Խմբագրական
Յուլիս 21, 2015
Յատկապէս Կովկասեան Բարձրաւանդակէն ներս, ամառնային շոգն ու արձակուրդը, իրենց ուղղակի ազդեցութիւնն ունին նոյնիսկ շրջանի քաղաքական կեանքէն ներս:
Հակառակ այս երեւոյթին, եռուզեռը բեղուն է Երեւանի մէջ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներու եւ տեսակցութիւններու շարք մը կþունենայ, տարածաշրջանը մտահոգող հարցերու եւ յատկապէս Արցախեան հիմնահարցի առնչութեամբ:
Նախագահ Սարգսեան ընդունեց Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ճէյմս Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), Փիեռ Անտրիոն (Ֆրանսա), Իկոր Փոփովը (Ռուսաստան), եւ վերոյիշեալ կազմակերպութեան գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ՝ Անճէյ Քասփրչիքը:
Զրուցակիցները քննարկեցին Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանի մտահոգութիւններն ու հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր եւ այս տեսակցութիւններու ընդմէջէն կոչ կþուղղուէր թէ կարեւոր ու առաջնահերթ է յարգել զինադադարի համաձայնագիրը, չդիմել յարձակողական միջոցներու եւ յատկապէս, տագնապի լուծման յառաջընթացին համար մթնոլորտ ստեղծել:
Հայաստանի նախագահին համար կարեւոր էր այցելուներուն ներկայացնել ներկայ գոյավիճակը, թէ որքան ալ Ատրպէյճան փորձէ խեղաթիւրել այդ տագնապին էութիւնը, Արցախի ժողովուրդը, ի յառաջագունէ ազատ կամքի արտայայտութեամբ իր ապագան որոշած է, բան մը որ նշուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահողներու յայտարարութիւններուն մէջ, սակայն հետեւողականօրէն կþաղաւաղուի եւ տարբեր ձեւով կը մեկնաբանուի Պաքուի կողմէ:
Ճէյմս Ուորլիք իր տեսակցութեան աւարտին հաւաստիացուցած էր թէ Հայաստան երբեք տրամադիր չէ տարածք վերադարձնելու` առանց անվտանգութեան համապատասխան երաշխիքներու: Յաւելեալ պղտոր հորիզոններ ստեղծելով, նշելով տեղահանուածներու բարդ կացութիւնը, Ուորլիք աւելցուցած էր այլ մտայղացում մը թէ, անվտանգութեան երաշխիքներու կարեւոր բանալիներէն մէկը, շրջանէն ներս միջազգային խաղաղապահ ուժերու ստեղծումն է:
Հոս տեղին է նշել թէ, նոյնինքն Ուորլիք` խուսափած էր եւ նախընտրած էր չպատասխանել հայրենի լրագրողի մը այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է լուծել Պաքուի, Սումկայիթի եւ Ատրպէյճանի այլ շրջաններէ ներս գտնուող տարածքներէն տեղահանուած հայերու վերաբնակեցման հարցը:
Մինչ այդ երբ, այս զրոցներն ու տեսակցութիւնները կը կատարուէին, ազերի օդուժը հետզհետէ կը բազմացնէր իր վարժական եւ փորձառական թռիչքները, երբեմն նոյնիսկ յանդգնելով թափանցել սահմանագիծէն տաս մղոն խորութեան վրայ:
Բնականաբար, Արցախի օդային տարածքը խախտելու պարագային հանրապետութեան հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը պիտի ձեռնարկեն բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` հակառակորդին փոխադարձելու…Բան մը որ կատարած էին ազեր ուժերը ամիսներ առաջ, վար առնելով նոյնիսկ սահմանէն հեռու գտնուող հայրենի ուղղաթիռ մը:
The post ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ… ԿԻԶԱԿԷՏ ԵՒ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑ՝ ԱՐՑԱԽ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.