Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ.-  ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԿԱՐԱևՄՈՒՐԶԱՅԻ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ Գ. ՄԱՍ

$
0
0

Kristapor_Kara-Murza

ԱՐՍԷՆ ՍԱՅԵԱՆ

 

Շարունակելով մեր ակնարկը Արեւելեան Հայաստանի մասնագիտական երաժշտութեան առաջին ներկայացուցիչներէն՝ Քրիստափոր Կարա¬Մուրզայի կեանքին ու գործունէութեան մասին, կը յանգինք այն եզրակացութեան, որ Կարա¬Մուրզայի ստեղծագործական գործունէութեան ընթացքին, առանձնակի տեղ գրաւուած ,Շուշան» անաւարտ օփերան։ Արեւելահայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ ինքն է որ փորձած է ստեղծել օփերա, նիւթ ունենալով ժամանակակից կեանքը։ Ինքնին այդ քայլը կարեւոր է եւ ունի պատմական նշանակութիւն։

Դժբախտաբար, ան չէ յաջողած աւարտին հասցնել իր փափաքած օփերան, որն անկասկած կը դառնայ առաջընթաց քայլ մը, հայկական ազգային օփերայի ստեղծման ճանապահին։ Այդուհանդերձ, 19¬րդ դարու վերջին քառորդի պայմաններուն մէջ, մեծ նշանակութիւն կը ներկայացնէ՝ հող պատրաստելով հայ ազգային ինքնատիպ ոճի ձեւաւորման համար։

Արդարեւ, Կարա¬Մուրզան իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին եղած է նպատակասլաց, ծառայելով հայ մասնագիտական¬երաժշտական մշակոյթի զարգացման նպատակին։ Թէ՛ իր ստեղծագործութեամբ, թէ՛ երաժշտական հասարակական, մանկավարժական ու երաժշտականևքննադատական ծաւալուն աշխատանքով, ան՝ հայկական գործ կատարած է։

Այդ բազմակողմանի գործունէութեան ընթացքին, Կարա¬Մուրզան խորապէս զգացած է երաժշտական գործիչներու պատրաստման անհրաժեշտութիւնը եւ իր կարելիութիւններու չափով զբաղած է այդ ուղղութեամբ։

Սկզբնական շրջանին, ան՝ մտադրած է հիմնել երաժշտական դպրոց։ Երբ նիւթական միջոցներու բացակայութեան պատճառով չէ կրցած իրականացնել այդ ծրագիրը, յոյս է դրած Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին վրայ, ուր 1892¬թուականին հրաւիրուած է, որպէս երաժշտութեան դասատու եւ խմբավար։ Կարա¬Մուրզայի նպատակը եղած է ճեմարանի սաներէն՝ երաժշտութեան դասատուներ ու խմբավարներ պատրաստել, որպէսզի շարունակեն իր սկսած գործը եւ բազմաձայն երգեցողութիւնը տարածեն ամէնուրէք։

Սակայն, հազիւ մի քանի տարի աշխատելէ ետք, պահպանողական տարրերու լարած դաւերու հետեւանքով, կը հեռացուի իր պաշտօնէն եւ ծրագիրը ձախողութեան կը մատնուի։

Յետագային, երբ բազմաձայնութեան տարածումով, աւելի անհրաժեշտ կը դառնայ պատրաստուած խմբավարներու պահանջը, Կարա¬Մուրզան Թիֆլիսի մէջ կը կազմակերպէ խմբավարներու կարճատեւ դասընթացքներ, եւ շրջանաւարտ խմբավարները զգալի աշխատանք կը կատարեն, խմբական երգեցողութեան տարածման ուղղութեամբ։

Կարա¬Մուրզան լուսաւորչական լայն աշխատանք կատարած է նաեւ իր տպագրած երաժշտական¬քննադատական յօդուածներով եւ գրախօսականներով, մի քանի տարի շարունակ ,Մշակե թերթի որպէս երաժշտական յատուկ թղթակից։ Ան՝ բազմաթիւ շաբաթական տեսութիւններ գրած է օփերային ներկայացումներու եւ համերգներու մասին։ Ընթերցող հասարակութիւնը հնարաւորութիւն ունեցած է ծանօթանալու համերգային ծրագիրներու բովանդակութեան։ Ահա, նմոյշ մը՝ ,Ծառիս Տակը Մանուշակ» խմբերգը, Կարա¬Մուրզայի մշակմամբ։15

Այս բոլորին շնորհիւ Կարա¬Մուրզան որոշակի տեղ նուաճած է հայ երաժշտագիտութեան պատմութեան մէջ։ Նուիրեալ երաժշտագէտ¬խմբավարը մահացած է իր ստեղծագործական ուժերու ծաղկման շրջանին, 1902¬թուականին իր հետ տանելով յետագայ գործունէութեան չիրագործուած բազմաթիւ ծրագրեր։

Այդուհանդերձ, ինչ որ ան կատարած է տուեալ դժուարին պայմաններու մէջ, հսկայական նշանակութիւն ունեցած է հայկական երաժշտական մշակոյթի զարգացման համար։ Ան՝ ստեղծած է երաժշտական¬համապարփակ շարժում մը, որուն հետեւած են իր յաջորդները, շարունակելով սկսուած սրբազան առաքելութիւնը։

The post ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ.-  ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԿԱՐԱևՄՈՒՐԶԱՅԻ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ Գ. ՄԱՍ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles