ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Նախագահութեամբ Ա.Մ.Ն.ի Առաջնորդ Տէր Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ կազմակերպութեամբ Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցու եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ,Արմէն Գարօե կոմիտէի, Երկուշաբթի, Հոկտ. 27ին, Նիւ Եորքի հայ կեդրոնում )Վուտսայտ( տեղի ունեցաւ ժողովրդական հանդիպում, Բերիոյ Հայիոց Թեմի Առաջնորդ բարձրաշնորհ Տէր Շահան Արք. Սարգիսեանի հետ։
Ներկաները հայ կեդրոն էին հաւաքուել, լսելու Շահան Արք. Սարգիսեանի խօսքը եւ միաժամանակ իրենց օժանդակութիւնը բերելու եւ զօրակցելու սուրիահայութեան։
Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցու եւ <Արմէն Գարօ» կոմիտէի անունից, բարի գալստեան եւ բացման խօսքը կատարեց Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցու հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տէր Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանը։ Տէր Հայրը նշեց՝ ,այս օրուան հաւաքը երկու նպատակ ունի, առաջինը ողջունել ներկայութիւնը Բերիոյ Թեմի քաջարի առաջնորդին եւ երկրորդ իր բերնէն լսելու, թէ ինչ է կացութիւնը այսօր Սուրիոյ մէջ»։
Տէր հայրը միաժամանկ նշեց՝ ,քիչ վերջը երբ Սրբազան Հայրը կը ներկայացնէ իր զեկոյցը, առիթ պիտի տրուի ներկաներին, իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարել»։
Բեմ հրաւիրուեց ընկերուհի Մարի Եարալեանը, վարելու համար ձեռնարկը։ Ըներուհին նշեց. ,այսօրուան մեր հաւաքը իւրայատուկ բնոյթ ունի, որովհետեւ նպատակ ունի, փաստելու մեր զօրակցութիւնը, սուրիահայութեան, մանաւանդ հալէպահայութեան նկատմամբ։ 2011էն ի վեր, Սուրիոյ մէջ սկսուած պատերազմը, 2012ի Օգոստոսին Հալէպ հասաւ եւ այդ օրուընէ ի վեր ամենայն դաժանութեամբ կը շարունակէ տակն ու վրայ անել, հալէպահայութեան կեանքը»։ Ընկերուհի Եարալեանը հանգամանօրէն անդրադարձաւ պատերազմից առաջ, Սուրիայում ի մասնաւորի Հալէպում, գոյութիւն ունեցած, ազգային, մշակութային կեանքի աշխոյժ եւ յարաճուն վերելքի մասին։ Ընկերուհին կոչ առեց ,չզլանանք մեր օգնութիւնը բերել սուրիահայութեան»։
Ապա բեմ հրաւիրեց՝ Արք. Շահան Սարգիսեանը։ Սրբազանը իր առինքնող խօսքի մէջ նշեց. ,Սուրիահայութիւնը տագնապի մէջ է։ Տագնապը միայն չի պատկանիր սուրիահայութեան։ Այս տագնապը, Միջին Արեւելքի ընդհանուր պատկերի մէջ, քաղաքական եւ ռազմական փոփոխութիւններով տեղի ունեցող այն իրավիճակն է, որուն ծանօթ է աշխարհը՝ ,Արաբական Գարուն» անունով։ Այս ,Արաբական Գարունը» կամաց¬կամաց տարածուեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ եւ բոլոր այն ժողովուրդները, ցեղերը, կրօնքները, մշակոյթները, որոնք ներկայ էին Միջին Արեւելքի մէջ, կրեցին որոշ վնասներ։ Կարգ մը շրջաններ, շատ ծանր, ուրիշ շրջաններ յարաբերաբար աւելի նուազ։ Բայց ընդհանուր առմամբ Միջին Արեւելքը տակն ու վրայ վիճակի մէջ յայտնուեցաւ»։
