Արդէն երկու տարիներ անցած են այն տխրագին օրերէն, երբ Ամերիկահայութիւնը զրկուեցաւ աշխոյժ ներկայութենէն երեւելի զոյգի մը՝ յանձինս Թագուհի եւ Ալ Պէկեաններու, որոնց բարերար ազդեցութիւնը Ֆիլատելֆիոյ հայ գաղութին ու մասնաւորապէս Հայ Օգնութեան Միութեան վրայ, երկար ժամանակ պիտի յիշուի երախտագիտութեան ու կորուստի խոր զգացումներով։
Հ.Օ.Մ.ի «Արտեմիս» մասնաճիւղի նուիրեալ անդամուհի՝ աւելի քան վեց տասնամեակներ, Թագուհի -Քուի՛նի, բոլոր անոնց համար, որ ճանչցած ու սիրած են զինք — իր նոյնքա՛ն նուիրեալ կողակիցին, Ալպերթին հետ — ետին ձգած է կեանք մը ամբողջ լի մտահոգութեամբ ու հոգատարութեամբ՝ նուիրուած այն ամէն ինչին՝՝ որ Հայկական է եւ օգնութեան կարիք ունի. միաժամանակ պաշտպանելով, պահելով եւ բարձրացնելով հարազատ ու փորձուած արժէքներ, ջատագովելով մեր հազարամեայ բարքերն ու մշակոյթը։
Ոմանք պիտի յիշեն Քուինին, որպէս հաւատարիմ Հ.Օ.Մ.ուհի մը, որ ծայրայեղ բծախնդիր բնաւորութեամբ օժտուած, ուխտած էր իր ժամանակն ու միջոցները ի սպաս դնել Հայ Օգնութեան Միութեան եւ անոր ընդարձակ ու ծաւալուն տեղական, շրջանային ու համաշխարհային մարդասիրական ծրագրերուն։ Ուրիշներ՝ դրացիներ, բարեկամներ, ընկերներ, Հայ թէ օտար, պիտի յիշեն ժպտուն դէմքը, փոքրահասակ, վառվռուն, հաղորդականութիւն ունեցող, սեւահեր տիկին մը, որ բոլորին համար ազնիւ եւ ուշադիր խօսք մը ունէր։
Ընկերուհի Քուինին եւ ընկեր Պեկեանը կը պատկանէին այն անդրանիկ ամերիկածին սերունդին, որուն արմատները – տարագիր ծնողներու ճամբով — կու գային Արեւմտեան Հայաստանէն, իրենց ետին ձգած Թրքական Ցեղասպանութեան վայրագութիւնները, եւ ապաստան գտած Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Սերունդ մը, որուն ճակտի քրտինքով իրականացած վաստակին յարատեւ եւ առատաձե՛ռն նուիրաբերումով կանգնեցան ու պահպանուեցան նաե՛ւ անդրծովեան Հայ Համայնքները, որոնք տակաւին կը պայքարէին իրենց վրայէն թոթուելու 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան արհաւիրքին մղձաւանջը, եւ կը փորձէին վերաշինել իրենց խորտակուած կեանքերը, աւելի բարեացակամ երկնակամարներու ներքեւ։
Թագուհի — Երեք զաւակներէ մին — մեծցած էր Ֆիլատելֆիոյ մէջ իր եղբօր ու քրոջ հետ, աշխատաւոր ընտանիքի մը յարկին տակ, համտեսելով տնտեսական Մեծ Անկման (Great Depression) դժուարութիւնները, որոնք ստեղծուած էին Առաջին Աշխարհամարտէն ետք։ Գաղութի բոլոր երախաներուն նման, ան եւս յաճախած էր Շաբաթօրեայ Վարժարան, ուր սորված էր Հայերէն կարդալ ու գրել։
Շատ կանուխ, Քուինին յատուկ սէր ու փափաք ցոյց տուած էր երաժշտութեան, արուեստներու եւ թատրոնի. դժբախտաբար ընտանեկան անձուկ միջոցները չէին թոյլատրած բարձրագոյն վարժարան յաճախել ու մասնագիտանալ ա՛յն նիւթերուն մէջ, որ հետաքրքրած էին զինք, ներառեալ՝ բարձրագոյն մակարդակի Հայագիտութիւն։ Այնուամենայնիւ ընկհ. Քուինին, հարազատ իր լաւատես նկարագրին, յաջողած էր լաւապէÿս օգտուիլ այն ամէնէն, զորս կեանքը շնորհած էր իրեն — Իր շատ կանուխէն Հայ Օգնութեան Միութեան անդամուհի ըլլալուն շնորհիւ, ան եղաւ ու մնաց գործօն մասնակից մը եւ նուիրեալ պաշտպան մը մշակութային, դաստիարակչական, ու մարդասիրական աշխատանքներու, որոնց լծուած է Հ.Օ.Մ.-ը իր համաշխարհային ծրագիրերու ցանցով։
Քուինիին ամուսինը, Ալպերթ Պէկեանը — թունդ Դաշնակցական, Ընկ. Ա՛լը — հաւասարապէս նուիրեալ մը Հայկական մշակոյթի եւ բարօրութեան, մէկն էր երկու եղբայրներէ, երկու քոյրերով։ Մեծցած հայախօս ընտանիքէ ներս, Ալը սահուն կը խօսէր իր մայրենի լեզուն։ Երեկոները՝ յաճախած էր Տրէքսէլ Համալսարանը՝ ուսանելով մեքենագործական ճարտարագիտութիւն եւ ցերեկները՝ զբաղելով իր անձական գործով՝ որպէս հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստի գործիքներու մասնագէտ։
Ամերիկահայ գաղութային կեանքին մէջ իր ունեցած բազմակողմանի ծառայութիւններէն մէկը եղած է Պէկեան զոյգին երկար տարիներու ծառայութիւնը՝ Հայ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդին – միացեալ ծրագիր մը Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Արեւելեան Շրջանի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանին։ Օտար այս ափերուն վրայ, նոյն ճիւղին կապակցութեամբ, ընկ. Ալպըրթը, այլ բարերարներու կողքին — ինչպէս Երուանդ եւ Հելեն Թերզեանները — իր կեանքի բոլո՛ր տեւողութեան ընթացքին ցուցադրեց անսահման նուիրում Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանին հայաշունչ աշխատանքներուն։
Արդարեւ, Պէկեանները միշտ պիտի յիշուին Հ.Օ.Մ.ի հանդէպ իրենց բարոյական եւ նիւթական առատաձեռնութեամբ։ Քուինին աւելի քան 60 տարիներ ծառայած է Հ.Օ.Մ.ի «Արտեմիս» մասնաճիւղին, սկսեալ 1943էն մինչեւ իր մահուան օրը, 2012-ին, որպէս մասնաճիւղի ատենապետուհի, մի քանի անգամ ալ Շրջանայինի եւ Կեդրոնականի մակարդակով։ 1970-ին, Քուինին հիմնած է Հ.Օ.Մ.ի Կրտսերներու Օժանդակ մասնախումբը, բաղկացած երիտասարդ համալսարանական ուսանողուհիներէ, որոնք քաջալերած են Հ.Օ.Մ.ի Ամառնային Դասընթացքներու Ծրագիրը (ներկայի Երիտասարդները Միացնող Ծրագիրը՝ ճանչցուած որպէս Youth Connect Program)։
Զուգահեռ իր վարչական պարտականութիւններուն, որպէս տեւական կամաւոր Ֆիլատելֆիոյ Հայկազեան վարժարանին, այս երեւելի Հ.Օ.Մ.ուհին կազմակերպած է ու պատրաստած թատերական ներկայացումներ, երգահանդէսներ եւ այլ մշակութային ծրագրեր, արծարծելով իր Հայերէն երաժշտութեան ու բանաստեղծութեան անհուն սէրը
