ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24-ին Մ.Ա.Կ.-ի Ընդհանուր Ժողովին առաջ ելոյթ ունեցաւ Հ.Հ. նախագահ Պրն. Սերժ Սարգսեան։ Ան բարձրաձայն յայտնեց որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը նախաձեռնարկ եղած էր հայ-թուրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին, սակայն պաշտօնական Անգարային ապակառուցողական դիրքորոշումին պատճառով Հայաստան ստիպուած կ՚ըլլայ վերատեսութեան ենթարկել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները խորհրդարանէն ետ կանչելու հարցը։
Պարոն նախագահը Ընդհանուր Ժողովին ուշադրութեան յանձնեց նաեւ վերջերս Տէր Զօրի մէջ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ականահարման տխուր արարքիներուն մասին, ինչպէս նաեւ` Ղարաբաղեան հարցին արագ կարգաւորման պարագան։
Մասնաւոր հրաւէրովը Հ.Հ. Մ.Ա.Կ.-ի մօտ մշտական ներկայացչութեան` Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան այս ելոյթին ներկայ գտնուեցան Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի բարեխնման առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեան, Կիլիկեան Թեմի առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան, Հայ Աւետարանակչական Միութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչ Նուրհան Պեչիտեան, բարերար Սեդրակ Դաւիթեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Յակոբ Վարդիվառեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ներկայացուցիչ Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան, Ամերիկայի Հայկական Համագումարի վարիչ տնօրէն Պրայըն Արտունի, Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Սարաճեան, Հայաստանի Օգնութեան Ֆոնտի վարչութեան ատենապետ Ռենտի Սապահ-Կիւլեան եւ Ցեղասպանութեան Կեդրոնական Մարմնի ատենապետ Խորէն Պանտազեան։
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի շքախումբին մաս կը կազմէին արտաքին գործոց նախարար Էտուըրտ Նալպանտեան, Ուաշինկթընի մօտ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սարգիսեան, Մ.Ա.Կ.ի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Զօհրապ Մնացականեան եւ նախագահի անձնակազմի տնօրէն Վիգէն Սարգիսեան։
Հանրապետութեան նախագահը հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ պիտի ունենայ առանձին հանդիպում Սեպտեմբեր Սեպտեմբեր 26, Ուրբաթ կէսօրին Նիւ Եորքի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր Տաճարի համալիրին Գավուքճեան հանդիսասրահին մէջ։
ԹՂԹԱԿԻՑ
The post ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ Մ.Ա.Կ.-Ի ՄԷՋ ՈՒՆԵՑԱԾ ԵԼՈՅԹԻՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.