Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՐՒԻՒՐ ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ ԵԶԻՏԻՆԵՐՈՒՆ

$
0
0

yez
Սեպտեմբեր 2-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Մ.Ա.Կ-.ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան ներկայացուցիչ Քրիսթոֆ Պիերվիթին յանձնեց նոյն գրասենեակի դրամատնային հաշիւին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ Իրաքի մէջ ծայրայեղականներու գործողութիւններուն հետեւանքով տուժած եւ իրենց բնակավայրերէն տեղահանուած եզիտիներուն օգնութիւն տրամադրելու նպատակով հարիւր հազար տոլարի վճարման գիրը:
Արարողութեան ներկայ եղան Հայաստանի մէջ Մ.Ա.Կ.-ի մնայուն համակարգող Պրետլի Պուզեթօ, Եզիտիներու ազգային միութեան նախագահ Ազիզ Թամոյեան, Հայաստանի եզիտիներու հոգեւոր առաջնորդ շէյխ Բրօ Հասանեան: Պրետլի Պուզեթօ գնահատեց Հայաստանի մարդասիրական քայլը եւ համերաշխութիւնը` ցեղասպանութեան սպառնալիքի առջեւ յայտնուած Իրաքի փոքրամասնութիւններուն հետ: Հայաստանի կառավարութիւնը Օգոստոս 21-ի նիստին որոշած էր Իրաքի` ներքաղաքական բախումներուն հետեւանքով տուժած եւ իրենց բնակավայրերէն տեղահանուած եզիտիներուն իբրեւ օգնութիւն յատկացնել հարիւր հազար ամերիկեան տոլար:

The post ՀԱՐՒԻՒՐ ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ ԵԶԻՏԻՆԵՐՈՒՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles