Յ. Պալեան
Յուլիս 12, 2015
Մարդկային կեանքը բացարձակ արժէք է, հոս թէ այլուր, Փարիզ թէ Շանկհայ, Վան թէ Ուաշինկթըն, Սիս թէ Մեմֆիս, Քոսովօ թէ Շուշի:
Երբ մարդը կը դառնայ գայլ, ո՛ր երկինքին տակ ալ այդ ըլլայ, գայլը գայլ պէտք է կոչել:
Եուկոսլաւիոյ անհետացման պատերազմը աւարտած է, այդ միացեալ հանրապետութիւնը պատմութեան կը պատկանի, ծնունդ առած են նոր երկիրներ, Սերպիան, Պոսնիա-Հերցեկովինը, Մակեդոնիան, Խրուաթիան:
Արիւնալի կռիւներ տեղի ունեցած էին, անմարդկային արարքներ, որոնց մէկ մասը հռչակուեցան ցեղասպանութիւն, ինչպէս Սրեպրենիցայի 8.000 զոհերը: Ամերիկայի նախկին նախագահ Պիլ Քլինթըն ներկայ եղած եւ խօսած է զոհերու յիշատակի կոթողի եւ դամբարանի բացման հանդիսութեան:
Ներկայ եղած է, օրինակելի քաջութեամբ, Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարը, ազգամիջեան քէն եւ ատելութիւն գերանցելու եւ յարաբերութիւնները մարդկայնացնելու վերաբերում մը: Ինչպէս ըրած էր Վիլլի Պրանտ, յանուն Գերմանիոյ, հրեական ցեղասպանութեան զոհերուն համար:
Ծիծեռնակաբերդի սպասուած գլխաւոր ուխտաւորը դեռ չէ եկած…
Սրեպրենիցայի զոհերու պարագան ներկայացուած է Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան Խորհուրդին: Այդ որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալու համար քուէարկութիւն տեղի ունեցած է, եղած են ձեռնպահներ, ի նպաստ քուէարկողներ: Որոշումը կրնար ընդունուիլ, եթէ Ռուսիա իր բացարձակ ոչի – վեթոյի – իրաւունքը չգործածէր:
Ազգային, ցեղային, կրօնական, մշակութային ինքնուրոյնութեամբ հաւաքականութեան մը ջարդը ցեղասպանութիւն է: Նոյնիսկ եթէ այդ տեղի կ’ունենայ քաղաքացիական պատերազմի անզսպելի վայրագութեան շրջագիծին մէջ: Մոլորակի ցամաքամասերու հեռու կամ մօտ անկիւնը:
Պատերազմներու թէժ պահերուն, հրամանատարական կեդրոններու համար, սպայակոյտի նախատեսման հաշիւներով, հինգ, տասը, քսան կամ յիսուն հազար հոգիներու մահը կը բացատրուի, թիւերով եւ ոչ անուններով, ոչ կեանքերով: Անոնք պատերազմի զոհեր են, կ’ըսուի նաեւ՝ հերոսներ: Երկրորդ Աշխարհամարտի հռչակաւոր Նորմանտիի ցամաքահանման համար հրամանատարական կեդրոնները նախատեսած էին, որ առաջին ժամուն, երկրորդ ժամուն, օրուան աւարտին քանի զինուորներ պիտի զոհուէին: Ցաւալի էր, բայց ցեղասպանութիւն չէր:
Ցեղային, կրօնական, մշակութային կամ ազգային տարբերութեան պատճառով զտման ջարդերը կը բնորոշուին որպէս ցեղասպանութիւն:
Նաեւ այսօր, երբ կը քանդուի Տէր Զօրի հայկական ցեղասպանութեան Յիշողութեան կոթող տաճարը: Ինչո՞ւ չեն արտորար այդ քանդումն ալ Ապահովութեան Խորհուրդ տանելու:
Սրեպրենիցայի ցեղասպանական արարքը դատապարտելի է եւ անոր գլխաւոր ամբաստանեալը կը դատուի Լա Հէյի յատուկ ատեանին կողմէ:
Ապագան երաշխաւորելու կանխարգիլման միտում:
Ոճիրի եւ ցաւի պարագային ոչ առաջնահերթութիւն կայ ոչ ալ ահաւորութիւն ցուցադրելու մրցակցութիւն: Պէտք չէ ըլլայ: Դժբախտաբար այդ տխրութիւնը կայ երբեմն: Ցեղասպանութիւնը յաւելեալ իրաւունք չի շնորհեր ոչ երբ առաջին է կամ երկրորդ, ոչ երբ զոհերը 8.000 են, մէկուկէս միլիոն կամ վեց միլիոն: Ահաւորութիւնը չափանիշ չէ, այլ ոճրային միտումի գնահատումը՝ երեւակայութեան վրայ ազդելու համար:
Կը սարսափի՞ն քաղաքականցումէ եւ անոր հետեւանքներէն:
Այս հաստատումներէն ետք, ես ինծի թոյլ կու տամ հարց տալու այն բոլոր երկիրներուն, որոնք կրնան այլապէս ճանչցած ըլլալ հայկական ցեղասպանութիւնը, կամ ճանչցած չըլլալ ինչպէս Միացեալ Նահանգները, թէ ինչո՞ւ այդ հարցը օր մը չտարին Ապահովութեան Խորհուրդին, զայն դատապարտել տալու համար:
Ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ մը, օրինակ Պիլ Քլինթըն, ցարդ Ծիծեռնակաբերդ չէ գացած, եւ հիմա կ’երթայ Քոսովօ, ինչպէս կ’ըլլայ, որ Միացեալ Նահանգներու իրարայաջորդ Նախագահները հայերու պարագային տեւաբար թաքնուած են բառախաղերու ետին, ըսած են Եղեռն, չըսելու համար Ցեղասպանութիւն:
Երկու չափ երկու կշիռի շահախնդրուածութեան թարանթելլա…
Ճանաչումը կամ բառախաղը չեն բխիր համամարդկային բարոյականի մը հրամայականներէն, այլ պարզ քաղաքական նեղլիկ շահերէ, որոնց մասին պէտք է խօսիլ առանց ճապկումներու, առանց ազդուելու տեղական-տեղայնական մակերեսայնութիւններէ, բաժակաճառային մխիթարութիւններէ:
Ֆրանսան ցեղասպանութեան ճանաչումը որպէս օրէնք ընդունած է: Ամերիկայի նախկին նախագահներէն Ուտրօ Ուիլսըն Հայաստանի իրաւունք սահմանները գծած է իրեն տրուած միջազգային իրաւասութեամբ: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ Ֆրանսան առանց մէկ փամփուշտ արձակելու հայկական Կիլիկիան յանձնած է Թուրքիոյ, յանցագործութիւն մը, որ աստանդական դարձուցած է ժողովուրդ մը:
Ինչո՞ւ մարդկային իրաւունք պաշտպանող ճառով եւ ցեղասպանութիւն մը օրինակելի նախաձեռնութեամբ Ապահովութեան Խորհուրդ տանող պետութիւնները, անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին այդ յանդգնութիւնը եւ արդարամտութիւնը չունեցան եւ չունին այսօր նոյնը ընելու հայոց ցեղասպանութեան համար:
Ինչո՞ւ կը մեղանչեն ընտրովի արդարութեան խաղաքարտերով սեղանի շուրջ նստելով:
Ո՞ր բարոյական եւ մարդկայնական հաւասարազօր արժեչափերով կ’առաջնորդուին:
Ինչո՞ւ մենք, մեր կարգին, մեր նորաստեղծ բառով չենք բարձրաձայներ այս խաղքութիւնը: Ինչո՞ւ մեզի հետ չեն բարձրաձայներ բոլոր անոնք որոնք ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ կը քուէարկեն:
Երբեմն ալ հարցումը մենք մեզի պէտք է ուղղենք. կ’ուզե՞նք քնանալ բարոյական մխիթարութիւններու յանձնառութիւն չպահանջող օրօրոցայիններով…, տարին մէկ անգամ, երբ կը հասնի ֆէթիշ թուականը:
Ինչո՞ւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, դար տեւած խօսքի աճպարարութիւններէ ետք, Ապահովութեան Խորհուրդի օրակարգ չէ, եւ Մ.Ա.Կ.-ի ընդհանուր ժողովի…
Եթէ ներկայացուի, շատ հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ, թէ այս անգամ ո՞վ պիտի օգտագործէ իր բացարձակ ոչի – վեթոյի – իրաւունքը:
Շաւարշ Նարդունի շատ կը սիրէր ֆրանսերէն ասութիւնը. պէտք է կատուին կատու ըսել:
Որպէսզի, ինչպէս երբեմն գէթ մենք մեզի համար պէտք է կրկնենք, ծառը չծածկէ անտառը:
Կամ փողոցի մը անկիւնը տեղադրուած խաչքարը իրաւունքի վերականգնում չհամարուի:
Կամ Ծիծեռնակաբերդի անտառացող շրջապատին մէջ անունով մը մկրտուած ծառը հաշուեփակ չըլլայ:
Հարիւրամեակէն ետք պիտի շարունակո՞ւին մուրացածոյ մխիթարութիւններու առթած բան չնշանակող յուզումները՝ լուսանկարի մը ընկերակցութեամբ:
Խարխափումի վերջ տալու հեռանկարային յանդգնութեան լոյսին տակ պէտք է գնահատել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յարուցած պզտիկ-մեծ դատական նախաձեռնութիւնը:
The post ՖԷԹԻՇ ԹՈՒԱԿԱՆԷՆ 100 ՕՐ ԵՏՔ ՉՀԱՍԿՑՈՒՈՂ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄՆԵՐԸ ԳՆԱՀԱՏԵԼ ԱՌԱՆՑ ՃԱՊԿՈՒՄԻ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.