Հիւսիսային Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութիւնը կազմակերպած է իր առաջին` ArtLinks Երիտասարդական Հաւաքը, շաղկապելու ընտրանի հայ արուեստագէտներ հայկական մշակոյթով խանդավառ երիտասարդներու հետ։
Մեր նպատակն է հետաքրքրութիւն սերմանել հայ արուեստին հանդէպ: ArtLinksը հանրածանօթ թէ սկսնակ արուեստագէտներու միջեւ երկխօսութեան միջավայր մը պիտի տրամադրէ աշխատանոցներու միջոցաւ: Այդ աշխատանոցները պիտի վարեն միջազգային համբաւի տէր հայ արուեստագէտներ, որոնք կու գան ստեղծագործական գրականութեան, երաժշտութեան, թատրոնի, շարժապատկերի, լրագրութեան եւ նոր քարոզչական միջոցներու բնագաւառներէն:
Առաջին տարուան հաւաքը պիտի կայանայ Օգոստոս 27-30 շաբաթավերջին, Your Own Inn հաստատութեան մէջ, Jewett, New York: Բոլոր մասնակիցները պիտի գիշերեն այդտեղ, ուր աշխատանոցներու վարիչները պաշտօնական նիստերով, ինչպէս նաեւ մասնակիցներուն հետ անպաշտօն հանդիպումներով իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնները պիտի փոխանցեն երիտասարդներուն։
ArtLinks` Համազգայինի Երիտասարդական Հաւաքի ընդհանուր վարիչն է ծանօթ մտաւորական Խաչիկ Մուրատեանը, իսկ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն լուսանկարիչ՝ Սքաութ Թիւֆանքճեան, բեմադրիչ՝ Էրիք Նազարեան, դերասան՝ Էրիք Պողօսեան եւ գրող՝ Ալին Օհաննէսեան:
Մասնակցողները պէտք է լրացնեն յատուկ դիմումնագիր եւ վճարեն արձանագրութեան սակ։ Մասնակիցներու թիւը սահմանափակ է ու կ՚ընտրուի դիմորդներէն։ Մասնակցութեան դիմումնագիրը կարելի է ներբեռնել սեղմելով այս յղումին վրայ՝ application Դիմումնագրի ստացման պայմանաժամն է Օգոստոս 20, 2015: Արձանագրութեան սակն է $150.00, որ կը ներառէ երեք գիշերներու կեցութիւն, ներառեալ նախաճաշ, ճաշ եւ ընթրիք:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել www.hamazkayin.com/artlinks էջին, իսկ դիմումնագիրը ուղարկելու համար գրել artlinks@hamazkayin.com հասցէին:
Ա.Մ.Ն.-ի Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութիւններ
The post Համազգային ArtLinks 2015 appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.