Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԲԱՐԵՐԱՐ ԱՐՄԷՆ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

$
0
0

 

p15 armb

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժէ Համազգայինի բարերար, հայ դպրութեան եւ մշակոյթի հաւատաւոր յենարան եւ Պելճիքայի Համազգայինի կորիզի հիմնադիրներէն, որ պատահեցաւ Կիրակի, Մայիս 17, 2015ին, Պելճիքայի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։

Շաբաթ, Մայիս 23-ին, Անվերսի Սուրբ Պոնիֆաս Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ ազգային բարերարին յուղարկաւորութիւնը։

Յուղարկաւորութեան նախագահեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Պելճիքայի հոգեւոր հովիւ Զատիկ վարդապետ Աւետիքեան։  Ապա, վերապատուելի Սարգիս Փաշայեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց Արմէնի ընտանիքին եւ հարազատներուն։ Անկլիքան եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Սթիվըն Սվանսոն խօսք առնելով վերյիշեց քանի մը նկարագրային գիծեր եւ կարդաց փոքր բանաստեղծութիւն մը գրուած Արմէնին կողմէ, երբ ան տակաւին հիւանդանոցն էր։

Ապա, Պելճիքայի հայ համայնքի վարչութեան ատենապետ Անտրէ Կիւմիւշճեան, Արսլանեան ընտանիքի եւ Արմէնի բարեկամներուն անունով փոխանցեց իր սրտի խօսքը, ներկայացնելով Արմէնի կենսագրական գիծերը եւ մատնանշելով, թէ Արմէնը հայրենասէր էր. ան հպարտ համազգայնական, աշխուժ հեծելանաորդ, մշակութասէր ու ընկերասէր էր։p15

Պարոն Կիւմիւշճեանի խօսքէն ետք  կարդացուեցաւ Վերապատուելի Րենէ Լեւոնեանի յղած ցաւակցագիրը։ Ապա Արմէն Արսլանեանի որդին՝ Վարդան Արսլանեան, խօսք առնելով վերյիշեց քանի մը հաճելի դրուագներ եւ ըսաւ, թէ Արմէնը միշտ կþըսէր, թէ ինքը երբե՛ք պիտի չծերանայ ու այս աշխարհէն պիտի հեռանայ իբրեւ երիտասարդ։

Վերջապէս Արմէնի քոյրը՝ Սանտրա, կիթառի նուագակցութեամբ կատարեց երգ մը, որուն բառերը գրած էր Արմէնը։

Յուղարկաւորութիւնը վերջ գտաւ ունկնդրութեամբ ,Լեռներ Հայրենիե երգին, որ Արմէն Արսլեանի նախասիրած երգն էր։

Հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ Հոպոքենի ,Սքունսըլհոֆե գերեզմանատունը:

«Համազգայինեի Պելճիքայի մասնաճիւղի ատենապետ, վաստակաւոր հեծելանաւորդ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական՝ Արմէն Արսլանեանի վերջին հրաժեշտը տալու ժամանած էին  բազմաթիւ բարեկամներ, ժամանած՝ Պելճիքայէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Լիբանանէն եւ այլ վայրերէ:

«Համազգայինեի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան Համազգայինի մեծ ընտանիքին եւ Համազգայինի Կրթական եւ Մշակութային բոլոր կառոյցներուն անունով փոխանցեց իր խօսքը.-

Յարգելի՛ եւ

սիրելի սգակիցներ,

Արմէն Արսլանեանի մահը որքան ցաւ ու ցասում կը պատճառէ բոլորիս, նոյնքան ալ զարմանքի առիթ կու տայ. իր մահը անտարակոյս հաւատքի խախտումի դուռը կը բանայ ըլլա՛յ բնազանցական արդար կարծուող աներեւոյթ ուժերու հանդէպ, ըլլա՛յ մեզի ժամանակակից ոչ արհամարհելի յաճախականութեամբ մը շեփորուող  առողջապահութեան սկզբունքներուն եւ այդ մարզէն ներս վիճակագրական անվիճելի կերպով հաստատուած եւ օրէնքի ուժ ստացած որոշ յանձնարարութիւններու հանդէպ: Մարմնամարզական իր փայլուն անցեալը եւ կեանքի ամէնէն անմեղ մոլութիւններէն ինքզինք բծախնդրօրէն հեռու պահած մեր տարաբախտ ընկերը ահա մեկնեցաւ կեանքէն` խոր սուգի մէջ մատնելով իր հարազատները եւ զինք սիրել սորված մտերիմներու բաւական մեծ զանգուած մը:p15_Armen-Arslanian

