Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԼՈՒՐԵՐ ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ.- ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՏՈՒՆԸ

$
0
0

hv1

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Եզակի նախաձեռնութիւն մը Ցեղասպանութեան դարադարձի այս օրերուն, այս անգամ կուգայ Հայ Աւետարանական համայնքէն։ Անոր զաւակները եւս անմասն չմնացին Մեծ Եղեռնի սարսափի օրերու արհաւիրքէն երբ անոնցմէ շատեր նահատակուեցան ու մնացեալը քշուեցան դէպի անծանօթ հորիզոններ ու անապատներ։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական Միութիւնը (ԱՀԱՄ – AMAA) վերջերս ունեցաւ իր նոր տնօրէնը յանձինս Զաւէն Խանճեանի։ Ան հայաշունչ ու հայատրոփ մաքուր այն հասարակական գործիչն է, որ արդէն կը ցուցաբերէ ազգային նոր ոգի մը այս հաստատութենէն ներս։ Ան սիրուեցաւ առաջին պահէն Մեծագոյն Նիւ Եորքի ազգայիններէն ու կազմակերպութիւններէն։ Ու ասոր ալ ապացոյցը կը կազմէ այս դասախօսութիւն-գրքի շնորհահանդէսը նուիրուած Պոլսոյ Պատանեկան Տան, որ անցնող ամիսներուն առատ նիւթ հայթայթեց հայ թէ օտար մամուլին երբ երիտասարդներ  կը մնային պահանջատէրը աւելի ծանօթ` “Արմէն Ճամբար“ին։

Յունիս 12, 2015, Ուրբաթ երեկոյեան, Փարամըսի (Նիւ Ճըրզի) Հայ Աւետարանական (Փրեսփիթերիըն) եկեղեցին լեցուցած էին մեծ թիւով հայորդիներ, որքա՜ն աւետարանական համայնքէն նոյնքան եւ աւելին ընդհանրապէս ազգասէր հասարակութենէն` եկած մինչեւ Նիւ Եորքի ու Փենսիլվանիայի հեռաւոր աւաններէն։ Ներկաներուն համար, այս եկեղեցիէն ներս նման ազգային քաղաքական պարունակով հրապարակային հանդիսութիւն մը, անկասկած, արժանացաւ բոլորին անվերապահ գնահատանքին ու հիացմունքին։

Հանդիսավարն էր փաստաբան Փիթըր Ղուկասեան, որ ԱՀԱՄի Տնօրէն Խորհուրդին անդամ է։ Ան արժեւորեց այս ձեռնարկը եւ հանգամանօրէն այնուհետեւ ընթացք տուաւ յայտագրին։  Ըսենք որ այս պատանեկան կեդրոնը կը պատկանի Պոլսոյ հայ աւետարանական համայնքին։  Հրանդ Կիւզէլեան եղած է անոր հիմնադիրը եւ հայկական գաւառները այցելելով կատարած է շնորհալի աշխատանք ի մի հաւաքելով հայու բեկորները ու բերելով զանոնք այս պատանեկան հաստատութենէն ներս, խնամած, ազգային ու քրիստոնէական կրթութիւն տուած, տոհմային դաստիարակութիւն ու հպարտութիւն ջամբած ու վերադարձուցած զիրենք իրենց ծննդավայրերը։ Այս սքանչելի իրագործման նշումն էր որ կը կատարուէր այդ երեկոյ։ Առաքելական ու նուիրական աշխատանք մը, անկասկած։ Ու այս տունէն անցած է ինքը` Հրանդ Տինքը։ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ ներկայ էր Զաքար Տիքմէն, որ իր կարգին ապաստարան էր գտած Հրանդ Կիւզէլեանի մօտ։ Այս բոլորը կենդանի վկայութիւններն էին մեծ հայուն ու մարդասէրին` Կիւզէլեանին`

Զաւէն Խանճեան արժեւորեց կատարուած մարդասիրական, բայց հայկական իրաւունքի հեռանկարներով, այս աշխատանքը։  Ինքնավստահ ան յայտարարեց որ այսօրուան պահանջատիրութիւնը վերատիրանալու պատանեկան այս տան կը մտի մեր արդար իրաւունքներու այն համազգային եւ համընդահանուր ծրագրին որ Ցեղասպանութեան դարադարձին կը կատարեն մեր ազգային մնացեալ բոլոր հաստատութիւնները։

Վերապատուելի Պերճ Կիւլլէյեան, բնիկ Զահլէէն (Լիբանան) որ հովիւն է եկեղեցւոյ, իր կարգին անդրադարձաւ այս գրքին հրատարակութեան կարեւորութեան` տարածելու զայն մեր համայնքէն ներս։  Ձեւով մը այս ցոյց պիտի տայ մեր արդար իրաւունքներուն մաս կազմած այն ցանկին, որ շուտով պիտի ընդարձակուի եւ հանրութեան մատչելի դառնայ։ Այս գիրքին թարգմանութիւնը կատարած է Երուանդ Գօչունեան իսկ մեկենասութիւնը` Տոքթ. Վիգէն եւ Սօսի Ահարոնեան եւ Տոքթ. Ստեփան եւ Ճիւլի Ահարոնեան ամոլը զայն նուիրելով` իրենց հօր` Վերապատուելի Յովհաննէս Ահարոնեանի։

Երրորդ խօսք առնողը եղաւ Ռաթկըրզ Համալսարանի (Նիւ Ճըրզի) Ցեղասպանութեան յայտագիրը համադրող Խաչիկ Մուրատեան։  Ան տեսաերիզի վրայ ցոյց տուաւ բռնագրաւուած մեր հողերուն վրայ ապրող հայու բեկորներուն կեանքը, որոնք կը շարունակեն ընդունիլ իրենց տոհմային ինքնութիւնը։  Խաչիկին դէպի պատմական Հայաստան այցելութիւններուն մաս կը կազմեն հանդիպումները այն ափ մը հայերուն, որոնք թերեւս իսլամացած կը շարունակեն պահել այդ հողերուն որպէս իրաւատէրը։  Յուզիչ պատկերներ, որոնք, վստահաբար, այսուհետեւ պիտի շարունակեն ի յայտ գալ զանազան ուխտագնացութիւններու ընթացքին, որոնք այս ափերուն վրայ սկսան նախաձեռնուիլ Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեանի կողմէ մօտ հնգամեակ մը առաջ, երբ Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդութիւնը հանդգնութիւնը ունեցաւ կազմակերպելու առաջին պաշտօնական ուխտագնացութիւն մը դէպի Պատմական ու Յաւերժական Հայաստան, դէպի բռնագրաւուած մեր հայրենիքը։

Միայն կ’արժէ շնորհաւորել Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական Ընկերութեան այս նախաձեռնութիւնը եւ յայտնել շնորհակալութիւն Զաւէն Խանճեանին։

 

The post ԼՈՒՐԵՐ ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ.- ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՏՈՒՆԸ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles