2015 թուականի Յունուար 16-ին, Հայաստանում, իր աշխատանքները սկսաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 32-րդ Ընդհանուր ժողովը:
Ժողովին կը մասնակցին Հ.Յ.Դ. կազմակերպական բոլոր շրջաններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալ ընկերներ: Կուսակցութեան բարձրագոյն ժողովի օրակարգը կ՚ընդգրկէ Հայաստանի ներքին կլանքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող, ազգային ու պետական առումներով հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային եւ համաշխարհային խնդիրներ: Պիտի քննարկուին նաեւ այլ հարցեր:
Ժողովի արդիւնքներուն մասին պիտի յայտարարուի ժողովի աւարտէն ետք:
Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան
The post Հ. Յ. Դաշնակցութեան 32-րդ Ընդհանուր Ժողով appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.