Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ »ԹԵԼԵԹՈՆ-2014«-ԻՆ

$
0
0

p1 TrpanjyanPargevatrum-Info

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, արդէն իսկ ժամանած է Լոս Անճելըս, եւ մասնակցեցաւ «Թելեթոն-2014»-ի ծիրին մէջ կազմակերպուած կալային: Խօսք առնելով, ան անդրադարձաւ Արցախի կեանքին, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ շրջանային հոլովոյթներուն: Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց Սփիւռքի հետ համագործակցութիւնը: Անդրադառնալով «Թելեթոն-2014»-ի հիմնական նպատակը հանդիսացող Վարդենիս – Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման մասին` Բ. Սահակեան ատիկա բնութագրած է իբրեւ Արցախի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար ռազմաքաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական առանցքային նշանակութիւն ունեցող ծրագիր:
Բակօ Սահակեան Արցախին մատուցած ծառայութիւններուն համար բարերար Ճերալտ Թրփանճեանը պարգեւատրած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
Արցախի նախագահի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ ձեռնարկին մասնակիցներուն շարքին եղած են Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, Արցախի փոխ-վարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգսեան եւ այլ պաշտօնատարներ:

The post ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ »ԹԵԼԵԹՈՆ-2014«-ԻՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles