Արցախի հարաւակողմը եւ Իրանի սահմանէն հազիւ 7 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ Արաջամուղ գիւղը հաստատուեցաւ 2004-06 թուականին շնորհիւ Նիւ Եորքի Թիւֆէնքեան Հաստատութեան գործակցութեամբ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գաղթականաց գրասենեակին։ Այսօր գիւղը ունի 85 հայ բնակիչներ 19 բնակարաններու մէջ, մեծաւ մասամբ գաղթած Պաքուէն եւ Ղարաբաղի տարբեր շրջաններէն։ Ունի մանկապարտէզ մը եւ ընկերային հաւաքավայր մը։
Արեւմտեան Ամերիկայի “Արցախ“ Հիմնադրամը ծրագրած է ընդլայնել գիւղը` բարձրացնելով բնակարաններուն թիւը 50ի, ինչպէս նաեւ` նախնական օգնութեան դարմանատուն մը հաստատել։ Հիմնադրամը մաս կը կազմէ Հայկական Մշակութային Ընկերակցութեան եւ որ կը հովանաւորուի Հ.Յ.Դ.-ին կողմէ։
Հիմնադրամը Նոյեմբեր 9-ին հրաւիրեց Նիւ Եորքաբնակ ծանօթ ազգայիններուն ներկայացնելու Արաջամուղ գիւղի նոր ծրագիրը եւ խորհրդակցելու զայն հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու միջոցներուն մասին։
Ծանօթ ազգային գործիչ եւ Թիւֆէնքեան Հաստատութեան Հայաստանի եւ Արցախի ծրագիրներու տնօրէն Անդրանիկ Գասպարեան հակիրճ կերպով ներկայացուց քաղաքական եւ ռազմագիտական նշանակութիւնը այս գիւղին, որ կը գտնուի ազատագրուած հողերուն կարեւոր մէկ շրջանին մէջ սահմանակից հարաւէն` Իրանի, որ Արաքս գետը կը բաժնէ եւ արեւելքէն` Ատրպէյճանի։
Այնուհետեւ, այս ծրագրին պատասխանատուն Ալեքս Սարաֆեան տուաւ մանրամասնութիւններ ընդլայնման ծրագրին շուրջ։ Նախնական համաձայնութիւն մը գոյացած է Արցախի կառավարութեան հետ եւ Արաբական Ծոցէն պիտի ներածուին նախակազմուած բնակարաններ։ Արդէն քանի մը տասնեակ ընտանիքներ պատրաստ են գալու գիւղ եւ հաստատուելու իրենց ընտանիքներով։ Գիւղը ունի նաեւ իր գիւղապետը, որ շրջանի այլ հայաբնակ վայրերուն հետ մնայուն յարաբերութեան մէջ է, ինչպէս` Հադրութի շրջանային վարչութեան հետ։ Գիւղը երկրագործական շրջան մը ըլլալով բերրի է եւ մանաւանդ նռաստաններով հարուստ։
Ընդհանուր ծրագրին առաջին մասը պիտի արժէ մօտ քառորդ միլիոն տոլար. Իւրաքանչիւր բնակարանի համար` 25 հազար տոլար։ Յաջողութեամբ պսակուելէ ետք Հիմնադրամը պիտի ձեռնարկէ երկրորդ եւ երրորդ բաժիններու կառուցման աշխատանքներուն։
Առաջամուղը մօտ ըլլալով հայկական ռազմական խարիսխի մը, կ՚երաշխաւորէ ապահովութիւնը գիւղացիներուն։
Տրուած հարցումներուն գոհացուցիչ ու համոզիչ պատասխաններ տրուեցան պատասխանատուներուն կողմէ։
The post ԿՈՉ ՕԳՆԵԼՈՒ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՇՐՋԱՆՆԵՐԷՆ ԱՐԱՋԱՄՈՒՂ ԳԻՒՂԻ ԸՆԴԱՐՁԱԿՄԱՆ ԾՐԱԳՐԻՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.