։
Մինչ ընկ. Ալպէրթ, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին – մինչեւ իր մահանալը 2011-ին -մնացած էր «Հայ Դատի» գործօն ջատագով, ու միաժամանակ ՀՅԴի եւ Հ.Օ.Մ.ի անդամ ըլլալով, ծառայած էր նաեւ որպէս շաղկապ Հ.Օ.Մ.ի եւ ՀՅԴ-ի Շրջանայինի Վարչութեանց միջեւ։ Ան վարած էր նաեւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի ատենապետի պաշտօնը։
Տարիներու ընթացքին, այլ աջակցութիւններու կողքին, Պէկեանները նուիրած են $50,000, ստեղծելու համար Հ.Օ.Մ.ի «Մօր-ու-Մանկան» Առողջապահական եւ Ծննդաբերութեան Կեդրոն՝ Ախուրեանի մէջ, Հայաստան – բարձրորակ մանկաբարձական խնամքի հաստատութիւն, որ օգնած է մանուկներու եւ կիներու մահուան թիւը պակսեցնելու, իր արդիական սարգաւորումներով ու արհեստավարժ, մասնագիտացած բժշկական պաշտօնէութեամբ։
Յիշելով Պէկեան զոյգը Ընկհ.. Անժէլ Մանուկեան, Հ.Օ.Մ.ի երկարամեայ ընկերուհի -ներկայիս Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ- կը նշէ զանոնք, որպէս իսկական նուիրեալ բարերարներ, «Իրենց ունեցած հարստութեամբ, անոնք կարող էին կեանքի շատ աւելի բարձր մակարդակով ապրիլ, բայց նախընտրեցին իրենց հարստութեան մեծ մասը թողուլ հայ ժողովուրդին» կը նշէ ան, «Անոնք իսկական պահապան հրեշտակներ էին, նուիրուած Հ.Օ.Մ.ի տեսլականին եւ առաքելութեան» Ընկ. Անժէլ կÿաւելցնէր, թէ մինչ Պէկեանները նուիրատւութիւններ կ՛ընէին բոլո՛ր Հայկական կազմակերպութիւններուն, սակայն իրենց անսասան հաւատքն ու խորունկ սէրը Հ.Օ.Մ.ին էր՝ մասնաւորապէս. աւելի՛ քան վեց տասնամեակներ կը նշէին զիրենք, որպէս յարատեւ սատարողներ Ֆիլատելֆիոյ Հայ համայնքէն ներս։
«Ընկ. Քուինի հոգ տարաւ «Արտեմիս» մասնաճիւղին, ինչպէս հոգ պիտի տանէր իր զաւակներուն», շարունակեց ան, «մի՛շտ ջանալով, որ երիտասարդներ միանան Հ.Օ.Մ.ի շարքերուն. մասնաճիւղը ընկերուհիներ ունի, որոնք մարզուած են իր կողմէ եւ արդէն իրենց 50 տարիները լրացուցած են» ամբողջացուց ան։
Որպէս ճանաչում եւ գնահատանք ամբողջ կեանք մը՝ նուիրաբերուած Հ.Օ.Մ.ին եւ անոր աշխարհով մէկ տարած աշխատանքներուն, Պէկեանները պարգեւատրուեցան Հ.Օ.Մ.ի հիմնադիրին անունը կրող «Ակնունի» արժէքաւոր մրցանակով:
Այս ակնառու զոյգին իրագործումներու մասին խօսելով, Ընկհ. Գարոլին Շամաւոնեան, Հ.Օ.Մ.ի «Արտեմիս» մասնաճիւղի 30 տարուայ ընկերուհի, եւ ներկայիս անդամ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, կը յիշէ ընկ. Քուինին, որպէս առաջնորդ մը, որ երբեք չէ դադրած իր թեւին տակ առնելէ զինք, եւ իր տարեկիցները, սորվեցնելու համար, իր այսպէս ըսած þՀ.Օ.Մ.-ի բոլո՛ր ծալքերը՚։ «Ամէն անգամ, որ ան հեռաձայնէր ինծի,» կÿըսէ ան, «միշտ կը պատմէր Հ.Օ.Մ.ի պատմութիւններ, ճշգրիտ մանրամասնութեամբ — պատգամաւորական եւ այլ ժողովներ ու նիստեր, ծրագիրներ ու բանաձեւեր…»։
«Թէեւ իր կեանքը կը թաւալէր Հ.Օ.Մ.ի շուրջ», ինչպէս դիտել տուաւ ընկ. Գարոլինը, «ընկհ. Քուինին մաս կը կազմէր նաեւ Տիկնանց Միութեան. կ՛երգէր Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Դպրաց դասուն մէջ. ան նաեւ եկեղեցւոյ շատ շնորհալի երգեհոնահարն էր», հաւաստեց Ընկհ. Շամաւոնեան, աւելցնելովÿ «Ընկհ. Քուինին եւ ընկ. Ալպէրթը, միասնաբար, իրենց ժամանակը կը նուիրէին Հայ Դատի աշխատանքներուն եւս։»
Ընկ. Շամաւոնեան կը յիշէ ընկհ. Քուինին որպէս կատարելութեան սիրահար իր բոլո՛ր աշխատանքներուն մէջ. ոչինչ կը խնայէր ձեռնարկ մը կամ ծրագիր մը յաջողցնելու։ Ան մասնաւորապէս կը յիշէ Ֆիլատելֆիոյ Հ.Օ.Մ.ի տօնակատարութիւն մը, երբ ինք ու ընկհ. Քուինին խոհանոցը կ՛աշխատէին, հաց կտրելով եւ կողովներով դուրս տանելով, սեղաններու վրայ զետեղելու Ընկհ. Գարօլին սկսած էր դուրս տանիլ կողովները, երբ ընկհ. Քուինին կը կեցնէ զինք եւ կ՛ըսէ, որ հացերը դուրս հանէ եւ բոլորը դէպի աջ կողմ դարձնէ։
«Ամէն բան պէտք է կատարեալ ըլլար իրեն համար։ Ամէն ինչ որ ան կ՛ընէր իւրայատուկ էր։ Քանի մը տարի առաջ երբ ես խոհանոցն էի եւ երիտասարդ մը նոյն բանը կ՛ընէր, կեցուցի զինք եւ ինքս ինձ մտածեցի թէ ե՛ս ալ Քուինի դարձած էի՚», յայտարարեց ընկ. Գարոլինը։
«Armenian Weekly»-ի երկարամեայ եւ ժողովրդական սիւնակագիրը, Թամ Վարդապետեանը , նշելով 2008-ի յօդուած մը, կը յիշէ Ընկ. Ալպերթին խօսքերը, «Կը հաւատամ այն բոլորի՛ն, որ այս կազմակերպութիւնը կ՛ընէ, բարեսիրութեան, կրթութեան եւ ընկերային ծառայութեան, եւ ամենայն հպարտութեամբ պիտի տօնակատարեմ անոր 100ամեակը 2010-ին։»
Քուինին եւ Ալը, մեր սիրելի Պէկեան զոյգը, թէեւ Ֆիզիքապէս մեր մէջ չեն այլեւս, սակայն անոնց մշտատեւ կտակը կ՛ապրի Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Շրջանի շարքերուն մէջ։ Իրենց կենդանի օրինակը որպէս բարերար, իրենց անհաւատալի առատաձեռնութիւնը եւ իսկական համեստութիւնը։ Որպէս նուիրեա՛լ Հ.Օ.Մ.ական կամաւորներ, անոնք յաւերժ կը մնան օրինակելի նախատիպ, գալիք նախանձախնդիր սերունդներուն։
Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութիւն
The post ԿԵԱՆՔ ՄԸ ԱՄԲՈՂՋ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Հ.Օ.Մ.Ի… Քուինի եւ Ալ Պէկեաններու Յարատեւող Ազդեցութիւնը մեր Միութեան եւ Ամերիկահայ Հասարակութեան վրայ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.