Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԸ ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ ՌԱՔԷԼ ՏԻՆՔԸ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
r.dink
 Հոկտեմբերին, Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքէլ Տինք յատուկ հրաւէրով մը կը գտնուէր Նիւ Ճըրզի, ուր մասնակցեցաւ Ramapo Collegeի մէջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութեան նուիրուած հանրային հաւաքի մը։

Ի պատիւ Ռաքէլ Տինքին, Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը ընկերային հաւաք մը կազմակերպեց Տէր եւ Տիկին Ալեքս եւ Դալար Սարաֆեաններու  բնակարանէն ներս։

Հաւաքը ընթացաւ ընկերային մթնոլորտի մէջ։ Հոն ներկայ էին նաեւ  Համազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Հրայր Պարոնեան, ինչպէս նաեւ Գերմանիայէն նոյն առիթով ժամանած Համպուրկի համալսարանի դասախօս Իշխան Չիֆթճեան։

Համազգայինի վարչութեան ատենապետուհի Անի Չաղլասեան բոլորին անունով շնորհակալութիւն յայնեց Տիկին Տինքին այս հրաւէրին ընդառաջելուն համար եւ զինք պատուեց Արցախցի արուեստագէտ Ռուտիկ Պետրոսեանի մէկ գեղանկարով։ Ապա հրաւիրեց զինք, որ պատմէ իր ապրած փորձառութիւններուն մասին ու իր սրտին խօսքը փոխանցէ։

Տիկին Տինք իր զրոյցը սկսաւ իր մանկութեան տարիներէն։ Ինք զաւակն էր Մէրտինի մէջ ապրող քրտախօս հայ ընտանիքի մը, որոնք իրենց զաւկին հայերէն սորվեցնելու հեռանկարով, ութ տարեկանէն զինք ղրկած են Ստամպուլի արուարձաններէն՝ Թուզլայի կղզիին վրայ գտնուող հայ աւետարանակններու Թուզլայի որբանաոց-գիշերօթիկը, կամ ինչպէս տեղացիները կը կոչեն՝ Քէմփ Արմէն։ Ռաքէլ երբ հոն հասած է, թրքերէն կամ հայերէն լեզուներուն բնաւ ծանօթ չէ եղած։

Հոն առաջին անգամ հանդիպած է տասնմէկ տարեկան Հրանդին։

Հրանդի եւ Ռաքէլի սէրը ծածուկ եղած է։ Պահպանողական այդ միջավայրին մէջ դպրոցին պատասխանատուները փորձելով չբացայայտել գաղտնիքը՝ «ջութակ» եւ «դաշնակ» ծածկանուններով անուանած են Հրանդն ու Ռաքէլը։ Յետագային, Հրանդ «Ջութակ»ը գործած է որպէս լրագրական ծածկանուն՝ գրելով քննադատական յօդուածներ Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող հայոց մասին գիրքերու դէմ։

Տիկին Տինք պատմեց թէ ինչպիսի հայապահպանման աշխատանք տարած էին Թուլզայի գիշերօթիկի այդ օրուայ պատասխանատուները՝ Հրանդ Կիւզէլեան եւ Պատրիարք Շնորհք, որոնց ջանքերով մեծ թիւով թրքախօս ու քրտախօս հայ մանուկներ հայերէն սորված եւ օտարացումէ փրկուած են։

Յետագային Հրանդ եւ Ռաքէլ Տինք ստանձնած են  Թուլզայի գիշերօթիկի եւ քէմբի վարչութիւնը։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը «քէմբին մէջ հայ մարտիկներ կը մարզուին» մեղադրանքով ձեռք դրած են  Թուլզայի կալուածներուն վրայ։ Ռաքէլ սրտի խոր կսկիծով պատմեց թէ ինչպէս թրքական կառավարութիւնը կալուածին պատկանելութիւնը վերադարձուցած է անոր նախկին թուրք տիրոջը (որմէ հայ համայնքը օրինաւոր կերպով գնած էր) թոռան։ Վերջինս չհաւատալով իրեն ինկած անակնկալ ժառանգին, որուն գոյութեէնէն իսկ տեղեակ չէր, զայն ծախած է ուրիշի։ Կալուածը վեց անգամ ծախուած է տարբեր անձերու, որոնք բոլորն ալ լսելով անոր ետին թաքնուած տխուր պատմութիւնը, չեն կրցած որեւէ ձեւով շահարկել զայն։ Եւ այսպէս, կալուածը մնացած է լքուած ու անտէր։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այսօր Ռաքէլ որո՞ւ մէջ կը տեսնէ Հրանդը, ո՞վ զինք կը փոխարինէ, ան շատ կտրուկ կերպով պաստախնեց թէ ոչ մէկը կրնայ փոխարինել Հրանդը, ոչ մէկը կրնայ անոր տեղը լեցնել։ Ապա անդրադառնալով հարցումին աւելի խորքային իմաստին, աւելցուց թէ Հրանդին գործին շարունակութիւնը կը տեսնէ ամէն տեղ, ընտանիքի անդամներուն մէջ, գաղութին մէջ եւ այլուր։

Այդ երեկոյ Տիկին Տինքը ոչ միայն դաւադիր սպաննութեամբ մը իր ամուսինը կորսնցուցած այրի կին մըն էր, այլ ան ներկայացուցիչն էր իրաւազուրկ եւ խտրականութեան զոհ քաղաքացիի մը, որուն հաւասարութեան եւ արդարութեան ձգտող պայքարը տակաւի՛ն կը զարնուի խուլ պատերու, եթէ նկատի չառնենք աչքի փոշի ցանող «բարեփոխումներ»։

Այս հոգեպարար երեկոն բացումը եղաւ Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի Մասնաճիւղին աշնանային վերամուտին։   Համազգայինը, միշտ հաւատարիմ իր առաքելութեան, անգամ մը եւս մեծարեց հայ մշակոյթի ու ինքնութեան պահպանման ծառայող մը։

 

ԱՆԻ ՓԱՆՈՍԵԱՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Նիւ Ճըրզի

The post ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԸ ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ ՌԱՔԷԼ ՏԻՆՔԸ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles