ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Վերջերս, հայկական ծագումով կին երկու ամերիկացի քոնկրէսականներ՝ Աննա Իշու եւ Ճէքի Սփիր կոչ ըրած են իրենց գործընկերներուն կողմ քուէարկելու «Հայոց Ցեղասպանութիւն՝ Ճշմարտութիւն եւ Արդարադատութիւն» բանաձեւին՝ որպէս «կարեւոր եւ իրական միջոց, որը կը նպաստէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման»:
Ներկայացուցիչներու Տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ղեկավար Էտ Ռոյսին եւ միւս քոնկրէսականներուն ուղղուած նամակին մէջ, Սփիր եւ Իշուն նշած են, որ «իրենք Ներկայացուցիչներու Տան միակ անդամներն են, որոնց նախնիները փրկուած են Հայոց Ցեղասպանութենէն», եւ կոչ են յղած են իրենց գործընկերներուն քուէարկել Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող օրինագծի ընդունման օգտին:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելով, Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ թէ երկու քոնկրէսականներուն մայրերը հայ են: Աննա Իշուի հայրը՝ ասորի է, իսկ Ճէքի Սփիրի հայրը՝ գերմանացի:
The post Երկու Քոնկրէսականներ Կոչ Կ՚ուղղեն Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.