Յունուար 12-ի առաւօտուն Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր սպանդ մը ցնցած էր ամբողջ Հայաստանը։ Արդարեւ, Գիւմրիի մէջ ծառայող ռուս զինուորի մը հրացանային կրակոցներով սպաննուած էին նշուած տան բնակիչները՝ 1961ի ծնունդ Սերիոժա Աւետիսեանը, 1959ի ծնունդ Յասմիկ Աւետիսեանը, 1979ի ծնունդ Այիտա Աւետիսեանը, 1981ի ծնունդ Արմէն Աւետիսեանը, 1990ի ծնունդ Արաքսիա Պօղոսեանը, Յասմիկ Աւետիսեանը (ծննդեան թուականը տակաւին չէ ճշդուած): 2014ի ծնունդ Սերիոժա Աւետիսեան վիրաւորուած եւ տեղափոխուած է հիւանդանոց:
Աւետիսեաններու քաղաքացիական հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ Յունուար 14-ին, իսկ Սուրբ պատարագը մատուցանեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեան: Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Յունուար 15-ին:
Ընտանեկան ողբերգութիւնը աննախընթաց է Գիւմրիի համար. գիւմրեցիները կատարուածը նկատեցին 1988ի երկրաշարժէն ետք արձանագրուած ամէնէն ողբերգական դէպքը։
The post ԳԻՒՄՐԻՆ ՍՈՒԳԻ ՄԷՋ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.