ՊՈՍԹԸՆ.- Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան Հիւսիսային Ամերիկա իր այցելութիւններուն ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22-ին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Օշական Արք. Չոլոյեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական գրասենեակը, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ Կեդրոնական վարչութեան եւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի վարչութեան անդամներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Սուրիահայ համայնքը յուզող հարցերը: Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Հայ Օգնութեան Միութեան մարդասիրական գործունէութիւնը Սուրիոյ տարածքէն ներս, որ կ՛իրականանայ Հ.Օ.Մ.-ի աշխարհասփիւռ միաւորներուն եւ համակիրներուն ճիգերով:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանրային հաւաք՝ Հայ Օգնութեան Միութեան Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Ուոթըրթաունի Լէօլա Սասունի եւ Գէյմպրիճի Շուշի մասնաճիւղերուն կազմակերպութեամբ: Սրբազան Սարգիսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան տարած աշխատանքներուն, նշելով, թէ Հ.Օ.Մ.-ը եղաւ առաջին կազմակերպութիւնը, որ տագնապի սկզբնական օրերէն իսկ, կարողացաւ հասնիլ Սուրիահայ համայնքի կարիքներուն, ըլլան անոնք կրթական, ընկերային, թէ՛ առողջապահական:

Բարեջան Առաջնորդները՝ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանային վարչութեան եւ Պոսթընի մասնաճիւղերուն անդամներուն հետ:
Սրբազան Հայրը՝ առ ի երախտագիտութիւն Հ.Օ.Մ.-ի կողմէ Սուրիահայութեան յատկացուած անմիջական օժանդակութիւններուն, Հայ Օգնութեան Միութեան շնորհեց «Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան Շքանշան»ը:
Ի պատիւ Հայ Օգնութեան Միութեան համահայկական ընտանիքին նուիրեալ եւ աննկուն աշխատանքին, ՀՕՄի կառոյցը վերջին չորս տարիներուն ընթացքին, կարողացաւ թիկունք կանգնիլ Սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն:
Հարկ է նշել, թէ Հ.Օ.Մ.-ի կրթական, ընկերային եւ մարդասիրական այլ օժանդակութիւններու ծրագիրներուն ընդմէջէն, մինչ օրս, Միութիւնս կէս միլիոն ամերիկեան տոլար յատկացուցած է Սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրներուն իրագործման նպատակով: Այս առթիւ, Կեդրոնական վարչութիւնը, իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Հ.Օ.Մ.-ի բոլոր միաւորներուն, անդամներուն եւ համակիրներուն, որոնց աջակցութեամբ կազմակերպութեանս նախաձեռնութիւնները յաջողութեամբ կը գործադրուին:
Այս առթիւ, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի՝ Վիգի Մարաշլեան կը նշէ. «Բերիոյ Հայոց Թեմի կողմէ Հ.Օ.Մ.-ին պարգեւատրուած այս շքանշանը, արդիւնքն է Միութեանս միասնական եւ համատեղ աշխատանքին: Կը վստահեցնենք, որ մարդասիրական օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի, այնքան ատէն, որ Սուրիահայ մեր քոյրերն ու եղբայրները մեր Միութեանը կարիքը կը զգան այս ծանր օրերուն: Կեդրոնական վարչութիւնը նոր թափով պիտի շարունակէ մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրներու իրագործումը՝ ի շահ Սուրիահայ համայնքին գոյատեւմանը»:
The post Հ. Օ. Մ.-Ը ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻ՝ «ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆ»ՈՎ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.