Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

$
0
0

Meeting

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երկուշաբթի, Յուլիս 20-ին, Ամերիկահայութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը տեսակցեցաւ բարձր մակարդակի պետական ներկայացուցիչներու հետ: Այս հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնն ու յատկապէս տեղւոյն փոքրամասնութիւններուն դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Նաեւ բազմիցս նշուեցան բժշկական, սննդական թէ նիւթական շտապ օժանդակութեան հարցեր:
Ամերիկահայ պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Քէն Խաչիկեանէ, վարիչ տնօրէն Արամ Համբարեանէ, պետական հարցերու պատասխանատու Քէյթ Նահապետեանէ, Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչներ՝ Հայկ Օշականէ (Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջան), Վիգէն Յովսէփեանէ (Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Շրջան) եւ Հ.Օ.Մ.-ի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի ներկայացուցիչ՝ Թալին Տաղլեանէ:
Պատկան մարմինները ներկայացնող պետական ներկայացուցիչները, իրենց կարգին փոխանցեցին առաջարկներ, եւ հաստատեցին թէ ամէն գնով պէտք է օգնութեան հասնիլ Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն:
Կատարուեցան կարծիքներու փոխանակումներ, ստիպողաբար Լիբանան եւ Հայաստան բնակութիւն հաստատած հազարաւոր Սուրիահայերու օժանդակութեան համար:
Այս գծով, արդէն իսկ Հայ Դատի գրասենեակը, աշխատանքի լծուած է Քոնկրէսէն ներս, Սուրիոյ փոքրամասնութիւններու յատուկ օժանդակութեան ֆոնտ մը հիմնելու առնչութեամբ:

The post ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles