Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի «Համազգային»ը ուրախութեամբ կը ծանուցանէ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակաբաշխութեան արդիւնքը: Այս տարի Ալիս Օհաննէսեան շահած է վերոյիշեալ մրցանակը իր «Օրհանի Ժառանգութիւնը» գործին համար:
Ալիս Օհաննէսեան ծնած է Քուէյթ, ապա երեք տարեկանին գաղթած Հարաւային Քալիֆորնիա եւ ներկայիս կը բնակի Սան Հուան Քափիսթրանօ (Քալիֆորնիա) իր ամուսնոյն եւ երկու որդիներուն հետ:
Ալիսի գիրին ու գրականութեան սէրը արթնցած է պատմաբանի մասնագիտութեամբ Արուեստից Պսակաւորի վկայականը ստանալէ ետք: Ան ընտրեալների շարքին էր, լաւագոյն նոր գրողներու կարգ մը մրցոյթիերուն:
«Օրհանի Ժառանգութիւնը» Օհաննէսեանի առաջին արձակ հատորն է, որը ներկայիս կը թարգմանուի բազմաթիւ լեզուներու:
«Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակը հիմնուած է քսաներրորդ դարու կիսուն գրականութեան Քննադատ Մինասի եւ իր տիկնոջ՝ տարիներու վաստակաւոր ուսուցչուհի Գոհարի անուամբ: Այս Մրցանակին նպատակն է ճանչնալ եւ գնահատել Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին արդի գրականութեամբ զբաղուող տաղանդաւոր երիտասարդները: Այս Մրցանակին ներկայացուող գործերը կրնան ըլլալ Հայերէն, Անգլերէն , Ֆրանսերէն, Սպաներէն՝ Հայկական բնոյթի նիւթերով եւ կամ եթէ հեղինակը ծագումով Հայ է:
Դոկտ. Արա Նազարեան նախաձեռնեց այս մրցանակը՝ քաջալերելու եւ հանրութեան ծանօթացնելու հայ գրողներուն եւ հայկական նիւթերի շուրջ գրութիւնները: Հոս պէտք է նշել, թէ մրցանակակիրը կը ստանայ 1.500 տոլար, որը կարելի եղած է իրագործել Սան Ֆրանսիսքոյաբնակ Տէր եւ Տիկին Եդուարդ եւ Վերժին Մսըրլեաններու առատաձեռնութեան շնորհիւ:
Դատական կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ հինգ անձնաւորութիւններէն.
Դոկտ. Սիմա Աբրահամեան (Մոնրէալ), Օր. Անոյշ Ակներեան (Մոնթրէալ), Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի), Պրն. Գուրգէն Արզումանեան (Քալիֆորնիա) եւ Պրն. Երուանդ Քոչունեան (Քալիֆորնիա):
Մրցանակաբաշխումը յայտարարուեցաւ «Համազգային»ի համախմբումի ընթացքին Յունիս 6-ին, Փրովիտընսի մէջ, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետի՝ Դոկտ. Տիգրան Գազանճանի կողմէ:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան
Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանի Շրջանային Վարչութիւն
The post ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ.- «Համազգային»ի «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Գրական Մրցանակ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.