Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատուիրակութիւնը Դիտարկեց Թուրքիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները

Image may be NSFW.
Clik here to view.
tur2

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց թէ, յանձնախումբի կողմէ պատուիրակութիւն մը կազմուած էր եւ ուղարկուած Թուրքիա` խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ դիտորդ հետեւելու:
Թուրքիա մեկնած պատուիրակութեան կազմին անդամներն էին՝ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը, հասարակայնութեան հետ կապի յանձնակատար Պետօ Տէմիրճեանը, Վերա Եագուպեանը (Լիբանան), Պետրոս Պետրոսեանն (Պելճիքա) ու Ճորճ Աղճայեանը (Միացեալ Նահանգներ):Image may be NSFW.
Clik here to view.
tur1

Քուէարկութեան օրը, պատուիրակութիւնը այցելեց շարք մը ընտրական տեղամասեր, արձանագրած է խախտումներն ու դժուարութիւնները, յատկապէս` «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական» կուսակցութեան հանդէպ:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր աջակցութիւնը յայտնած էր քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան:Image may be NSFW.
Clik here to view.
tur3


Յանձնախումբի ատենապետ Գասպար Կարապետեան ողջունեց ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ յայտնեց, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական» կուսակցութեան ներկայութիւնը կը նշանակէ, որ այնտեղ կայ քաղաքական ուժ, որ կրնայ պայքարիլ ազատութեան, հաւասարութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան համար: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը քրտամէտ կուսակցութիւնը մեղադրած էր հայկական լոպպիի հետ սակարկութիւններ կատարելու համար:
Հրապարակուած են նաեւ շարք մը լուսանկարներ, որոնց շարքին՝ թրքական թերթերէն մէկը, որ քրտամէտ կուսակցութիւնը կը մեղադրէ հայկական լոպպիի հետ համագործակցելուն մէջ: «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական» կուսակցութիւնը իրականութեան մէջ ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ հայերու արծարծած հարցերու կողքին է»,- գրուած է թերթի յօդուածի վերնագիրին մէջ:

The post Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատուիրակութիւնը Դիտարկեց Թուրքիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles