Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հայ Օգնութեան Միութեան «Մայր»Մասնաճիւղի Պազար Եւ Ճաշատեսակներու Վաճառք

$
0
0

p13 ars

Կիրակի Յունուար 11-ին, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ Փաշալեան սրահէն ներս, յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Հայ Օգնութեան Միութեան Մայր մասնաճիւղի տարեկան Պազարը եւ ճաշատեսակներու վաճառքը։
Սրահի երկու կողմերը նրբաճաշակ կերպով զարդարուած էին նուէրներով եւ հայկական ճաշերով ու խմորեղէններով որոնք պատրաստուած էին ամէնայն բծախնդրութեամբ մասնաճիւղիս ընկերուհիներուն կողմէ։
Ձեռնարկի բացումը կատարեց մասնաճիւղիս ատենապետուհին՝ Անայիս Չոլաքեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ապա հրաւիրեց Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Դանիէլեանը եւ Ս.Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝Արժ. Տ.Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանը , աղօթքով եւ օրհնութեամբ սկսելու ձեռնարկը։
Մասնաճիւղս միշտ կը գնահատէ Հ.Օ.Մ.-ին նեցուկ կանքնած անձերը ։ Անայիս Չոլաքեան հրաւիրեց Խաժակ Զէյթլեանը եւ յատուկ նուէրով, , շնորհակալութիւն յայտնեց վերջին մի քանի տարիներուն մասնաճիւղի ի նպաստ կատարած իր բոլոր օժանդակութիւններուն համար։
Սրահը լեցուած էր Հ.Օ.Մ-ի առաքելութեան հաւատացող ընկերուհիներով,համակիրներով,
մանուկներով,եւ երիտասարդներով որոնք եկած էին ուրախանալու եւ քաջալերելու Հ.Օ.Մ.-ը ։
Ներկաները մեծ ուրախութեամբ գնեցին համեղ ճաշեր եւ զանազան նուէրներ օգտակար ըլլալով Հ.Օ.Մ.-ին եւ բարձր պահելով բոլորին տրամադրութիւնները։
Վաճառքին մաս կազմեց նաեւ վիճակահանութիւնը, Հուրի Կէօտէլէքեանի հսկողութեամբ ներկայ երեխաները ուրախութեամբ վաճառեցին վիճակահանութեան տոմսերը .կոկիկ գումար մը ապահովելով Հ.Օ.Մ. -ի բարեսիրական ու ազգապահպանման նպատակներուն:
Հ.Օ.Մ.-ի ընկերուհիներուն կատարեալ համագործակցութիւնը, խմբային աշխատանքով ձեռք-ձեռքի տալը, նուիրումի բացառիկ օրինակներն էին։
Իսկապէս Հ.Օ.Մ.-ի յարատեւութեան գաղտնիքը այս է։ Այս կը վկայէ թէ Հայ կինը միշտ գործած է իր ազգասիրութեամբ եւ անձնազոհողութեամբ ։Ան յարատեւօրէն աշխատած է սերունդներու հայապահպանման եւ բարգաւաճման համար:
Կը շնորհաւորենք Մայր մասնաճիւղի բոլոր ընկերուհիները որոնք բարեխղճութեամբ եւ լրջութեամբ պատրաստած էին այս ձեռնարկը։
Վարձքը կատար Հ.Օ.Մ.-ի Մայր մասնաճիւղի նուիրեալ ընկերուհիներուն, նուիրատուներուն եւ բոլոր անոնց որոնք իրենց ներդրումը բերին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան։
Անխափան երթ …Հայ Օգնութեան Միութեան սրբազան առաքելութեան.

Մարիա Շամլեան Եփրեմեան

 

The post Հայ Օգնութեան Միութեան «Մայր»Մասնաճիւղի Պազար Եւ Ճաշատեսակներու Վաճառք appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles