ԱԹԷՆՔ.- Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 22-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Յունաստան։
Աթէնքի օդակայան ժամանումին, վեհափառ հայրապետը արժանացաւ պաշտօնական դիմաւորութեան, Յունաստանի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ մետրոպոլիտին, Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչին, Հայաստանի ու Լիբանանի դեսպաններուն եւ հայ յարանուանութեանց ու ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Ժամանած օրն իսկ, Արամ Ա. կաթողիկոս ուղղուեցաւ դէպի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը, ուր ան ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արք. Երոնիմոս Բ.ին կողմէ: Արքեպիսկոպոսարանի դահլիճին մէջ շրջապատուած հոգեւորականներով, Երոնիմոս Արքեպիսկոպոս յատուկ ուղերձով ողջունեց վեհափառին Յունաստան այցելութիւնը: Իր ուղերձին մէջ ան յիշեց Արամ Ա.ի դերը միջ-եկեղեցական աշխարհէն ներս եւ աստուածաբանական երկխօսութեանց զարգացման մէջ, զինք նկատելով քրիստոնեայ աշխարհի աչքառու անձնաւորութիւններէն մէկը: Արքեպիսկոպոսը նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութեանց եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց շրջանի եկեղեցիներուն նկատմամբ: Խօսելով հայ եւ յոյն եկեղեցիներու մասին, ան յիշեց որ պատմական կապերով ամրապնդուած են մեր եկեղեցիներուն գործակցութիւնը: Արքեպիսկոպոսը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Յունաստանի հայութեան բերած դրական մասնակցութեան Յունաստանի զարգացման ու յառաջդիմութեան:
Ի պատիւ վեհափառին, Յունաստանի եկեղեցւոյ պետը ճաշկերոյթ սարքեց, որուն ներկայ էին Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան, կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, հայ եւ յոյն հոգեւորականներ:
Պատասխանելով Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին ջերմ խօսքերուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր կարգին անդրադարձաւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներուն միջեւ տեղի ունեցող դարաւոր գործակցութեան: Ան ըսաւ, որ պայմաններու բերումով աստուածաբանական տարբեր տեսակէտներ բաժնեցին մեր եկեղեցիները, սակայն հիմնական հարցերու շուրջ մենք որդեգրեցինք նոյն մօտեցումները: Շարունակելով իր խօսքը, վեհափառը ըսաւ, որ հայ եւ յոյն ժողովուրդները հասարակաց արժէքներով ու աւանդութիւններով սերտացած են: Անոնք միասին տառապեցան թրքական օսմանեան լուծին տակ ու ենթարկուեցան ցեղասպանութեան: Հետեւաբար այսօր, հայ եւ յոյն ժողովուրդներն ու եկեղեցիները կոչուած են միասնաբար պայքարելու, ի խնդիր մարդկային իրաւանց ու արդարութեան: Կաթողիկոսը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց հայ համայնքին նկատմամբ Յոյն եկեղեցւոյ ցուցաբերած աջակցութեան ու նախանձախնդրութեան համար:
Երկու հոգեւոր պետերու պաշտօնական խօսքերու աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում:
Վեհափառը այցելեց Թեսաղոնիկէ, ուր ժոովրդային դիմաւորումով ընդունուեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Գոմոթինիի մէջ Տիեզերական Պարթոլոմէոս Պատրիարքին հետ հանդիպումէն առաջ, մի քանի ժամուայ համար Ան այցելեց Ալեքսանտրուպոլիս, ուր քաղաքի օդակայանին մէջ ջերմ դիմաւորութեան արժանացաւ քաղաքի Մետրոպոլիտ Տ. Անթիմոսի, քաղաքական, զինուորական եւ հայ գաղութի զաւակներուն կողմէ: Ալեքսանտրուպոլսոյ մէջ յոյն եւ հայ առաջնորդներուն ու ժողովուրդին ընկերակցութեամբ պատուիրակութիւնը ժամանեց յունական Առաջնորդարան: Կանոնական աղօթքի աւարտին, Անթիմոս Մետրոպոլիտը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին:
Վեհափառին այցելութիւնը պիտի տեւէ տաս օր: Ան պիտի այցելէ թեմի եկեղեցիները, հանդիպումներ ունենայ պատկան մարմիններուն հետ, նախագահէ ազգային-եկեղեցական տօնակատարութեանց եւ իր պատգամը ուղղէ ժողովուրդին:
The post ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ`ԱՅՑԵԼԷ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.