Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Միացեալ Նահանգներ Պիտի Օժանդակեն Արցախին

$
0
0

P3 anc1

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբը որոշած է վերականգնել Արցախը ամերիկեան օգնութիւն ստացողներու շարքին եւ աւելցնել Հայաստանին յատկացուող գումարը: Արդարեւ, յանձնախումբը Հինգշաբթի, Յուլիս 9-ին, ձայնակցելով ծերակուտական Մարք Քըրքին (Հանրապետական, Իլինոյ նահանգէն) իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց շարունակելու ուղղակի Արցախի քաղաքացիներուն տրուող մարդասիրական օժանդակութիւնը: 1998-էն ի վեր տրուող այս տարեկան աջակցութիւնը կը վայելէ յանձնախումբի թէ՛ Հանրապետական եւ թէ՛ Դեմոկրատական անդամներուն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան այս առիթով երախտագիտութիւն յայտնեց ծերակուտական Մարք Քըրքին` Արցախին օգնելու ծրագիրին իր կարեւոր նպաստին համար:
«Օգնութեան այս ծրագիրը մարդասիրական անհրաժեշտ օգնութիւն կը հասցնէ Արցախին` Ամերիկայի զօրակցութեան ուժեղ դրսեւորում մը հանդիսանալով անոր քաղաքացիներուն նկատմամբ: Մենք մեծապէս կը գնահատենք ծերակուտական Մարք Քըրքի համագործակցութիւնը յանձնախումբի ատենապետ Կրահամի հետ` այս կենսական ծրագրի հաստատման ուղղութեամբ», յայտարարեց Խաչիկեան:
Յանձնախումբին որդեգրած զեկուցումը, որ կցուած է 2016-ի պետական-արտաքին յատկացումներու օրինագիծին, կ՛ընդգծէ թէ յանձնախումբը կը յանձնարարէ օգնութիւն տալ Արցախի տագնապի զոհերուն, այն չափով, որ կը համապատասխանէ անցեալ տարիներու օժանդակութեան: Յանձնախումբը նաեւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ տարուող ճիգերուն:
Յանձնախումբը նաեւ կարեւոր կը նկատէ ականազերծման աշխատանքներու շարունակութիւնը եւ ընդունելի չի նկատեր այն արգելքները, որոնք դրուած են որոշ շրջաններու ականազերծման դէմ: Այս յանձնախումբը յանձնարարած է Հայաստանին տալ 20,06 միլիոն տոլարի տնտեսական օգնութիւն, 1,7 միլիոն տոլարի սպառազինութեան աջակցութիւն, եւ 600 հազար տոլար զինուորական կրթութեան ծրագիրներու համար: Ազրպէյճանին համար յանձնարարուած գումարը 8,778 միլիոն տոլար է, իսկ Վրաստանինը` 54 միլիոն տոլար: Նաեւ, յանձնախումբը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց խախտումներուն առնչութեամբ:
Հայ Դատի յանձնախումբի հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի ղեկավար Եղիսաբէթ Չուլճեան յայտնեց.- «Արցախին Ամերիկայի օժանդակութիւնը շարունակելու մասին որոշումը կարեւոր քայլ էր` Ամերիկա-Արցախ յարաբերութիւններու ամրապնդման համար»:
Անոր համաձայն, 1998-էն ի վեր Արցախին յատկացուող ամերիկեան օգնութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ տեղւոյն բնակչութեան մարդասիրական խնդիրները կարգաւորելու համար: Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբին որոշումով, տաս տոկոսով աւելցած է նաեւ ամերիկեան օժանդակութիւնը Հայաստանին` հասնելով քսան միլիոն տոլարի:
Հայաստանին ամերիկեան յատկացումներուն միջոցաւ, տասնեակ հայ երիտասարդներ արտերկրի մէջ ուսումը շարունակելու կարելիութիւններ կը ստանան, հարիւրաւոր կիներու համար կ՛ապահովուի քաղցկեղի անվճար ախտորոշում եւ լիակատար բուժում, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կը վնասազերծուին հազարաւոր ականներ, կը փրկուին եւ կը բարելաւուին բազմաթիւ մարդոց կեանքեր:
Միայն Արցախի մէջ Միացեալ Նահանգներու պետական պիւտճէէն ստացուած միջոցներով եւ բարերարներու օգնութեամբ վնասազերծուած է 250-էն աւելի ականապատուած դաշտ: Հայաստանի մէջ տասնեակ մը գիւղեր ապահովուած են ոռոգման եւ ըմպելի ջուրով, լուսաւորուած են մարզային քաղաքներու եւ գիւղերու փողոցներ, մանր արտադրողներուն վարկ ստանալու կարելիութիւն տրուած է:
Չուլճեանի խօսքով, Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը նաեւ կարեւոր խորհրդանշական դեր կը կատարէ, եւ անոնք կարեւոր քայլեր են թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի կապերը ամերիկեան կառավարութեան հետ ամրապնդելու ուղղութեամբ:
Հայ համայնքը այժմ կը փորձէ նաեւ երաշխաւորել, որպէսզի Սուրիոյ գաղթականներուն Միացեալ Նահանգներուն կողմէ յատկացուող 195 միլիոն տոլարի օգնութեան մէկ մասը տրամադրուի նաեւ Սուրիայէն Հայաստան եւ այլ երկիրներ տեղափոխուած հայերուն:
«Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ աշխատանքները, որպէսզի վստահ ըլլայ, որ այն բոլոր հայերը, որոնք Սուրիայէն տեղափոխուած են Հայաստան եւ այլ երկիրներ, օժանդակութիւն ստանան», եզրակացուց Եղիսաբէթ Չուլճեան:

The post Միացեալ Նահանգներ Պիտի Օժանդակեն Արցախին appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles