
FILE–Kirk Kerkorian is shown in Jackson, Miss., in this May 18, 2000, file photo. The ex-wife of billionaire Kerkorian is asking a court for the biggest child support award ever in California, $320,000 a month, to care for their 3-year-old daughter, Monday, Jan. 14, 2002, in Los Angeles. (AP Photo/Rogelio Solis, File)
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Յունիս 15-ի Գըրք Գըրգորեանի մահէն ետք հազարաւոր լրագրողներ ընդգծեցին անոր զարմանահրաշ նուաճումները գործարարական աշխարհին եւ հսկայ աւանդը` բարեգործութեան բնագաւառին մէջ: Սակայն այդ լրագրողները երբեք չէին հանդիպած այս մեծանուն մարդուն, քանի որ ան հազուադէպ հարցազրոյցներ կու տար լրատուամիջոցներուն:
Գրեթէ երեք տասնամեակ աշխատելով Գըրք Գըրգորեանի հետ` որպէս “Լինսի“ հիմնադրամի փոխնախագահ եւ Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահ, կը ցանկայի իմ անձնական յարգանքի տուրքս մատուցել այս գթասիրտ ամերիկահայուն եւ հրաշալի անձնաւորութեան:
Շատ լաւ կը յիշեմ իմ առաջին հանդիպումս Գըրք Գըրգորեանի հետ: Անիկա տեղի ունեցաւ 1980-ականներու կէսերուն, Պեւըրլի Հիլզի ճաշարաններէն մէկուն մէջ, հաւաքոյթի մը ժամանակ ունեւոր հայերու փոքր խումբի մը, որ կþաջակցէր նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի վերընտրութեան: Ես այնտեղ էի որպէս “Քալիֆորնիա Քուրիըր“ թերթի խմբագիր: Երբ մօտեցայ անոր ներկայանալու համար, Գըրք Գըրգորեան անմիջապէս ճանչցաւ զիս եւ ըսաւ, որ իմ շաբթական խմբագրականներուս մշտական ընթերցողն է: Շատ զարմացայ եւ ինքզինքս շոյուած զգացի…
Գըրք Գըրգորեանի հետ իմ յաջորդ հանդիպումս կայացաւ Պեւըրլի Հիլզի անոր գրասենեակին մէջ, 1989-ի Նոյեմբեր 1-ին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժէն 11 ամիս անց: Մենք քննարկեցինք հնարաւորութիւնը համախմբելու Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող եօթը մեծ հայկական կազմակերպութիւնները, ներառեալ ,Լինսիե հիմնադրամը` օդային ճանապարհով Հայաստան մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու նպատակով: Գըրք Գըրգորեան առաջարկեց վճարել ճանապարհային բոլոր ծախսերը եւ առատաձեռնօրէն խոստացաւ հոգալ ոչ միայն այդ մէկ թռիչքին ծախսերը, այլ` ,հետագայ բոլոր թռիչքներուն, քանի դեռ Հայաստան օգնութեան կարիք ունիե: Քանի մը օրուան ընթացքին ծնաւ Միացեալ Հայկական Հիմնադրամը, որ յաջորդ 25 տարիներուն ընթացքին 158 թռիչքներով եւ 2250 ծովային արկղերով 700 միլիոն տոլար ընդհանուր արժողութեամբ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերեց Հայաստանին եւ Արցախին:
1998-ին Գըրք Գըրգորեան զիս հրաւիրեց միասին մեկնելու Հայաստան եւ իր այդ առաջին ուղեւորութեան ժամանակ նախագահ Քոչարեանին խոստացաւ յատկացնել 100 միլիոն տոլար (աւելի ուշ զայն բարձրացնելով մինչեւ 242 միլիոն տոլարի), որով կառուցուեցան կամ վերանորոգուեցան փապուղիներ, կամուրջներ եւ տասնեակ մը դպրոցներ Հայաստանի ու մէկը Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ` հարիւրաւոր քիլոմեթր մայրուղիներ, ճանապարհներ եւ փողոցներ, 34 մշակոյթի օճախներ ու թանգարաններ, 3700 բնակարան` աղէտի գօտիին մէջ եւ 20 միլիոն տոլարի վարկեր` փոքր գործարարութեան համար: Այս ծրագիրները ոչ միայն զգալիօրէն նպաստեցին Հայաստանի ենթակառուցուածքներու բարելաւման, այլ նաեւ խիստ անհրաժեշտ աշխատատեղեր ապահովեցին 20 հազարէ աւելի աշխատողներու համար: Պարոն Գըրք Գըրգորեան ինձմէ խնդրեց վերահսկել այս ծրագիրները` որպէս ,Լինսիե հիմնադրամի փոխնախագահ:
Տարիներու ընթացքին Գըրք Գըրգորեանի “Լինսի“ հիմնադրամը հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ նուիրեց ամբողջ հայութեան, որոնց շարքին` 14 միլիոն տոլար Հայաստանի բնակչութեան 1993-ի խստաշունչ ձմրան վառելանիւթով ապահովելու համար, 2006 թուականին 4.5 միլիոն տոլար Լիբանանի բոլոր 28 հայկական դպրոցներուն եւ միլիոնաւոր տոլարներ Հայաստան համահայկական հիմնադրամին` Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներու համար: Ըստ հաշուարկներու, 1989-էն մինչեւ 2011 թուականները ինկած ժամանակահատուածին ,Լինսիե հիմնադրամը նուիրած է աւելի քան 1 միլիառ տոլար` հաւասարապէս բաժանուած հայկական եւ օտար բարեգործական կազմակերպութիւններու միջեւ:
Երբ “Լինսի“ հիմնադրամը 2011-ին փակեց իր դռները, անհիմն եւ կեղծ լուրեր սկսան շրջանառուիլ փակման հնարաւոր պատճառներուն մասին: Փաստը այն է, որ պարոն Գըրք Գըրգորեան նախատեսած էր, որ որոշ տարիքի հասնելով` այլեւս պիտի չկարենայ զբաղիլ ամէնօրեայ դիմումներու տարափով, զորս կը ստանար ամբողջ աշխարհէն` ֆինանսաւորման օգնութեան խնդրանքով եւ իր հարստութեան հիմնական մասը բաժնել յետ մահու:
Կը ցանկանայի աւարտել` նշելով այս նշանաւոր ամերիկահայու համակրանքներէն եւ հակակրանքներէն քանի մը հատը:
Պարոն Գըրք Գըրգորեան մեծապէս դժգոհ էր ներհայկական պառակտումներէն: Ան անվերջ կը վշտանար, որ հայերը իրարու հետ անհամերաշխ են եւ յաճախ կþըսէր. ,Ինչո՞ւ չեն կրնար միաւորուիլ ու շարժիլ միեւնոյն ուղղութեամբե: Ան ուրախ էր, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող եօթը մեծ հայկական կազմակերպութիւնները կþաշխատին միասին` Միացեալ հայկական հիմնադրամի հովանիին տակ:
Ան խիստ կը մտահոգուէր Հայաստանի ժողովուրդի թշուառ վիճակով եւ մշտապէս կþանհանգստանար արտագաղթով: Ան կը ձգտէր աշխատատեղեր ստեղծել, որպէսզի հայերը չլքեն իրենց հայրենիքը:
Ան չէր սիրեր ըլլալ ուշադրութեան կեդրոն եւ երբեք թոյլ չէր տար իր անունով կոչել որեւէ կառոյց կամ հաստատութիւն:
Ան չափազանց հարուստ էր, բայց շատ համեստ կեանքով կ՛ապրէր եւ կը խօսէր մեղմ ու քաղաքավար: Ան կը նախընտրէր, որ մարդիկ իրեն դիմեն անունով` Գըրք, այլ ոչ թէ` պարոն Գըրք Գըրգորեան:
Վերջապէս, ոչ ոք կը յուշէր Գըրքին գումար նուիրել պատեհ առիթներով: Ան յաճախ իր կամքով մեծ նուիրատուութիւններ կ՛ընէր` առանց խնդրանքի:
Հայ ժողովուրդը եւ համայն աշխարհը անոր երախտիքի մեծ տուրք ունին մատուցելու:
Թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
“Եռագոյն“ կայքը
The post ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ ԳԸՐՔ ԳԸՐԳՈՐԵԱՆԻՆ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՄԱՐԴՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.