Կիրակի, Սեպտեմբեր 21-ին, երբ Հայաստան կը տօնէր վերանկախացման 23-ամեակը…Տէր Զօրի մէջ, Իսլամական Պետութեան զինեալներ պայթեցուցին Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին:
Նախապէս, արդէն իսկ սրբապղծուած եւ թալանուած էր, Հայոց Ցեղասպանութեան ի յիշատակ կառուցուած այս եկեղեցին:
Ահաբեկիչները չեն արտօնած, նկարել աւերուած եկեղեցին, որ գրեթէ ամբողջութեամբ վնասուած է եւ անկէ կանգուն մնացած է միայն գմբէթը:
Արամ Ա. կաթողիկոս խոր ցաւով անդրադարձաւ Տէր Զօրի եկեղեցւոյ ականահարման մասին: Վեհափառ հայրապետին հասած տեղեկութեանց համաձայն, այս պատահածը ծրագրուած ոճիր մըն է կատարուած՝ Տէր Զօրի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած եկեղեցւոյ, անոր կից գտնուող թանգարանին եւ համալիրին:
Երեւանը խստիւ դատապարտեց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ ականահարումը ահաբեկիչներուն կողմէ:
“Խստօրէն կը դատապարտենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած, Մեծ եղեռնի բազմաթիւ նահատակներու մասունքները ամփոփող Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ ականահարումը ահաբեկիչներուն կողմէ“, յայտարարեց Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան:
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ դեսպանատունը կը միանայ Հայաստանի կառավարութեան ու ժողովուրդին` խստիւ դատապարտելով Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքին մէջ Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ աւերումը:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. “Այս անմիտ աւերածութիւնը դարձեալ կը փաստէ Իսլամական պետութեան ահաբեկչական կազմակերպութեան բացարձակ քամահրանքը Միջին Արեւելքի հարուստ կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ: Ինչպէս նշած է Արտաքին Գործոց նախարար Քերրին, Իսլամական Պետութիւնը համակարգուած կերպով կատարած է մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի խախտումներ եւ կը հանդիսանայ համաշխարհային ահաբեկչական սպառնալիք: Այս սպառնալիքին դէմ դնելու համար Միացեալ Նահանգներ կոչ կ՛ուղղեն միջազգային ընտանիքին ամրապնդելու միասնական ջանքերը` կազմալուծելու եւ վերացնելու Իսլամական Պետութիւնը“:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, նշեց, որ բաւական հիմքեր կան, որ Թուրքիա
մեղսակից է այդ բարբարոսութեան:
The post ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՒԵՐՈՒԱԾ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.