Սրբազանը իր խօսքը շարունակելով նշեց՝ ,60 եւ աւելի տարիներէ ի վեր, Միջին Արեւելքի մէջ, Արաբ Իսրայէլեան հակամարտութիւն գոյութիւն ունի։ Ես այսօր կ`ուզեմ, միայն Սուրիոյ շրջագծին մէջ խօսքս կեդրոնացնել, յետ Եղեռնեան տարիներին, հայութիւնը իր նկարագրի եւ իր տարիների կուտակած փորձառութեան ճամբով ստեղծեց միասնական աշխատանքի գործունէութիւն։ Սուրիոյ տագնապը մեղմացնելու նպատակով աշխարհի բոլոր ծայրերից մարդիկ բերեցին, իրենց օգնութիւնները։ Բոլոր օգնութիւնները կեդրոնացան,Անթիլիասում, Վեհափառի կողմէ հաստատուած, յատուկ դրամատան հաշուի մէջ, որոնք աստիճանաբար փոխանցւում են Հալէպ։ Ունենք հաշուապահ, գանձապահ եւ հաշուեքննիչ»։
Սրբազանը նշեց ,Կրթական մարզի առաջին օժանդակութիւնները ստացանք Հ.Օ.Միութիւնից եւ Ա.Մ.Ն.ի Արեւելեան թեմից։ Խաղաղութեան օրերը գան, ամէն մանրամասնութիւններ պիտի հրատարկենք»։
Ապա ցուցադրուեց հետաքրքրական տեսաերիզներ, Հալէպի ազգային, մշակութային եւ դպրոցական կեանքից։
Սրբազանը միաժամանակ նշեց, որ օգնութիւնների առաջնահերթութիւնը պիտի տրամադրուի հայոց դպրոցներին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Չօլոյեանին եւ բոլոր նրանց, որոնք կազմակերպել են այս հաւաքը։
Բեմ հրաւիրուեց Ա.Մ.Ն.ի Արեւելեան Շրջանի Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանը, փոխանցելու իր խօսքը։
Սրբազան Հօր խօսքից որոշ հատուածներ. ,կ`ուզէի նշել, թէ ինչ ապրումներ ունեցայ, երբ լսեցի Շահան Արք. Սարգիսեանի պատկերացրած Սուրիոյ վիճակը եւ տեսայ ցուցադրուած տեսաերիզները։ Չորս անգամ է, որ կը դիտեմ», նշեց Սրբազանը ,եւ ամէն անգամ, նոյն հոգեկան խռովքը կունենամ, որպէս հայ մարդ, կը զգամ այն ցաւը, որ մեր եղբայրները եւ քոյրերը կþունենան Սուրիայում։ Մահուան վտանգը կայ, անորոշութիւնը կայ, բայց մեր ժողովուրդը, յոյսով եւ հաւատով, որոշած է Սուրիայում ապրել։ Պէտք է նշեմ, որ շատերը Հալէպէն անցել են, շատերը սովորել են Սահակեան, Զաւարեան, Հայկազեան եւ այլ դպրոցներում։ Ես էլ եմ այնտեղէն անցել։ Բախտաւոր օրեր էին, այս օր կեանքը տարբեր է։ Ես կը հիանամ Սրբազան Շահանի եւ մեր ժողովրդի վրայ եւ այդ բոլորի համար հայերէնում մի բառ ունինք ՀԵՐՈՍՈՒԹԻՒՆ»։
Սրբազան Չօլոյեանը, խօսքն ուղղելով Շահան Սրբազանին, նշեց ,Սրբազան Հայր, շնորհակալ ենք, որ մեզ այցելեցիք։ Պիտի երթաք դարձեալ Ձեր տունը եւ որպէս հոգեւորական Ձեր սէրը եւ նուիրական ծառայութիւնը բերէք մեր ժողովրդին»։
Տեղի ունեցաւ, սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։
Արժ. Տէր Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանը ընթերցեց նուիրատուների անունները։ Հաւաքուել էր շօշափելի գումար։
Փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ, հանդիսավար ընկերուհի Մարի Եարալեանը։ Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
The post ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ՝ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.