով զէյթունցի՝ փրկուած է Ցեղասպանութենէն եւ հաստատուած Պէյրութ, Հրայրի ծննդավայրը։ Բազէ 1984ին հեռացած է Լիբանանէն եւ հաստատուած՝ Գանատա։ Ան առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 1992ին եւ ականատես եղած՝ յանուն անկախութեան արցախահայութեան մղած հերոսական պայքարին։ 1993ին, նախքան Արցախէն մեկնիլը, Հրայր վստահեցուցած է իր ընկերներուն, որ շուտով վերադառնալու է Ղարաբաղ՝ իր աշխատանքը շարունակելու համար։ Բայց Գանատա հասնելուն՝ բժիշկները քաղցկեղ յայտնաբերած են անոր թոքերուն մէջ…։ Հակառակ մասնագէտներու հաւաստիացումին, որ Հրայր միայն տասը օրուան կեանք ունէր այս աշխարհի վրայ՝ խաչին վրայ ըրած իր ուխտով գօտեպնդուած` ըստ որում, ան խոստացած էր Աստուծոյ, առողջանալու պարագային, իր ամբողջ կեանքը նուիրելու աշխարացրիւ հայ եկեղեցիները լուսանկարելու աշխատանքին, Խաչերեան պայքարած է անողոք հիւանդութեան դէմ եւ յաղթահարած զայն, զարմանք պատճառելով բժշկական աշխարհին։
Հաւատարիմ իր ըրած ուխտին՝ հայրենասէր արուեստագէտը բացի պատմական Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն՝ շրջած է աւելի քան 40 երկիրներ, Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Աւստրալիա եւ լուսանկարած հայ եկեղեցիները։ Ան իր աշխատանքը հրատարակած է 12 լուսանկարչական գիրքերու մէջ, որոնցմէ յիշենք` «Artsakh: A Photographic Journey՛՛ (1997)», «Karabagh: 100 Photos for the Independence» (2002), «Yergir» (2005), «Armenian Ornamental Art with Armen Kyurkchyan» (2010), «Armenian Ornamental Script» (2012), «One Church, One Nation» (2013)։
Բացի յիշեալ հրատարակութիւններէն, Հրայր Բազէ երկար տարիներէ ի վեր ի սփիւռս աշխարհի տուած է դասախօսութիւններ, կազմակերպած՝ ցուցահանդէսներ եւ համագումարներ։
«100-1915-2015» կոթողային գրքին ներածականը գրած է Հայաստանի Ազգային Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ, մաթեմաթիկոս եւ պատմաբան Քլօտ Մութաֆեան, որ 1980էն ի վեր ինքզինք նուիրած է հայ ժողովուրդի, Հայաստանի եւ դրացի երկիրներու պատմութեանց ուսումնասիրութեան։ Մութաֆեան իր ներածականին մէջ, ի միջի այլոց, գրած է.-
«Արդէն 100 տարի անցած է այն իրողութենէն ի վեր, որ երկու տարուան վրայ երկարած ցեղասպանութիւն մը անհետացուց բազմահազար տարիներու հայկական ներկայութիւնը այն հողերուն վրայ, որոնք այսօր կը կոչուին Արեւելեան Անաթոլիա, բայց որ էութեան մէջ՝ Արեւմտեան Հայաստան կը հանդիսանար։ Այս ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ տասնամեակներու վրայ, այդ ներկայութեան յիշողութիւնն անգամ ջնջելու ջանքերով»։
Խաչերեանի գիրքին մէջ ներառուած են նաեւ իտալացի յայտնի հայագէտ, հայագիտական գիրքերու հեղինակ, 2008էն ի վեր Հայաստանի Ազգային Ակադեմիայի անդամ, Փրոֆ. Կապրիէլլա Ուլուհոկանի Հայոց Լեզուն եւ Հայերը յօդուածը, ծանօթ գրող, հրապարակագիր, գրականութեան դասախօս Տիգրան Գույումճեանի գրութիւնը՝ հայ եկեղեցւոյ սրբազան մասունքներու մասին՝ ինչպէս նաեւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Մշակութային Ուսմանց Բաժնի Վարիչ, Փրոֆ. Համլէտ Պետրոսեանի հայկական խաչքարերուն նուիրուած ուսումնասիրութիւնը։
«100-1915-2015» գիրքին մէջ համախըմբուած են վերջին 17 տարիներուն ի սփիւռս աշխարհի Հրայր Բազէ Խաչերեանի առած լուսանկարները, որոնք նուիրուած են մեր հոգեւոր ու մշակութային արժէքներուն, վանքերուն, եկեղեցիներուն, բերդերուն, ամրոցներուն, դրամներուն, ասեղնագործ եւ ձեռագործ կտորներուն, եկեղեցական զգեստներուն, գորգերուն, արծաթագործ եւ ոսկերիչ հայ վարպետներու ձեռքով ստեղծուած արուեստի գործերուն, որմնանկարներուն, քանդակներուն, ձեռագրերուն, խաչքարերուն, քաղաքներուն, գիւղերուն եւայլն, եւայլն։ Գրքին մէջ տեղ գտած լուսանկարներու մասին տրուած են հարկ եղած տեղեկութիւններն ու բացատրութիւնները անգլերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։
The post «100-1915-2015»…ՀՐԱՅՐ ԲԱԶԷ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.