ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 11-ին, քրիստոնէական համաժողովին մասնակցող Միջին Արեւելքի Մարոնի, Հայ, Ասորի, Յոյն Կաթոլիկ եւ Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, Սպիտակ Տան մէջ, շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպում ունեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամային հետ: Հանդիպումին ներկայ էին, նախագահի ապահովական հարցերու խորհրդականը, ինչպէս նաեւ այլ խորհրդականներ:
Պատրիարքներուն առաջարկով, Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսք առնելով, նախ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց, 13 տարիներ առաջ, Սեպտեմբեր 11-ին, Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններու զոհերուն, եւ ապա յիշեց, թէ ահաբեկչութիւնը տարբեր ձեւերով ու արտայայտութիւններով կը շարունակուի աշխարհի զանազան շրջաններէն ու յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ շրջանէն ներս հետզհետէ ծաւալ ստացող ահաբեկչական շարժումը, միայն վտանգ մը չէ քրիստոնեաներուն, այլ նաեւ իսլամութեան եւ համայն աշխարհին համար: Հետեւաբար, այս համամարդկային չարիքը պէտք է դիմագրաւել հաւաքական ճիգերով: Այս ծիրէն ներս, արաբ ու իսլամ պետութիւններու մասնակցութիւնը կենսական է, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան ըսելով, թէ քրիստոնեաները եկւոր չեն, երկրորդ կարգի քաղաքացիներ չեն, այլ անոնք իրենց արմատները Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ ունին: Նորին Սրբութիւնը ողջունեց, օր մը առաջ նախագահ Օպամային արտասանած խօսքը եւ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը, միացեալ ճիգերով կասեցնելու ահաբեկչական շարժումները:
Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսքէն ետք, պատրիարքները յաջորդաբար հակիրճ կերպով իրենց մտահոգութիւնները պարզեցին, յատկապէս Իրաքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու կացութեան մասին: Ապա, Րայի Պատրիարքը, նախապէս հոգեւոր պետերուն կողմէ պատրաստուած նամակը, փոխանցեց նախագահ Օպամային:
Նախագահ Օպամա իր կարգին խօսք առնելով, լայն կերպով անդրադարձաւ իր պատգամին մէջ յիշուած կէտերուն, շեշտելով թէ խղճի ազատութիւնը ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան համար կը մնայ առաջնահերթութիւն:
The post ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ .- ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱԽԱԳԱՀ ՕՊԱՄԱՅԻՆ ՊԱՐԶԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.