ԵՐԵՒԱՆ (Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան).- Սեպտեմբեր 15-ին, Ընկերվար Միջազգայնականի Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան, Կովկասի եւ Սեւծովեան յանձնախումբի հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ Ղազախստանի մայրաքաղաք՝ Ասթանայի մէջ, տեղւոյն Համազգային Ընկերվար Ժողովրդավար կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ։
Ժողովին մասնակցեցան ներկայացուցիչներ՝ Մոլտովայի, Պելառուսիայէն, Ուքրայինայէն, Ռուսաստանէն, Ղազախստանէն, Հայաստանէն, Տաճիկիստանէն, Ատրպէյճանէն եւ Հունգարիայէն։ Ներկայ էր նաեւ Ընկերվար Միջազգայնականի գլխաւոր քարտուղար Լուիս Այալան։
Ժողովին մասնակից Հ.Յ.Դ. պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը։ Ժողովի համանախագահներն էին Ալեքսանտրա Տոպոլին (Հունգարիա) եւ Արմէն Ռուստամեան:։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ղազախստանի Համազգային Ընկերվար Ժողովրդավար կուսակցութեան ղեկավար Ժարմախան Տույաքպայը:
Առաջին օրակարգը կը վերաբերէր տարածաշրջանէն ներս հակամարտութիւններուն եւ խաղաղութեան որոնման ճիգերուն։ Գլխաւոր նիւթը՝ Ուքրայինայի մէջ, իրադարձութիւններն էին։ Ելոյթ ունեցան Ուքրայինայի Ընկերվար Ժողովրդավար կուսակցութեան, “Արդար Ռուսաստան“, Հ.Յ.Դ. (Արմէն Ռուստամեան) եւ այլ կուսակցութեիւններու ներկայացուցիչները։
Ընկերվար Միջազգայնականը կը համախմբէ աւելի քան 140 երկիրներու 170 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ։
Ա.Պ.Հ. երկիրներու կուսակցութիւններէն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ունեցող առաջին կուսակցութիւնն է։ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը փոխնախագահ է, իսկ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Հովհաննիսեանը՝ Ա.Պ.Հ., Կովկասի եւ Սեւ Ծովեան երկիրներու յանձնախումբի համանախագահ։
Իսկ Հ.Յ.Դ. համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականին եւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան:
The post Հ.Յ.Դ. ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՍԹԱՆԱՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.