ԵՐԵՒԱՆ.- Յաջորդաբար երկրորդ շաբաթն ըլլալով, ելեկտրական հոսանքի թանկացումին դէմ ցոյցերն ու բողոքը կը շարունակուին:
Վերջին օրերուն, առաջին անգամ ըլլալով լրիւ կազմով հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին, «Ո՛չ թալանին» շարժումը նշեց որ ցոյցերը պիտի շարունակուին:
Նախաձեռնութեան անդամները անգամ մը եւս պնդեցին, որ նախագահին առաջարկած ոչ-արմատական եւ «սպասողական» լուծումը զիրենք չի բաւարարեր: Միւս կողմէն, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամներուն կոչ ուղղեց մնալ օրինականութեան սահմաններուն մէջ, բացառել իրավիճակի անկառավարելի ու անկանխատեսելի որեւէ զարգացում, պայքարը տեղափոխել աւելի արմատական` երկխօսութեան եւ գործակցութեան դաշտ:
The post ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆԱՑԱԾ ՄԹՆՈԼՈՐՏ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.