Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԵՆՏԻԱՍԻ ՀԵՏ

$
0
0

p3 _houn-nakh

Յունաստանի Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Պաշտպանութեան նախարար՜ Նիքոս Տենտիասի եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի միջեւ` ներկայութեամբ Յունաստանի թեմակալ առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Քերոբ Էքիզեանի, Յունահայոց Ազգային վարչութեան անդամ Ստեփան Շեմմասի եւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանորդ Մինաս Մարտիկեանի:
Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց Աթէնքի մէջ գումարուող Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին նպատակն ու գլխաւոր նիւթերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց յոյն կառավարութեան ու անձնապէս Տենտիասի հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած բարեկամութեան համար:
Նախարարը գնահատեց խորհրդաժողովին կազմակերպումը Յունաստանի մէջ եւ յայտնեց, որ հայ ժողովուրդին եւ մանաւանդ յունահայութեան հետ իր խոր բարեկամութիւնը կը բխի իր անձնական համոզումէն եւ փորձառութենէն:
Քննարկուեցան Յունաստան-Հայաստան զինուորական համագործակցութեան հարցերը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ Թուրքիոյ պետական ժխտողական քաղաքականութիւնը. վերջին հարցով Տէր Խաչատուրեան յայտնեց իր երախտագիտութիւնը հանդէպ յոյն պետութեան վերջերս որդեգրած օրինագիծին, որուն հիմամբ քրէական յանցագործութեան ենթակայ կը դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը:
Արծարծուեցաւ Արցախի տագնապի ներկայ հանգրուանը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան, այդ երկրին մէջ գերդաստանական մենատիրութեան, հակահայ արշաւի եւ առհասարակ մարդկային իրաւանց լուրջ խախտումներու պարագաները:
Նշուեցաւ, որ հայ ժողովուրդը ամէնուրեք յատուկ նախաձեռնութիւններով հանդէս պիտի գայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով եւ կ՛ակնկալէ, որ յունական պետութիւնն ալ բարձրաստիճան մակարդակով մասնակցի այդ նախաձեռնութիւններուն: Յիշուեցաւ նաեւ, որ Յունաստանի նախագահն ու վարչապետը հրաւէր ստացած են այդ առիթով այցելելու Հայաստան:
Խորհրդակցութիւնը փակուեցաւ յունահայ ազգային վարժարաններու պետական օժանդակութեան հարցին արծարծումով` խնդրելով նախարարէն, որ միջամտէ այդ տարեկան յատկացումներուն տալ օրէնքի մնայուն ուժ:

The post ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԵՆՏԻԱՍԻ ՀԵՏ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles