Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ 21-ՐԴ ՀԱՒԱՔ

$
0
0

4

Շաբաթ, Յուլիս 11-ի առաւօտուն, Համազգայինի Ուսանողական 21-րդ Հաւաքին ազդանշանը տրուեցաւ, Երեւանի մէջ համախմբելով թիւով 35 երիտասարդներ, Հայաստանէն, Արցախէն, Վրաստանէն, Միացեալ Արաբական էմիրութիւններէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն ու Աւստրալիայէն։

Բացումը կատարուեցաւ ,Եւրոպաե պանդոկին մէջ: Մասնակցողներու կողքին ներկայ էին նաեւ Համազգայինի Հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան, Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան եւ Կարօ Յովհաննէսեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութենէն ընկերներ՝ Սպարտակ Ղարաբաղցեան եւ Թամար Հաշողլեան։ Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Լիլիթ Գալստեան, ապա հերթականութեամբ իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին Սպարտակ Ղարաբաղցեանն ու Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը, ինչպէս նաեւ հաւաքի ընթացիկ տարուան վարիչներ՝ Արա Բարսեղեան եւ Թամար Տօնապետեան։ 5

Ճաշի սպասարկութենէն ետք, ,Սփիւռքի Պատմութիւնըե խորագրին տակ, Կարօ Յովհաննէսեան սեղմ վայրկեաններու մէջ լիամփոփ ձեւով ներկայացուց Սփիւռքի պատմութիւնը առիթ տալով հարցումներու եւ զրոյցի։ Դասախօսութենէն ետք, մասնակցողները ուղղուեցան դէպի Հայաստանի Պատմութեան թանգարան, ուր առիթը ունեցան ամփոփ տեղեկութիւններ ստանալու Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած հնագոյն իրերու մասին. հետաքրքրական էր մանաւանդ տեսնել վերջերս Արենիի մէջ յայտաբերուած հնագոյն կօշիկը, նաեւ շատ մը պատմական արժէք ներկայացնող իրեր։ Շարունակելով, երիտասարդները ուղղուեցան դէպի Սասունցի Դաւիթի արձանը,  ապա՝ Մայր Հայաստանի Յուշահամալիրը, ուր կը գտնուի Մայր Հայաստան քանդակը։ Երկրորդ օրուան թեման հայ ճարապետութիւնն էր։ Օրուան ընթացքին մասնակցողներուն ընկերացաւ հայ ճարտարապետութեան հանրայայտ մասնագէտներէն՝ Սամուէլ Կարապետեան։2

Սաղմոսավանքի շուրջ, Կարապետեան բացատրութիւններ տուաւ տարածաշրջանին եւ Սաղմոսավանքը իբրեւ օրինակ բերելով, հայ ճարտարապետութեան զանազան ժամանակաշրջաններուն, խաչքարերու եւ արձանագրութիւններու մասին։

Դէպի Արագած պտոյտը մեր առջեւ պարզեց հայկական լեռնաշխարհի գեղեցկութիւնը. Արագած լերան լանջին, Քարէ լիճին շուրջ բնութեան մէջ ճաշելէ ետք, ֆորումականները ուղղուեցան դէպի Ամբերդ. միջնաբերդին շուրջն ու գագաթը իրենց ժամանակը անցնելէ ետք, սեղմ վայրկեաններու մէջ Սամուէլ Կարապետեան բացատրութիւններ տուաւ Ամբերդի կառուցման եւ տարածքը գտնուող եկեղեցւոյ մասին, ակնարկելով յատկապէս գաւիթի իւրայատկութեան։nb

Վերադարձին, Երեւանի հրապարակին շուրջ, ֆորումականները ճաշակեցին Վարդավառը՝ մասնակցելով օրուան յատուկ ջրախաղերուն։

Հաւաքի երրորդ օրուան ընթացքին, մասնակցողները ուղղուեցան դէպի Հայաստանի ամենէն գեղեցիկ վայրերէն՝ Դիլիջան։

Տեղւոյն Հայր Սուրբը՝ Հայր Սամուէլ հակիրճ բացատրական մը տուաւ շուրջի եկեղեցիներուն մասին։ Ներկաները հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին բացատրութիւնները. այլ պատմական արժէք ներկայացնող կոթողներու կողքին, հոն կը գտնուին Գագիկ եւ Սմբատ Բագրատունիներու դամբարանները, ”Խորհուրդ Խորին” շարականի հեղինակ՝ Խաչատուր Տարօնեցիի դամբարանը եւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին, ուր հեղինակը գրեց նոյնինքն շարականը։ Հետաքրքրական էր նաեւ լսել, թէ ժամանակին, Պետրոս Վարդապետ անունով հոգեւորականի մը ի պատիւ, իր խնամած որբերը իրենց ձեռքով կառուցած են խաչքար մը, որ զետեղուած է պատմական ընկոյզի ծառի մը մօտ:7

Յաջորդ օրերուն, մասնակցողները այցելեցին Գառնի եւ Գեղարդ։

Կարօ Յովհաննէսեան վարեց խիստ հետաքրքրական զրոյց մը, ”Ո՞վ է հայը” թեմայով. ուշագրաւ էր լսել զանազան ու երբեմն իրարու հակազդող կարծիքները այս նիւթին շուրջ: Զրոյցին յաջորդեց այցելութիւն՝ Ջիվանիի անուան երաժշտանոցը:

Հաւաքը պիտի շարունակուի եւ յառաջիկայ օրերուն, մասնակիցները պիտի այցելեն Արցախ:

The post ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ 21-ՐԴ ՀԱՒԱՔ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles