Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԷՆ՝ ՄԱԿԱՐ ԵԿՄԱԼԵԱՆԻ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

$
0
0

Պ15 makaryekmalyan

ԱՐՍԷՆ ՍԱՅԵԱՆ

 

Ա. ՄԱՍ

19¬րդ դարուերկրորդ կէսի հայկական երաժշտութեան ականաւոր դէմքերէն՝ մակար Եկմալեան ծնած է 1856¬թուականին Վաղարշապատի մէջ։ Ծնողները՝ ծագումով Արեւմտեան Հայաստանի Ալաշկերտի շրջանի Եկմալ կոչուող գիւղէն, հայկական կոտորածներու հետեւանքով, ժամանակին գաղթած են Վաղարշապատ։ Մակար՝ փոքր հասակէն սկսեալ սէր ոճ հսկում ցուցաբերած է դէպի ուսումը։

Եկմալեանի մանկական տարիներէն մեզ յայտնի է, զգայուն ու երազկոտ երեխայ մը, որ վառ սէր ունէր դէպի «գրել կարդալ»ը եւ մասնաւորաբար դէպի երգեցողութիւնն ու երաժշտութիւնը։ Դպրոցին մէջ ի յայտ կու գայ փոքրիկն Մակարի երաժշտական ձիրքը։ Կը նկատեն անոր գեղեցիկ ձայնը եւ խորհուրդ կու տան, եկեղեցին երգել։ Փոքրիկն Մակար Կիրակի օրերը եկեղեցին կը մեներգէր, մանկական յուզիչ ձայնով շարժելով հաւատացեալներու սիրտը։

Այսպէս, Եկմալեանի մանկական տարիներու երաժշտական առաջին տպաւորութիւնները կը կապուին հայ հոգեւոր՝ հնադարեան մեղեդիներու լուսապայծառ խորհուրդին հետ։

1865¬թուականին կþընդունուի Սուրբ Էջմիածնի ժառանգաւորաց վարժարանը, ուր ի յայտ կու գան իր երաժշտական արտակարգ ընդունակութիւնները։ Դպրոցական ազատ ժամերուն եկեղեցի կը յաճախէ, մասնակցելով ժամերգութեան, ուր աւանդական եղանակները խորապէս կը տպաւորեն պատանի Մակարի հոգին։

Սակայն, այդքանով չեն սահմանափակուիր երաժշտական տպաւորութիւնները։ Մշտապէս ականատես կþըլլայ Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցող տօնախմբութիւններուն, հանդիսութիւններուն եւ ուխտագնացութեան։Երկրի տարբեր կողմերէն Սուրբ Էջմիածին եկող հայերն իրենց հետ կը բերէին երգն ու նուագը եւ պատանի Եկմալեանը հնարաւորութիւն կþունենայ ականջալուրջ ըլլալու այդ բոլորին։

Սուրբ Էջմիածնիհոգեւոր միջավայրէն ստացած բազմապիսի երաժշտական տպաւորութիւնները, Եկմալեանի մէջ աւելի ու աւելի կը խորացնեն երաժշտիութեան նուիրուելու ցանկութիւնը։ Ան ուշադրութիւն կը գրաւէ երաժշտութեամբ Ժառանգաւորաց վարժարանի ուսանողութեան տարիներուն։Պատանի Եկմալեանի երաժշտական շնորհները չեն վրիպիր ուսուցիչներու եւ կաթողիկոսի ուշադրութենէն։

Գէորգ Դ¬րդ Կաթողիկոս, ինչպէս յայտնի է, եկեղեցական երաժշտութիւնը կանոնաւորելու եռանդուն միջոցներ կը ձեռնարկէ։ Պոլսէն հրաւիրուած՝ երաժիշտ Նիկողոս Թաշճեանի օգնութեամբ, շարականները, պատարագը եւ ամբողջ ժամերգութիւնը ձայնագրել տալէ բացի, կը թելադրէ՝ երաժշտական տաղանդով օժտուած սաներու խումբ մը կազմել, որպէսզի Նիկողոս Թաշճեան հայկական նոր ձայնագրութիւն եւ երաժշտութեան տեսութիւն դասաւանդէ։

Ուսանողներու այդ խումբին մէջ կը գտնուէր նաեւ Մակար Եկմալեան։ Նիկողոս Թաշճեանի ղեկավարութեամբ՝ Եկմալեան այնքան վարժ, կը տիրապետէ ձայնագրութեան արուեստին, որ »Շարակնոց«ը հրատարակման պատրաստելու աշխատանքներուն, կը դառնայ անոր օգնականը։

1874¬թուականին, Նիկողոս Թաշճեան Պոլիս կը վերադառնայ։Անոր մեկնումէն երկու շաբաթ ետք, տեղի կþունենայ Սուրբ ԷջմիածնիԳէորգեան Ճեմարանի հանդիսաւոր բացումը։ Եկմակլեան որ 1872¬թուականին արդէն իսկ աւարտած էր Ժառանգաւորացը, կը նշանակուի Հայկական Ձայնագրութեան դասատու՝ Գէորգեան ճեմարանէն ներս։

Դասերուն զուգընթաց Եկմալեան՝ կաթողիկոսին հետ, վերանայման կþենթարկէ տպագրուած Պատարագը, կþուղղէ նկատուած վրիպակներն ու թերութիւնները եւ լþիրագործէ երկրորդ տպագրութիւնը։

The post ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԷՆ՝ ՄԱԿԱՐ ԵԿՄԱԼԵԱՆԻ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles