ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Արցախի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէաշխատանքային այցով Ուաշինկթըն գտնուող Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Քոնկրէսին մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցած է քոնկրէսականներու եւ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահին հետ:
Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրէսականներուն՝ Արցախին վերաբերող հարցերու մօտէն քայլ պահելուն համար: Նաեւ, ան ներկայացուցած է Արցախի եւ տարածաշրջանի վերջին զարգացումները:
Աշոտ Ղուլեան բարձր գնահատեց Քոնկրէսի անդամներու անաչառ եւ համարձակ դիրքորոշումը՝ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ:
Նոյն օրը, Քոնկրէսի շէնքին մէջ տեղի ունեցաը Արցախի անկախութեան 23-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ: Հանդիսաւոր երեկոն կազմակերպած էին Քոնկրեսի Հայկական հարցերու յանձնախումբը, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբն ու Ամերիկայի հայկական համագումարը: Այս ձեռնարկին մասնակցեցան շարք մը քոնկրէսականներ, որոնք իրենց ելոյթներուն մէջ շնորհաւորեցին Արցախի ժողովուրդը եւ միջոցառման մասնակիցները: Անոնք շեշտեցին Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, որ մասնաւորապէս ընդգծեց, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման միակ ճամբան Արցախի փաստացի անկախութեան միջազգային ճանաչումն է՝ միաժամանակ շեշտելով Արցախի անվտանգութիւնը միջազգային երաշխիքներով ապահովելու կարեւորութիւնը: Խորհրդարանի նախագահը յայտնեց, որ Արցախի ժողովուրդը քաջատեղեակ է ազատութեան եւ ստիպուած է պայքարելու ամէն օր:
Հանդիպումներուն ընթացքին, Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահին կ՛ընկերակցէր Ռոպերթ Աւետիսեանը եւ Արցախի Արտաքին Գործոց նախարարութեան միջազգային կառոյցներու եւ մարդասիրական համագործակցութեան վարչութեան պետ Արմինէ Ալեքսանեանը:
Ղուլեան հանդիպումներ ունեցաւ քոնկրէսականներ Պրետ Շըրմընի եւ Աննա Էշուի հետ: Այս հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Քոնկրէսի Հայկական հարցերով համախմբումի օրակարգին վրայ Արցախի վերաբերող խնդիրները:
Քոնկրէսականներու խնդրանքով, Արցախի խորհրդարանի նախագահը ներկայացուց վերջին ամիսներուն Ատրպէյճան-Ղարաբաղ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ նկատուող զարգացումներն ու հիմնախնդիրները:
Ղուլեան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց քոնկրէսականներ Էշուին եւ Շըրմընին՝ Արցախի անկախութեան տօնին նուիրուած հաւաքին ընթացքին, անոնց արտասանած քաջալերական խօսքերուն եւ գնահատականներուն համար:
Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ կատարուեցաւ ընդունելութիւն մը՝ ի պատիւ հ Աշոտ Ղուլեանի եւ Ուաշինկթընի մէջ գործող դիւանագիտական, հանրային եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ողջոյնի խօսքին մէջ, Ղուլեան ամփոփ կերպով ներկայացուց Արցախի անկախութեան տարիներուն արձանագրուած յաջողութիւնները եւ շեշտեց ներկայ մարտահրաւէրները միասնաբար դիմակայելու անհրաժեշտութիւնը:
Ղուլեան շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սարգսեանին ու դեսպանատան աշխատակազմին՝ Ամերիկա կատարած իր այցի ծրագիրին օժանդակելնուն, ապա նաեւ՝ Ուաշիկթընի մէջ գործող հայկական կառոյցներուն՝ անոնց մշտական աջակցութեան ու ազգանուէր գործունէութեան համար:
The post ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 23-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ՝ ՔՈՆԿՐԷՍԻ ՇԷՆՔԻՆ ՄԷՋ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.