ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային Ժողովը քուէներու բացարձակ մեծամասնութեամբ վաւերացուցած է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան համաձայնութիւնը:
Կողմ քուէարկած են 103 պատգամաւորներ, դէմ` եօթ, ձեռնպահ` մէկ:
Հայաստանի անդամակցութեան համաձայնագիրը ստորագրուած էր Հոկտեմբեր 10-ին` Մինսքի մէջ Եւրասիական տնտեսական միութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին: Փաստաթուղթը ստորագրած են Ռուսաստանի, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Հայաստանի նախագահները: Մինսքի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրը խարսխային այն փաստաթուղթն է ուր նշուած են Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միանալուն պայմանները:
Նախապէս, Մայիս 29-ին Ռուսաստանի, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահները Ասթանայի մէջ ստորագրած էին Եւրասիական տնտեսական միութիւն ստեղծելու մասին համաձայնագիրը:
Եւրասիական Տնտեսական Միութեան նախաձեռնած Վլատիմիր Փութին քանի մը օր առաջ Ռուսաստանի խորհրդարանի վաւերացման ներկայացուցած էր Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան համաձայնութիւնը:
Ըստ համաձայնագիրին, Հայաստան Եւրասիական տնտեսական միութեան լիարժէք անդամ կը դառնայ փաստաթուղթը ուժի մէջ մտնելու պահէն` այսինքն, երբ ատիկա կը վաւերացուի անդամ բոլոր երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ, բայց ոչ շուտ, քան Յունուար 1, 2015 թուականը:
The post ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԵՒՐԱՍԻԱԿԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.