Մենք Պէյրութի մէջ շատ առիթ չենք ունեցած Արմէնին հետ միասին ըլլալու, սակայն հազուադէպ հանդիպումները բաւարար եղած են տեսնելու իր մէջ մարդկային ազնուագոյն յատկանիշները: Նկատած ենք, օրինակի համար, որ Արմէն, հակառակ առաջին վայրկեանէն իսկ զգալի դարձող եւ զինք յատկանշող պատանեկան ամօթխածութեան,  իր տեսակէտներն ու համոզումները, թէեւ անառարկելի քաղաքավարութեամբ, միաժամանակ սակայն զանոնք բուռն կերպով պաշտպանողն էր:

Իր անհատական բարեմասնութիւններու կողքին, Արմէնի ամէնէն աչքի զարնող կէտը հայ դպրութեան եւ մշակոյթին հանդէպ իր անկեղծ պաշտամունքն էր, անոր տածած գուրգուրանքը` հայ գիրին պահպանման, պաշտպանութեան եւ զարգացման համար: Իր էութեան անբաժան մասնիկն էր հայ մանուկին եւ պատանիին հայերէնի եւ հայկական մշակոյթին հանդէպ սէրը արթնցնելու կամ զայն վառ պահելու մտատանջութիւնը: Ուրկէ՞ այս տեւական հոգածութիւնը հայ դպրութեան վերաբերմամբ մէկու մը քով, որ իր գիտակից կեանքի մեծագոյն բաժինը ապրած է եւրոպական ոստաններու մէջ, հեռու` հայահոծ միջավայրերէ: Աղբիւրներէն մէկը վստահաբար ատենին իր յաճախած դպրոցն էր, միւսը`  իր անդամակցած հայկական մարզական միութիւնը, որոնք իրեն փոխանցած են  հայկական արժէքներու հանդէպ սէրը: Բայց կասկածէ վեր է, որ ամէնէն վառ եւ ուժեղ ազդեցութիւնը եկած է իր անմիջական ընտանեկան շրջանակէն: Ընտանիքի երէցները իրենց անձնական օրինակով ճամբայ ցոյց տուած են իրենց զաւակներուն, որոնց կարգին նաեւ` Արմէնին: Արդարեւ, նախ Մելանքթոն Արսլանեանի, իսկ յետոյ նաեւ Հայկ Արսլանեանի իշխանական նուիրատուութիւններով կարելի դարձաւ ներկայիս իրենց անունը կրող Համազգայինի ճեմարանի նոր համալիրին կառուցումը, առանց որուն` Ճեմարանը լուրջ դժուարութիւն պիտի ունենար Լիբանանի մէջ իր կրթական գործը հեզասահ կերպով շարունակելու: Լիբանանի երկարատեւ քաղաքացիական պատերազմի հանգրուանի մը այլեւս կարելի եղաւ տեսնել, որ քաղաքի Պէյրութի կեդրոնը գտնուող Նշան Փալանճեան ճեմարանի կառոյցը գէթ ժամանակի մը համար մատչելի պիտի չըլլար ճեմարանի աշակերտութեան մեծամասնութեան համար: Քանի մը տարի ժամանակաւոր կայքի մը մէջ իր դպրոցի  գործունէութիւնը կազմակերպելով` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ձեռնարկեց Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի շինութեան պատերազմէն անմիջապէս առաջ իր սեփականութիւնը դարձած հողաշերտին վրայ` Անթիլիասի բարձունքներուն: Մեր օրերուն դպրոցը կը գործէ անխափան` արձանագրելով նորանոր յաջողութիւններ: Բնական է` Արմէնը մեծ խանդավառութեամբ դիտեց կատարուող աշխատանքները եւ իր այցելութիւններով նաեւ ուղղակի ականատես եւ մասնակից եղաւ անոնց:

Ասիկա՞ եղաւ արդեօք Արմէնի Պելճիքայի՛ մէջ ալ Համազգայինի աշխատանքը ծաւալելու մտադրութեան մեկնակէտը: Ի՛նչ ալ ըլլայ պատճառը, Արմէնը նոյն խանդավառութեամբ փարեցաւ այս գործին եւ յատկապէս իր ճիգերով 2009-ի Փետրուարին վերակազմակերպուեցաւ Պելճիքայի Համազգայինի կորիզը, որուն հիմնական աշխատանքներէն մէկը հանդիսացաւ  Մեխելենի ,Լեւոն Շանթե  շաբաթօրեայ դպրոցին խնամատարութիւնը: Արմէնի աչքերուն մէջ յաճախ նշմարած ենք մտահոգութիւն այս դպրոցի յանձանձման պարագայական դժուարութիւններուն պատճառով, նոյնքան ալ ուրախութիւն եւ ցնծութիւն` դպրոցի ձեռքբերումները հաղորդող իր բանաւոր կամ գրաւոր արտայայտութիւններուն մէջ:

Մէկ խօսքով, սփիւռքի դժուար ու շատերը յուսահատեցնող պայմաններուն մէջ Արմէնը հանդիսացաւ հայերէնի եւ ընդհանրապէս հայագիտութեան հաւատաւոր եւ ամուր յենարաններէն մէկը, որ բծախնդրօրէն հետապնդեց կամաւոր կերպով ստանձնած իր բոլոր պարտականութիւնները:

Իսկ այսօր ինք անողոք հիւանդութեան մը հարուածով պարտադիր վերջնական հրաժեշտը կ՝առնէ մեզմէ: Ափսո՜ս: Սփիւռքը այնքա՜ն պէտք ունի հայոց լեզուին եւ հայկական մշակոյթին արժէքը գիտցող նուիրեալներու: Համազգայինը եւ անոր նման այլ կազմակերպութիւններ այնքա՜ն պէտքը կը զգան Արմէն Արսլանեանի եւ այլ Արմէններու քաջալերանքին, օժանդակութեան եւ անոնց աշխատանքներուն գործօն մասնակցութեան: Մեր համահայկական հաւաքականութիւնը այսօր կ’ապրի իր պատմութեան ճակատագրական հանգրուաններէն մէկը: Այստեղ պէտք է նշել, որ Արմէնը եւ ընդհանրապէս Արսլանեան ընտանիքի անդամները ճիգ թափած են հայութեան զոյգ ճակատներուն վրայ հաւասարապէս: Համազգայինի աշխատանքներուն իրենց կատարած եւ դեռ կատարելիք շօշափելի ներդրումով անոնք բարձրացուցած են եւ կը շարունակեն բարձրացնել  սփիւռքահայութեան դիմադրողականութեան աստիճանն ու անոր զարգացման կարելիութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս իրենց կատարած ներդրումներով նպաստած են հայրենիքի տնտեսական վերելքին:

Արմէնին` վարձքը կատար: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ամբողջ Համազգայինի եւ աշխարհացրիւ համազգայնականներու անունով կը ցաւակցի իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն:

Համազգայինը այսօր սուգի մէջ է Արսլանեան մեծ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին հետ միասին: Արմէնի կեանքին մնացորդը իրե՛նց թող երթայ, որպէսզի աւելիո՛վ հետապնդեն Արմէնին, ինչպէս իրմէ առաջ  Մելանքթոնին եւ Հայկին գործերը:

Խոնարհելով իրենց յիշատակին առջեւ անգամ մը եւս իրենց կը յայտնենք մեր եւ մեր կառոյցներու անվերապահ   երախտագիտութիւնը:

The post «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԲԱՐԵՐԱՐ ԱՐՄԷՆ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆԻ ՄԱՀԸ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles