Ամերիկահայութիւնը միշտ ալ զանազան միջոցներով հասած է հայրենիքի բարորութեան. եւ այս տակաւին անցեալ դարու առաջին տասնամեակէն սկսեալ։ Այս պարագային ամերիկահայ ազգայինը մտահոգ առաւելաբար Հայաստանի Հանրապետութեան բնութեան ապականացմամբ ու անով յառաջացած լուրջ վտանգին առջեւ, պիտի չուզէր մնալ ձեռնածաւալ եւ չմտահոգուիլ մանաւանդ հայրենի մեր նոր սերունդին առողջական վիճակով։
Շրջանի, իրենց ասպարէզներուն մէջ յաջողած, միջին սերունդի ազգայիններ իրենց կողակիցներով ունեցան հանդիպում Տէր եւ Տիկին Չարլի եւ Տիանա Մխիթարեաններու Նիւ Ճըրզիի իրենց բնակարանին մէջ, Հոկտեմբեր 30-ին։
Pure Earth Նիւ Եորք հաստատուած ընկերութիւն մըն է որ կ՚երաշխաւորէ երկրագունդի զանազան շրջաններու ապականութեան վերացումը։ Մեծ ու փոքր, ճարտարարուեստական կամ ոչ, բոլոր երկիրներու մէջ այս ամերիկեան ընկերութիւնը կը տանի մարդասիրական լուրջ աշխատանք։ Ուաշինկթընի Միջազգային Դրամատունն ու Նիւ Եորքի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը նիւթական հատուցումներ կ՚ապահովեն այս ընկերութեան կատարած ներդրումներն ու ծախսերը։
Արդ Մխիթարեաններ մտահոգ Հայաստանի Ախթալա գիւղաքաղաքի ապականացած հողէն, հրաւիրեցին իրենց սրտամօտիկ ազգայինները այս լուրջ ծրագրին համար կազմակերպելու նուիրահաւաք։ Մանաւանդ Ախթալայի եկեղեցւոյ վայրը, ուր զանազան եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին մեծ թիւով հայեր կ՚այցելեն, կարելի է համարել ամենէն անապահով վայրը այդ շրջանին, ուր տարիներու ընթացքին հանքային արդիւնաբերութեամբ արտահանուած թունաւոր արսենիք եւ այլ վտանգաւոր մետաղներով ու կազերով բաղկացած հողով լեցուած է, պատճառ դառնալով` զանազան ֆիզիքական ու մտային հիւանդութիւններու եւ խախտումներու։ Նման պարագայի մը Ամերիկայի մէջ այդ վայրը հանրութեան համար որպէս վտանգաւոր միջավայր, անկասկած, պիտի փակուէր։
Ախթալայի հողը կապարի եւ արսենիքի բաղադրութեամբ բնականոն համաշխարհային չափանիշներէն յաջորդաբար 76 եւ 25 անգամ աւելի է։ Ի վերջոյ, այս պատճառ դարձած է որ Ախթալայի մանուկներուն եւ պատանիներուն 84 տոկոսը արեան հետ կապուած լուրջ առողջական հարցեր ունենան։
Հիւրընկալը` Տայանան ներկայացուց Ընկերութեան խօսնակը` Ճէն Մարաչչինօ, որ կու տար լայն բացատրութիւններ տեսաերիզի վրայ։ Ան այցելած է յիշեալ վայրը եւ հասատատած` որ 40 հազար տոլարով կարելի պիտի ըլլար մաքրել շրջանի ապականած հողը եւ որուն 23 հազար տոլարը միայն կը մնար հանգանակելու։ Մասնաւոր ապահովուած տարազներով, կարելի պիտի ըլլայ գործի մղել տեղւոյն բնակչութիւնը այդ աշխատանքը կատարելու համար, անշուշտ վարձատրելով զանոնք աշխատավարձքով։
Խօսնակը յայտարարեց որ նման այլ վայրեր եւս կան Հայաստանի տարածքին, որոնք նման դարմանումի կարօտ են։
Լուրջ եւ անյետաձգելի նախաձեռնութիւն մը` փրկելու մեր կտոր մը հայրենիքը եւ վերադարձնելու առողջ մարմինը մեր նոր սերունդին։
The post ՀԱՆՔԱՅԻՆ ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅՐԵՆԻ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.