Խմբագրական
Դեկտեմբեր 2, 2014
Վերջին քանի մը օրերուն երուզեռի մէջ է Թուրքիոյ արտաքին յարաբերական կառոյցը: Այսպէս բեղուն օրեր կ՛ապրի Թուրքիան, յանձին նախագահ Էրտողանի, որ շարունակ այցելուներ կ՛ընդունի: Պարզ զբօսաշրջիկներ չեն ժամանողները, ոչ ալ փրոթոքոլային բնոյթ ունեցող տեսակցութիւններ են կատարուածները, այլ շատ աւելի կարեւոր եւ առաջնահերթ հանդիպումներ:
Նոյեմբերի վերջին օրերուն, Էրտողանի հիւրն էր Փրանկիսկոս Պապը, որ Վատիկանէն ժամանած էր Թուրքիա, Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակը քննելու եւ ծայրայեղ կրօնամոլութեան դէմ պայքարելու եւ այդ պայթուցիկ կացութեան մէջ, ձիթենիի ճիւղ երկարելով, յայտնելու թէ կրօնքը տրամախօսութիւն մըն է, հեռու ռազմական եւ մարտական բնագաւառներէն: Ապա, Պապին եռօրեայ այցելութիւնը հազիւ աւարտած, Էրտողանի նորակառոյց Սպիտակ Տան՝ «Աք Սարայ»ի հիւրն էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը, որ եկած էր տնտեսական հարցեր եւ այդ մարզէն ներս երկու երկիրներուն միջեւ յաւելեալ գործակցութիւն յառաջացնելու համար:
Անգամ մը եւս, տեղին է նշել թէ վերոյիշեալ երկու այցելութիւններն ալ թէեւ ժամանակադրութեամբ զիրար կը յաջորդէին, սակայն ոչ մէկ կապ ունէին իրար հետ: Մին՝ զուտ յարանուանական, կրօնական եւ հետեւաբար ենթակայական բնոյթ ունէր, իսկ միւսը՝ բոլորովին նիւթական, «թուային« եւ տնտեսական բնոյթ ունէր:
Նկատի ունենալով, որ Թուրքիա աշխարհագրականօրէն, Վատիկանի մօտ գտնուող ամենէն աւելի իսլամ բնակչութիւն հաշուող երկիրն է եւ Սուրիա-Իրաք հիւսիսային սահմաններուն վրայ ստեղծուած Իսլամական Խալիֆայութեան հետ քայլ պահող՝ մօտիկ դերակատարներէն մէկը, այս այցելութիւնն ու տեսակցութիւնները՝ Փրանկիսկոս Պապին համար կարեւոր կը թուէին ըլլալ…երբեք չմոռնալով անշուշտ անդարմանելի սպի մը՝ Ահմէտ Ալի Աքչան…որ 1981-ին փորձած էր սպաննել Յովհաննէս-Պօղոս Պապը:
Այսօր, յստակ է թէ իրենց անմարդկային վայրագութեամբ հռչակաւոր, այս ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը՝ թուրք թէ այլազգի, Թուրքիոյ ճամբով մուտք կը գործէ խալիֆայութեան տարածաշրջանէն ներս: Արաբունարի դէպքերը ցայտուն փաստեր են:
Պապը այցելած էր որջ մը, ուր դժուար էր արտայայտուիլ հանդուրժողականութեան, արժանապատուութեան եւ կրօնական ազատութեան մասին: Նոյնինքն Էրտողանն ալ, այդ մոլեռանդներու եւ ծայրայեղականներու խմբակին մաս կը կազմէ: Արդեօք ան հասկցա՞ծ էր կամ ուզա՞ծ էր հասկնա՞լ Պապին պատգամները… ուր, ի միջի այլոց, ան նաեւ յայտնած էր թէ իր սրտի ցանկութիւնն է, որ հայ-թրքական սահմանը բացուի:
Բարոյականէն շա՜տ հեռու…զուտ նիւթական բնոյթ ունէր Ռուսաստանի նախագահին այցելութիւնը՝ Անգարա: Նկատի ունենալով որ, դէպի Եւրոպա մատակարարուող «Հարաւային հոսանք» նախագիծի իրականացումը ջնջուած է,
Փութին յայտնեց թէ, իր երկրի ուժանիւթի մատակարարումը պիտի ուղղէ դէպի այլ շուկաներ: Այսպէս, Ռուսաստան լրացուցիչ կազ պիտի մատակարարէ Թուրքիոյ, եւ այս առթիւ նոր խողովակաշար պիտի կառուցուի, հետեւաբար այս ընթացքով պիտի նուազի կազի գինը:
Այս ացելութեան ընթացքին ստորագրուեցան ութ միացեալ փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերէին ուժանիւթի եւ առեւտուրի մարզերուն: Հաւանաբար, այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ Ատրպէյճան յանձին իր »աւատապետ« Ալիեւին, գործի լծուի այս ռուս-թուրք մերձեցման առթիւ, իր Արցախեան բարդոյթը արծարծելու եւ պղտոր ջուրին մէջ…փորձել ձուկ որսալու:
The post ՊԱՊՆ ՈՒ ՓՈՒԹԻՆԸ …ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՀԻՒՐԵՐԸ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.