Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

«…ՈՒ ՄԻՇՏ ԿԸ ՅԻՇԵՆՔ»

$
0
0

 

SM lisbon5

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

…Եւ մի՛շտ պիտի յիշենք Լիզպոնի մէջ հերոսացած մեր հինգ նահատակները, որովհետեւ անոնք մաս կը կազմեն մեր պայքարի պատմութեան, կը մարմնաւորեն ժամանակ չճանչցող մեր պահանջատիրութիւնը,
Որովհետեւ անոնք ներշնչում առած էին մեր պատմութենէն, ու պատմութիւն կերտելով՝ իրենց կարգին դարձան ներշնչարան:
Յաճախ կþերգենք մեր հերոսներուն նուիրուած երգեր, որոնցմէ մէկուն հետեւեալ տողերը միայն մեր շուրթներէն չեն բխիր, այլ կը ծորին իւրաքանչիւր յանձնառու հայու հոգիէն, էութենէն.
«Մենք ձեզ երբեք չենք մոռանայ, ու միշտ կը յիշենք…»
Սա մեր հերոսապատումները կերտող նահատակներուն նուիրուած միակ երգը չէ. մեր ազգային-յեղափոխական երգարանները ա՛յնքան հարուստ են հերոսական սխրանքները պանծացնող երգերով, որքան մեր պատմութիւնը՝ հերոսներով: Ուրիշ երգի մը մէջ, կը դաւանինք, որ »դաժան կռւում« ինկած մեր հերոսները յուշարձա՛ն են. այլ խօսքով, Լիզպոնի Տղաքը, անոնց պայքարի ուղին բացող անցեալի եղող հերոսները, արդարատենջները կը սպասեն, որ մեր հոգիներուն կողքին, իրենց համար արժանի յուշարձաններ կանգնին հայրենի հողին վրայ, հայկական մեր օճախներուն մէջ, այնպէս՝ ինչպէս արժանաւոր կերպով յուշակոթողներ կը կանգնեցնենք հարիւր տարի առաջ Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր նահատակներուն համար:
Ցեղասպանութիւնը ողբի եւ կորուստի յիշատակներ կը բերէ մեզի, մինչդեռ Լիզպոնի տղաքը, զանոնք կանխող ու անոնց ներշնչարանէն ծնող նոր հերոսները, հայրենի սահմաններու պաշտպանութեան համար այսօ՛ր իսկ նահատակուող մարտիկները արժանի են «…Ու միշտ կը յիշենք»ը մարմնաւորող յոշակոթողներու:
Բուռ մը տղաք էին հինգ քաջերը, որոնք մեր պատմութեան լուսաւոր էջերէն դաստիարակուած, Արաբոներու, Հրայր Դժոխքներու, Նիկոլ Դումաններու, Չաւուշներու, Թեհլիրեան-Շիրակեաններու եւ դեռ շատ ու շատ »պանթէոնական«ներու բացած ուղիին հաւատարմութեամբ, գերագոյն զոհաբերութեան դիմեցին, հայութեան ու աշխարհի տարածքներուն մէջ զանգեր հնչեցնելով ու իրենց կարգին դառնալով ուղեցոյց-կերոն: Անոնց օրինակը չի թելադրեր, որ ամէն հայրենասէր պէտք է գերագոյն զոհաբերութեամբ արտայայտէ իր հաւատարմութիւնը, այլ անժամանցելի պատգամ է, որ ինչպէս մեր դարաւոր պատմութեան վճռորոշ հանգրուաններուն, նոյնպէս ալ 80ականներուն, 90ականներուն, այսօր ու վաղն ալ, հայրենիքին ու արդար իրաւուքներու հետապնդման ճամբուն վրայ, գերագոյն զոհողութիւնը երկմտանքի հարց չի ստեղծեր:
Ինչպէս մեր պատմական հերոսապատումներու պարագային, նոյնպէս ալ Լիզպոնի Հինգին սխրանքէն ետք, սահող իւրաքանչիւր տարի նոր փայլ կը ներարկէ նահատակներուն արարքին, նորահաս դէպքեր ու զարգացումներ նոր իմաստ կը ներարկեն անոր, գործնապէս ցոյց տալով, որ անոնք անցեալ չեն, այլ ներկայ են ու ներկայ պիտի մնան նաեւ վաղը, ապագային:
«Մենք Ձեզ երբեք չենք մոռանայ ու միշտ կը յիշենք», Սիմոն, Վաչէ, Սագօ, Սեդրակ եւ Արա, ինչպէս որ դուք չէիք մոռցած ու նորագոյն մարմնաւորումը եղաք մեր պատմական հին ու նոր հերոսներուն, հետեւեցաք պայքարի պատմութեան մէջ Պանք Օթոման ու Խանասոր արձանագրողներու սխրալի ուղիին,
Ինչպէս որ Հայաստանի, Արցախի եւ արտերկրէն հոն փութացած մեր քաջերը եղան ու կը մնան ձեր մարմնաւորումը:
Ձեր սխրանքէն ծնած պատգամը հայրենիքին ու Դատին հաւատարմութեան հրաւէր է իւրաքանչիւր հայ պատանիի ու երիտասարդի, որոնցմէ շատեր ծնած իսկ չէին Լիզպոնին օրը, ինչպէս որ դուք ծնած չէիք այն օրերուն, երբ մեր աննման ֆետայիները, բուք ու բորան մութ գիշերին, փամփուշտներըը խաչկապած, հրացաններն ուսերին, կը պտտէին հայրենի հողին վրայ, կը պաշտպանէին մեր ժողովուրդը, կը գործադրէին Խրիմեան Հայրիկի »Երկաթը Շերեփ«ի պատգամը…

 

The post «…ՈՒ ՄԻՇՏ ԿԸ ՅԻՇԵՆՔ» appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles