Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Լուրեր Նիւ Եորքէն.-   ՊԱՐԷՏ ՄԱՐՈՆԵԱՆԻ “1915-Ի ԿԻՆԵՐԸ“

$
0
0

bared

 

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

 

Արդէն դարձած է հանրայայտ անուն մը հայ սփիւռքի տարածքին, իր կատարած խիստ կարեւոր աշխատանքով. վաւերագրական սեսաերիզներով ցոյց տալու հայկական ողբերգութիւնը` տեղահանութիւնն ու ցեղասպանութիւնը։  Պարէտ Մարոնեան գրկբացօրէն ընդունուեցաւ բոլորի´ն կողմէ։  Ան իր առաջին գործով իսկ “Ցեղասպանութեան Որբերը“ ներկայացումով թրջեց աչքերը բազմահարիւր հայ հանդիսականներուն, որոնք արդէն դարձած են երրորդ սերունդ ցեղասպանութեան վերապրողներու։

 

Պէյրութէն մինչեւ Ամերիկայի ամէն անկիւն` ուր կ’ապրին հայեր խուռներամ եկան դիտելու Պարէտի բացայայտող այն պատկերները, որոնք եղան ճակատագիրը 1915ի սուրբ նահատակներուն։  Արդէն անոնք սրբացած էին այդ օրերուն իսկ, հայ քրիստոնէութեան ամուր կառչելու անսասան իրենց հաւատքին համար, անտասելով ամէն զրկանք ու չարչարանք յանուն իր հաւատքին։

 

Պարէտ, ահա´ կը ներկայանայ ցեղասպանութեան դարադարձին` 2015ին, նոր հեղինակութեամբ մը` “1915ի կիները“, հայ կիները։

 

Սեպտեմբեր 13, 2014, Շաբաթ երեկոյեան ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Էտուըրտ եւ Գարմէն Կիւլպէնկեաններու Նիւ Եորքի ապարանքին մէջ ցուցադրուեցաւ նախապատրաստական արձանագրութիւնը այս նոր արտադրութեան։  Հաւաքուած էին ծանօթ ազգայիններ եւ ներկայացուցիչներ Թէքէեան Մշակութային եւ Հայ Օգնութեան միութիւններէն որպէս նախաներկայացում ունկնդրելու այն ծրագիրը, որուն պատրաստութեան համար ան կ’աշխատի իր բնակավայրէն` Ֆլորիտայէն։

 

Հայ կինը իր բոլոր երեսներով. մայրը, գեղջուկը, հայրենասէրը, ֆէտային, հասարակական գործիչը, ուսուցիչը, դիւանագէտը, արուեստագիտուհին … եւ վերջապէս գաղթական հայ մայրը` ծոցին շալկած իր զաւակը, երբեմն առանձինն անապատի աւազին վրայ քալելով մինչեւ Եփրատի ափերը … խօսելով ու երգելով իր զաւկին հայերէն  լեզուով, որպէսզի ան չմոռնայ իր մայրենին։

 

Այս վաւերագրական ժապաւէնն է 1915ի տառապեալ հայ իգական սեռին, իր բոլոր երեսներովը։  Աննման աշխատութիւն մը, որ կը կարօտի բոլորիս անմիջական օժանդակութեան, նիւթական ներդրումին եւ այնուհետեւ տարածումի աշխատանքին։  Վերջապէս ամէն հայու գուրգուրանքին արժանի աշխատանք մը, որուն համար միայն կրնանք շնորհակալ ըլլալ հեղինակէն`  Պարէտ Մարոնեանէն։

 

The post Լուրեր Նիւ Եորքէն.-   ՊԱՐԷՏ ՄԱՐՈՆԵԱՆԻ “1915-Ի ԿԻՆԵՐԸ“ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles